Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
|
|
ԱՐՑԱԽԸ ՄԵՐՆ Է, ԱՅՍՕՐ ՈՒ ՅԱՒԻՏԵԱՆ
|
|
Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար։ Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ՝ հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ։ Աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ Արցախը մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ այսօ՛ր ու յաւիտեան։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
|
|
«ԿԻԼԻԿԻԱՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
|
|
30-31 Հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտ հիմնադրամին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, տեղի ունեցաւ «Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը Երեւանի մէջ, որ նուիրուած էր 1920-1921 թուականներու Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին։
Գիտաժողովի բացման արարողութեան օրհնութեան խօսք յղեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Արժ. Տ. Ասողիկ Քհն. Կարապետեանը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Եղիա Ճէրէճեանը։ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտ հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ներկայացուց «Ինքնապաշտպանական կռիւներ/գոյամարտեր. հարիւրամեայ հեռաւորութեան վրայ եւ մեր օրերուն» զեկոյցը, որ հետաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ։
Երկու օրուան վրայ երկարող վեց նիստերուն զեկուցումներ ներկայացուցին Հայաստանի տարբեր գիտական հաստատութիւններու (Ցեղասպանութեան թանգարան, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հիմնարկներ, Երեւանի պետական համալսարան, մանկավարժական համալսարան, բժշկական համալսարան, թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկ, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, «Օրբելի» հետազօտական կեդրոն), ինչպէս եւ Սփիւռքէն (Լիբանան, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ) ժամանած գիտնականներ։ Գիտաժողովը ընթացաւ աշխոյժ քննարկումներու եւ հարց ու պատասխանի մթնոլորտի մէջ։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՆԻՒ ԵՈՐՔ)
|
|
Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պիտի պատարագէ ու քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ
|
|
«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ ԲԱՅՑ ՄԻԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱ՛»
|
|
Այսօր Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի իններորդ Կիրակիի Աւետարանի ընթերցումը Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչէն է (Ղկ 8.49-57): Օր մը, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը քարոզէր, Յայրոս անունով սինակոկի ժողովրդապետ մը անոր մօտ գալով կը խնդրէ, որ բժշկէ իր միամօր դուստրը, որ ծանր հիւանդ էր: Յիսուս երբ կ՚ուղղուի ժողովրդապետի տունը, ճամբան՝ կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութեան հիւանդութենէ կը տառապէր, Իրեն մօտենալով կը բուժուի: Մինչ այդ, Յայրոսի տունէն ծառայ մը գալով կ՚իմացնէ աղջկան մահը: Քրիստոս՝ քաջալերելով սրտաբեկ հայրը, կ՛ըսէ անոր. «Մի՛ վախնար, այլ միայն հաւատա՛ եւ ան պիտի փրկուի»: Յայրոսի տունը հասնելով, Յիսուս կը մխիթարէ սգաւորները, ըսելով թէ աղջիկը չէ մեռած, այլ կը ննջէ: Ապա մտնելով սենեակ, իր երեք աշակերտներուն եւ ծնողքին հետ, աղջնակին ձեռք բռնելով կ՛ըսէ՝ «տալիթա՛ կումի», որ կը նշանակէ՝ աղջիկ, ոտքի ելիր: Աւետարանիչը ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէս աղջնակին հոգին դարձաւ եւ ան անկողինէն ելաւ: Ապա Յիսուս ծնողքին կը պատուիրէ որ ուտելիք տան:
