SHARE:  
10 Յունուար, 2019
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 6 Յունուարին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը նշեց։ Թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան Ս. Պատարագ մատուցանեց ու նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կնքահայրութեամբ` Վահան Չաղլասեանի, որդին՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի։
 
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հաւատացեալները թեթեւ ճաշով հիւրասիրուեցան «Ճոն Բաշալեան» սրահին մէջ։ Ս. Լուսաւորիչի կիրակնօրեայի աշակերտները Ս. Ծննդեան դրուագը ներկայացուցին, բայց արդիաշունչ շեղումով մը։ Թատերական կտորը՝ պահելով Փրկիչի ծննդեան գաղափարը, կ՚ընդգրկէր գերհերոսներ, որոնք կարծած էին, թէ Յիսուս անոնց գործը պիտի ստանձնէր՝ բոլորը փրկելով։ Ներկաները հաճոյքով հետեւեցան ներկայացումին։ 
 
Աշակերտները նաեւ ստեղծած էին Ս. Ծննդեան զարդեր, զորս նուիրեցին Անուշաւան Սրբազան Հօր, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին եւ ներկաներուն։ Հոգեւոր հովիւի եւ հոգաբարձութեան որոշումով, որպէս երախտագիտութեան նշան, եկեղեցւոյ ժրաջան Տիկնանց Միութեան 2018ի «Տարուան Ընտանիք»ի մրցանակը շնորհուեցաւ ու Մայր Եկեղեցւոյ խոհանոցը կոչուեցաւ անոր անունին։
ՏՆՕՐՀՆԷՔ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԵԼԸՆ ԷՎԸՆԶ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԳԻ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ 
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական Ս. Ծննդեան հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Յունուարի երեկոյեան։ Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովհանեանի» դահլիճը կը յորդէր բազմութեամբ։ Տնօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան։

Տնօրհնէքի արարողութեան ընթացքին, եկեղեցականը կ՚օրհնէ կենսատու երեք տարրեր՝ հաց, ջուր եւ աղ։ Սովորութիւն է խունկ վառել, արձագանգելով սաղմոսերգուի խօսքին. «Իմ աղօթքս քեզի մատուցուած խունկ թող ըլլայ» (Սաղմոս 141)։
Հիւրասիրութեան ընթացքին, դոկտ. Հելըն Էվընզ՝ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսի պատասխանատուն, պարգեւատրուեցաւ Առաջնորդարանի «Հայաստանի ոգի» 2019ի մրցանակով՝ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի վերաբերեալ գիտական իր վաստակին ու երկարամեայ նուիրումին համար։ Մրցանակը ներկայացնելով, Անուշաւան արքեպիսկոպոս բացատրեց, որ սովորաբար այս մրցանակը Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին կը յանձնուի։ Սակայն նկատի ունենալով, որ Մայիսին դոկտ. Էվընզ թանգարանի կողմէ հովանաւորուած խումբի մը Հայաստան ուղեւորութիւնը պիտի գլխաւորէ՝ սոյն մրցանակի յանձնումը կանխուեցաւ։ Թեմիս առաջնորդը յատկապէս գնահատեց դոկտ. Էվընզի երկարամեայ գիտական վաստակը, որուն վերջին արտայայտութիւնը այս ցուցահանդէսը եղած է։ Ան վեր առաւ Փրինսթընի դասախօս Փիթըր Պրաունի՝ ցուցահանդէսին եւ անոր ընկերացող շքեղ ցուցակին նոր լոյս տեսած գրախօսականէն մէկ նախադասութիւն. «Իր վերջին ցուցահանդէսով՝ «Հայաստա՛ն», ան [Դոկտ Հելըն Էվընզ] ինքզինք գերազանցած է» ։
 
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարդաց «Հայաստանի ոգի» 2019ի մրցանակին արձանագրութիւնը, որ հայ արուեստէն ներշնչուած շրջանակով մը օժտուած է. «“Հայաստանի ոգի” մրցանակը կը յանձնուի Հելըն Ս. Էվընզի՝ երախտագիտութեամբ ու գնահատանքով հայ ազգի երկարամեայ նուիրեալ ու ներշնչող ծառայութեան համար։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթի ձեր գիտական աշխատանքն ու պաշտպանութիւնը աշխարհը լուսաբանած են այս հին մշակոյթին մասին, որ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ ու ծաղկիլ։ Շնորհակալութիւն ձեր անկեղծ բարեկամութեան եւ մեր հարուստ պատմութեան արժէքն ու իմաստը մեզի սորվեցնելուն համար»։ 
 