Յայրոսի աղջկան ողջննալը որքան որ հիասքանչ իրողութիւն մըն է, միաժամանակ գողտրիկ մանրամասնութիւններ կը պարունակէ, որոնք մեր հաւատքը կը սնուցանեն, կը խորացնեն եւ կը զօրացնեն:
Հետեւեալ երեք կէտերը կ՛ուզեմ բաժնել այսօրուան ընթերցումէն քաղուած: Աւետարաններուն ընդմէջէն, երբ Քրիստոսի առօրեային հետեւինք, հոյակապ ներդաշնակութիւն մը կը տեսնենք անոր քարոզութեան եւ գործունէութեան մէջ: Ան որեւէ առիթ չէր կորսնցներ, որպէսզի մարդոց կեանքին բժշկութիւն, խաղաղութիւն ու երջանկութիւն բերէ: Ինչպէս կը տեսնենք այս պարագային, երբ կ՚ուղղուէր Յայրոսի տունը, ան չ՚անտեսեր, այլ ժամանակ կը տրամադրէ հիւանդ կնոջ հաւատքը քաջալերելու: Ասիկա լաւագոյն գործնական պատգամը կու տայ մեզի, թէ մենք եւս մեր աստուածային նկարագիրը պէտք է յայտնենք անդադար բարի գործ կատարելու:
Բոլորիս ծանօթ է այն խօսքը, թէ ժամանակը ոսկի է: Սակայն ինչպէ՞ս կը գործածենք զայն: Ահա այս է կարեուր հարցը որուն պէտք է պատասխանենք մեր գործով: Պօղոս Առաքեալ իր անձնական օրինակով կը սորվեցնէ մեզի, թէ «որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է բարիք գործենք, մանաւանդ հաւատքի ճամբով» (Գղ 6.10):
բ. «Մի՛ վախնար բայց միայն հաւատա՛»։ Վախ եւ հաւատք, այս երկու զգացումները մղիչ ոյժն են մեր մտածումներուն եւ գործերուն: Մինչ վախը ծնունդ է մարմնական կեանքի ու անգիտութեան, հաւատքը կը բխի հոգեւոր կեանքի խոր գիտակցութենէ: Ահա այս երկու բեւեռներու մէջ է, որ կը ճօճուինք: Մեր Տէրը՝ բժիշկը մարմնաւոր, մտաւոր եւ հոգեւոր հիւանդութեանց, նաեւ յաղթողը մահուան, կը հրաւիրէ մեզ, որ ազատ ըլլանք վախէ: Ան պարզագոյն ճամբան կը սորվեցնէ մեզի, որ ազատինք այս տկարութենէն, այն է՝ ընդունինք զինք եւ ապրինք իր ներկայութիւնը, ինչպէս Ան խոստացաւ, «խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, խաղաղութիւնս կուտամ որ այս աշխարհի խաղաղութենէն տարբեր է» (Յհ 14.27):
գ. Հաւատքի գործնական զօրութեան մենք ականատես կ՚ըլլանք, մանաւանդ երբ Քրիստոս սգաւորներուն կ՚ըսէ՝ աղջիկը չէ մեռած, այլ կը ննջէ: Կեանքի պարգեւատուին այս անառարկելի ախտաճանաչումը, թէ աղջնակը չէ մեռած, այլ կը ննջէ, մարդկային մեր հասողութենէն վեր է, այնուամենայնիւ, նոր լոյս կը սփռէ ու նոր տարածք կը բանայ մեր գոյութեան: Մահը վերջակէտ է: Ասիկա է մեր սահմանումը, բայց ո՛չ Աստուծոյ: Արարիչը զայն կը դիտէ որպէս անցում մեր երկրային գոյութենէն երկնայինին: Այս գիտակցութիւնը, համոզումը որ ծանօթ է որպէս հաւատք, մեզի զօրութիւն կու տայ յաղթելու վախը եւ ըստ այնմ գործածելու աստուածապարգեւ մեր կեանքը:
Որպէս Հայ Քրիստոնեայ, որքա՛ն երախտապարտ ենք մեր հայրերուն, որոնք Տէրունական այս պատգամին խորքը ըմբռնած են, եւ ըստ այնմ ահի ու սարսափի մէջ գոյութենական այս ճշմարտութիւնը թարգմանած են իրենց կեանքին մէջ: Այս ուղղութեամբ, Վարդանանց պատերազմի զօրավարներուն հաւատամքը իրա՛ւ որ կոթողական է, երբ անոնք յայտարարեցին, թէ «մահ ո՛չ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Մեր հայրերը, ներշնչուելով Աստուծոյ Կենդանի Խօսքէն, որ ըսաւ՝ «Ե՛ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը», յաղթահարեցին մահուան, ջախջախեցին մահուան սարսափը, եւ փոխանցեցին իրենց յաջորդ սերունդներուն յաւերժական կտակ մը քաջութեան եւ անվախութեան:
Այսօր մեր Սուրբ Պատարագը կ՚ընծայենք մեր բազմահարիւր անմեղ նահատակներուն, որ զոհ գացին անարդար եւ անմարդկային ոճիրի: Անցեալ Սեպտեմբեր 27ին Ատրպէյճանի պետութիւնը, ամբողջական զօրակցութեամբ Թուրքիոյ եւ բազմահազար ահաբեկիչ վարձկաններու, պատերազմ յայտարարեց Արցախի դէմ: Անցնող 43 օրերուն աշխարհը ականատես կ՚ըլլայ 21րդ դարու ամենադաժան եւ անգութ ցեղասպանական փորձի, որ կը գործադրուի ո՛չ օրինական զէնքերով, եւ աւա՜ղ, ընկերութիւնը կրաւորական դիրքի մէջ կը մնայ, ինչպէս 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան:
Հայ ժողովուրդի մարտիրոսութեան պատմութիւնը, ինչպէս որ բնորոշուած է ֆրանսացի հեղինակի մը կողմէ, կը շարունակուի անխղճօրէն: Հայերը մարտահրաւէր կը կարդան ո՛չ միայն 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1920ի Շուշիի ջարդերու դահիճներուն, այլ նաեւ նոյնինքն մահուան: Վասն զի Հայը իր DNAի մէջ կը կրէ «մահ իմացեալ անմահութիւն է» կենարար ոյժը: Ճիշդ է, թշնամին ե՛ւ գերարդիական զէնքերով օժտուած է ե՛ւ թիւով անհամեմատելիօրէն անբաղդատելի է, բայց եւ այնպէս Արցախեան պատերազմի Հայ մարտիկները իրենց թանկագին արիւնը գիտակցաբար կը հեղուն պաշտպանելու համար իրենց հայրենիքը, հաւատքը, ինքնութիւնը եւ իրաւունքը՝ արիաբար եւ անվախօրէն:
Առաւօտեան ժամերգութեան մէջ գտնուող գեղեցիկ աղաչական մաղթանքի բառերը կրկնելով, որոնք ուղղուած են Մարիամ Աստուածամօր, կ՚ըսենք. «Աղաչէ մեզի համար քեզմէ մարմնացեալ Աստուծոյ, որպէսզի լռեն պատերազմները, դադրին թշնամիներու յարձակումները, սէր եւ արդարութիւն տնկուի երկրի վրայ», եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի
|
|
“CROSSROADS”Ի ՅԱՋՈՐԴ ԹԻՒՈՎ
|
|
Աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր, մեր ընթերցողները շաբաթ առ շաբաթ կը վայելեն մեր ելեկտրոնային պարբերաթերթը՝ “Crossroads”ը, նախ անգլերէնով եւ, 2018էն սկսեալ, նաեւ հայերէն տարբերակով։
“Crossroads”ը մեր ընթերցողներուն հաճելի եւ գործնական ներկայացնելու մտահոգութենէն մղուած, Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբերի թիւէն սկսեալ, բարեփոխումներ պիտի կատարենք մատուցման ոճի եւ էջադրութեան մէջ։ Մեր յօդուածները, դպրոցներէ ու ծուխերէ լրատուութիւնները, եկեղեցական տօներու անդրադարձները եւ այլ նիւթեր աւելի խտացած կերպով պիտի երեւին ձեր նամակատուփին մէջ։ Անոնք ձեզ պիտի առաջնորդեն վերանորոգուած ու լրատուութեան համար աւելի գրաւիչ մեր կայքէջը։
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԱՐՇԱՒԸ
|
|
Ազգ. Առաջնորդարանի ազգային տուրքի արշաւը կը շարունակուի։ Երախտապարտութեամբ կ՚ընդունինք մեր բազմաթիւ անդամներուն եւ բարեկամներուն առատաձեռն օժանդակութիւնը։
Ձեր աջակցութիւնը աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է՝ մեր ծրագիրները զարգացնելու համար, քաջալերելով մեր յարատեւ յանձնառութիւնը։
«Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7):
|
|
Մեր հաւատացեալներու նուիրատուութեան եւ եկեղեցիներու գործակցութեան շնորհիւ, Ազգային Առաջնորդարանի դրամահաւաքը լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար հասած է 365.259 տոլարի գումարին։ Ձեր նուիրատուութիւնը լիբանանահայ համայնքին կը բաշխուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին կողմէ։
|
|
Սեղմեցէք այստեղ՝ ամբողջական ցանկը կարդալու համար
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ժ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
(Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդան)
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 25:9-26
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 9:44-50
– Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:
Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ, կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին:
Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ.
– Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
Յովհաննէս ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
Յիսուս ըսաւ.
– Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն:
***
ԹՈՒՂԹ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-11
Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն:
Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ, գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս: Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին: Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ: Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի: Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը:
Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի:
|
|
ԱՆԴՐԷԱՍ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
|
|
«Առաքեալ» բառը կ՚ակնարկէ Յիսուսի աշակերտներու յատուկ շրջանակին։ Յիսուս իր աշակերտները ընտրած էր, որպէսզի Իրեն ընկերանային՝ Իրմէ սորվելու, Իր ցուցմունքներուն հետեւելու եւ Իր գործը շարունակելու համար։
Շաբաթ, 14 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշատակէ Անդրէաս ու Փիլիպպոս առաքեալները։ Անդրէասը գալիլեացի ձկնորս մըն էր եւ Քրիստոսի հետեւորդներու շարքին առաջինը կանչուած՝ իր եղբօր Սիմոնի հետ (այնուհետեւ՝ Պետրոս կոչուած)։ Փիլիպպոսը Պէթսայտայէն էր եւ, առաքեալ դառնալէ ետք, իր հետ բերած էր Նաթանայէլը (այնուհետեւ՝ Բարդողիմէոս կոչուած)։
|
|
ՅԻՍՆԱԿԱՑ ՊԱՀՈՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
|
|
Կիրակի, 15 Նոյեմբեր, Յիսնակաց Պահոց Բարեկենդանն է։ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ տեւող այս պահքը կ՚առաջնորդէ Յիսնակի առաջին Կիրակիին, որ յառաջիկայ Կիրակի, 22 Նոյեմբերին է։
Յիսնակը Քրիստոսի ծնունդին ու մկրտութեան տանող շրջանն է, որ կը սկսի Յունուար 6էն յիսուն օր առաջ։ Յիսնակը աղօթքի եւ խոկումի լուռ ժամանակ մըն է, որպէս պատրաստութիւն՝ մարդեղութեան խորհուրդին։
Աւանդաբար, Յիսնակի ամբողջ շրջանը պահք էր։ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու կանոնաւոր պահքերուն կողքին, այժմ հնգօրեայ երեք պահքեր կան Յիսնակի ընթացքին՝ Յիսնակաց Պահք, Սուրբ Յակոբայ Պահք եւ Ծննդեան Պահք։
|
|
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշատակուին՝
Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր՝ Ս. Գուրիաս, Սամոնաս, Աբիբաս սարկաւագ, Ռոմանոս միայնակեաց, Մանկան Խոստովանող եւ Հիւսիքոս զինուոր։
|
|
ԳԷՈՐԳ ՍՐԿ. ՀԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ԲՈԼՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ
ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ՝ Ս. ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Կիրակի, 8 Նոյեմբերին, ինչպէս յայտարարուած էր, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քառասնօրեայ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ Արցախի ու հայ ազգի պաշտպանութեան նահատակուած բոլոր զինուորներուն յիշատակին։
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ ի յիշատակ անոնց շարքին զոհուած Գէորգ Սրկ. Հաճեանի, որ Մայր Եկեղեցւոյ սիրուած անդամներէն էր իբրեւ այցելու դպրապետ եւ խմբավար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, տեղի ունեցաւ յուշահանդէս մը եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Շուրջ 60 ծխականներ, հանգուցեալ Գէորգ Սարկաւագի բարեկամներ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամներ մասնակցեցան ձեռնարկին։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Արմէն Մորեան։
Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան յուզումնախառն ներկայացում մը կատարեց Գէորգ Սարկաւագի իբրեւ մանկութեան ընկեր Այնճարի մէջ, որուն հետ վերստին հանդիպած ու աւելի խոր ծանօթութիւն հաստատած էր անոր Ս. Լուսաւորիչ բազմաթիւ այցելութիւններուն։ Նիւ Եորքի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի անունով, խօսք առաւ Նազարէթ Մարգարեան։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ վեր առաւ Գէորգ Սրկ. Հաճեանի կերպարը իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգի նուիրեալ, անոր ընդմէջէն մեծարելով բոլոր հայորդիները, որոնք Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը տուած են։
Օր. Անահիտ Ինճիկիւլեան՝ հանգուցեալի երբեմնի երաժշտութեան աշակերտուհին, յուզումով յիշեց զայն եւ նոյնքան յուզումով երգեց «Մարտիկի երգը»։ Ծուխի երեք երիտասարդուհիներ, որոնք նոյնպէս անոր աշակերտուհիները եղած էին, այլ յուզիչ պահ մը ստեղծեցին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընծայելով Գէորգ Սրկ. Հաճեանի ձայնագրած հայրենասիրական ու կրօնական երգերու երեք խտասալիկները։
Աւարտին, Պետրոս Յովհաննէսեան երգեց «Կիլիկիա», որուն հետեւեցաւ «Վէրքերով լի» երգի մեկնաբանութիւնը բոլոր ներկաներուն կողմէ։
|
|
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Արշակն է, որ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններու կողմէ։
|
|
«Բարեւ ձեզ, յարգելի հովանաւոր,
Սրտանց շնորհակալ եմ որ ընդգրկել էք ինձ այս ծրագրի մէջ։
Իմ անունը Արշակ է, ես տասնհինգ տարեկան եմ։ Ապրում եմ Գեղարքունիքի մարզի Անտառամէջ գիւղում մայրիկիս ու քոյրիկիս հետ։ Սովորում եմ տեղի միջնակարգ դպրոցում, իններորդ դասարանը աւարտել եմ, փոխուել եմ տասերորդ դասարան։ Ցանկանում եմ դառնալ ռազմական օդաչու, այդ իսկ պատճառով այս տարի ընդունուելու եմ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական վարժարան։
Սիրում եմ հեծանիւ վարել, խաղալ ֆուտբոլ։ Օգնում եմ մայրիկիս եւ քոյրիկիս ամէն կերպ։ Հիմա մայրիկիս օգնում եմ խոտ հնձելուն, երբ աւարտենք՝ անտառից ձմրան վառելիք ենք հաւաքելու։
Մինչ հանդիպում»։
|
|
Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսում ստացող որբերու առցանց հովանաւորութեան համար:
Դուք միշտ կրնաք դիմել Ազգային Առաջնորդարանին՝ ելեկտրոնային նամակով ( sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810), «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար
|
|
«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ
ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ»
(ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ)
|
|
Այս մեծածաւալ հատորը քսան տարիներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք է, որ մեզի կը հրամցնէ իսթանպուլահայ դպրոցներու պատմութիւնը։ Պատմական ընդհանուր ակնարկէ մը ետք, երկրորդ մասով հեղինակը կը ներկայացնէ պոլսահայ կրթական շարժման ծագումը 1790էն (առաջին թաղային դպրոցի հիմնադրութիւնը) մինչեւ 1923, իսկ երրորդ մասը՝ Թուրքիոյ հանրապութեան շրջանը։ Չորրորդ մասին մէջ, ան կ՚անդրադառնայ երկու դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցող բոլոր դպրոցներուն, իսկ վերջին մասը կը ներկայացնէ աշակերտութեան վիճակագրութիւններ եւ այլ ցանկեր։
Ինչպէս գրած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր՝ գրագէտ Ռոպեր Հատտէճեան իր յառաջաբանին մէջ, «Գէորգ Պ. Յակոբեան այս ստուար հատորը պատրաստելով ինքնաբերաբար ստանձներ է մոռցուածները մեզի յիշեցնելու ու զանոնք պատմութեան փոխանցելու ազնիւ պարտականութիւնը։ Պատմագէտ մը չէ ան բառին իսկական իմաստով, սիրող մը, կրթական հարցի կարեւորութիւնը ըմբռնած ազգային մը, որ հետաքրքրուեր է մեր կրթական հաստատութիւններու ու մեր կրթական կեանքի ամբողջ պատմութեամբը ու իրականացուցեր է այն ինչ որ արհեստավարժ պատմագէտի մը համար իսկ դիւրին չէր»։
|
|
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
|
|
ԱՐՏԱՇԷՍ ԲԱԲԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 17 Նոյեմբեր, 1886)
|
|
Ազգային եռանդուն գործիչ բժ. Արտաշէս Բաբալեան դարասկիզբի հանրային կեանքի աւելի քիչ ծանօթ դէմքերէն է, որ սակայն իր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն։
Ծնած է 17 Նոյեմբեր, 1886ին, Շուշիի մէջ (Արցախ)։ Ուսումը ստացած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ։ Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատանեկան խումբերուն, այնուհետեւ՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է կուսակցութեան մէջ։ 1905-1907ի հայ-թաթարական կռիւներուն ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին մէջ։
1907-1912ին Բաբալեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ժընեւի համալսարանի (Զուիցերիա) բժշկական ճիւղին մէջ։ Ժընեւի մէջ շարունակած է կուսակցական գործունէութիւնը, անդամակցելով «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմին եւ աշխատակցելով «Դրօշակ»ին։ 1912ին վերադարձած է Շուշի եւ ապա մեկնած՝ Ս. Փեթերպուրկ, ուր աշխատած է իբրեւ բժիշկ ու պատրաստուած՝ բժշկական պետական քննութիւն յանձնելու համար։ 1913ին մասնակցած է Հ. Յ. Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին (Կարին) իբրեւ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդի պատուիրակ։
Պետական քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Բաբալեան բժշկական գործով հաստատուած էր Խարկով, երբ Ա. Աշխարհամարտը պայթեցաւ։ 1915ին մեկնած է Կովկաս, ուր մտած է Խանասորի Վարդանի (Վարդան Մեհրապեան) գլխաւորած հայ կամաւորական գունդին մէջ որպէս բժշկապետ։ Գունդին հետ հասած է Վան, ուր Մայիս 1915ին քաղաքի ազատագրումէն ետք հիւանդանոցներ կազմակերպած է եւ նշանակուած՝ ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ եւ քաղաքապետութեան անդամ։ Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերուն շնորհիւ հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգդիր տեղափոխուած են։ Այս գործունէութիւնը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար, արժանացած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան» խաչի շքանշանին ու մետալին։
Բաբալեանի հանրային գործունէութիւնը անդադար պիտի շարունակուէր յաջորդ հինգ տարիներուն։ Գաղթականներու խնամատարութեամբ զբաղելէ ետք կարճ ժամանակով Էջմիածնի մէջ, 1916-1917ին Վան գտնուած է՝ հոն վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Մեկնելով Թիֆլիս, ընտրուած է Հայոզ Ազգային Խորհուրդի անդամ եւ Համառուսական Քաղաքներու Միութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնած է։
1918ի ամրան նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է։ Աւելի ուշ, ճամբորդած է Պոլիս, ուր միացած է Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան իբրեւ կառավարական խորհրդական։ 1919ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ Հ. Յ. Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։ Հոկտեմբեր 1919էն մինչեւ Մայիս 1920 հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարար եղած է, իսկ Մայիս-Հոկտեմբեր 1920ին՝ փոխնախարար։ Մայիս 1920ին մասնակցած է բոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշման Ղարաքիլիսէի մէջ, իսկ Սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ՝ կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով։ Թուրքերու գերի ինկած է Կարսի անփառունակ անկումին՝ 30 Հոկտեմբեր, 1920ին, իսկ 1920-1921ին արգելափակուած է Կարսի եւ Կարնոյ մէջ։
Հոկտեմբեր 1921ին ազատ արձակուելով, անցած է Թաւրիզ, ուր աւելի ուշ իրեն միացած են կինն ու զաւակները։ 1924ին տեղափոխուելէ ետք Զանջան, 1924ին հաստատուած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան, ուր 1928-1938ին բաժնի վարիչ եղած է «Փահլաւի» ռազմական հիւանդանոցին մէջ։
1930ական թուականներուն իր որդիներուն ողբերգական մահերէն ետք, Բաբալեան ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն՝ իր վիշտը փարատելու համար։ 1943 Սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերը մտած են Իրան եւ Բաբալեան ձերբակալուած է։ Յունիս 1945ին ազատ արձակուելով, շարունակած է իր հանրային գործունէութիւնը, ընտրուելով տարբեր պաշտօններու՝ եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական Ժողովի անդամ եւ Թեմական Խորհուրդի փոխնախագահ, ապա՝ նախագահ։
Իր մահկանացուն կնքած է Օգոստոս 1, 1959ին, Թեհրանի մէջ։ Նոյն տարին հրատարակուած են իր յուշերը Գահիրէի մէջ։
|
|
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ
Լիբանանահայութիւնը ձեր օգնութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք
կամ
ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy
138 E. 39th Street
New York, NY 10016
Ձեր չէքերը գրեցէք՝ Armenian Apostolic Church of Americaին
(Memo: Lebanon Relief Fund)
|
|
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Հասցէ՝ crossroads@armenianprelacy.org։
|
|
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
|
|
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ— Հոկտեմբեր 14-Դեկտեմբեր 2ին։ Առցանց, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած թուղթին։ Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան, արեւելեան ժամով 8:00-9:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք shant@armenianprelacy.org հասցէին։
21 Նոյեմբեր —Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) ուտեստեղէնի տարեկան տօնավաճառ։
6 Դեկտեմբեր —Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) 66րդ տարեդարձ, ընդ նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|