Մրցանակը ստանալով, դոկտ. Էվընզ գովեստով արտայայտուեցաւ համայնքի աջակցութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան մասին։ Բացումէն ի վեր՝ Սեպտեմբերի վերջաւորութենէն մինչեւ 6 Յունուար, ցուցահանդէսի փակումէն դեռ մօտ 8 օր առաջ, աւելի քան 200.000 այցելու ունեցած էր «Հայաստա՛ն»ը ։ Դոկտ. Էվընզ 2007ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը ստացած էր Արամ Ա. Վեհափառ Հօր կողմէ, իսկ 2018ին Առաջնորդարանի «Զապէլ թագուհի» մրցանակը՝ Օշական արք. Չօլոյեանին կողմէ։
 
Երկրորդ տարին ըլլալով, Ս. Ծննդեան հիւրասիրութիւնը հովանաւորուած էր տէր եւ տիկին Մայքըլ եւ Պարպրա Միրաքեանի կողմէ (Նիւ Ճըրզի)։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նուիրատու ամոլին, աւելցնելով. «Յաճախ մարդոց կը դիմենք՝ ինչ-ինչ առիթներու եւ ձեռնարկներու անոնց աջակցութիւնը խնդրելով։ Այս պարագային, Մայքըլն ու Պարպրան մեզի դիմեցին ու խնդրեցին, որ իրենց թոյլ տայինք հովանաւորել հիւրասիրութիւնը։ Շատ երախտապարտ ենք տալո՛ւ իրենց մեծահոգի արարքին համար»։
 
Սրբազան Հայրը նաեւ ներկայացուց Դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիճեանը, որ անցեալ Ուրբաթ վարած էր Axion Estin Foundation Chanters միջազգային համոյթի ելոյթը՝ Ս. Ծննդեան երգերու մեկնաբանութեամբ, «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին Հայկ սարկաւագ յաւուր պատշաճի երգեր մեկնաբանեց։
 
Հիւրերու շարքին էր Երեւանէն պրն. Հայկակ Արշամեան՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նոր նշանակուած գործադիր տնօրէնը, եւ իր օգնականը՝ պրն. Կարէն Յակոբեան։ Պրն. Արշամեան համառօտ կերպով խօսեցաւ հիմնադրամի ամերիկեան մասնաճիւղի վերակազմութեան մասին։  
Հ.Օ.Մ.Ի ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ «ՇԱՔԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ՆՈՒԷՐ ՄԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ
Հ.Օ.Մ.ի «Շաքէ» մասնաճիւղի անդամուհիներ Անուշաւան Սրբազան Հօր հետ՝ Ս. Ծննդեան հիւրասիրութեան ընթացքին 
Ս. Ծննդեան հիւրասիրութեան ընթացքին, Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի անդամուհիներ շնորհաւորեցին Անուշաւան Սրբազան Հօր իր առաջնորդական ընտրութեան առիթով։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Հ.Օ.Մ.ի հանդէպ ցուցաբերած երկարամեայ զօրակցութեան, անոնք այս առթիւ Սրբազանին նուիրեցին Մայքըլ Արամի կողմէ նախագծուած ու Հ.Օ.Մ.ի համար յատուկ հրապարակումով արտադրուած պնակ մը։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ 2019 ԹՈՒԱԿԱՆԸ
«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ» ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Հայ Մամուլի տարի» հռչակած է 2019 թուականը։ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ, թէ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք, յարմար նկատած է այս տարի մեծարել հայ մամուլը։
 
Ընդունելով հանդերձ, որ արդի ժամանակներուն «մամուլ» հասկացութիւնը աւելի լայն սահմանում մը ստացած է, Կաթողիկոսը կ՚ընդգծէ, որ խօսքը գլխաւորաբար տպագիր մամուլի մասին է՝ օրաթերթեր ու պարբերականներ։ Վեհափառ Հայրապետը տպագիր հաղորդակցութեան հնագոյն ձեւերուն ակնարկ մը նետելէ ետք, կը կեդրոնանայ առաջին հայ թերթին՝ «Ազդարար«ի (Կալկաթա), եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայ մամուլի հետագայ աճին վրայ։
 
Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թեմերուն հրահանգած է, որ այս առիթով 2019 թուականի ընթացքին հայ մամուլի պատմութիւնն ու դերը լուսաբանեն տարբեր ձեռնարկներով՝ դասախօսութիւններ, դասախօսական շարքեր, գիտաժողովներ, , ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, եւ այլն։ 

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ 8ՐԴ ՕՐ
ՏՕՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ


ԿՈՂՈՍԱՑԻՆԵՐ 2:8-15

Զգո՛յշ եղէք, որ ոեւէ մէկը ձեր միտքը չգրաւէ իմաստասիրական տեսութիւններով եւ խաբեբայական սին խօսքերով, որոնք մարդկային աւանդութիւններու եւ բնութեան ոյժերուն վրայ կը հիմնուին եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան վրայ: Որովհետեւ մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը: Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով անոր, որ գլուխն է ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն: Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացաք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք եւ Քրիստոսի թլփատութեամբ ստացած եղաք սրտի թլփատութիւնը: Մկրտուելով՝ անոր հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք, քանի հաւատացիք Աստուծոյ զօրութեան, որ զայն մեռելներէն յարուցանեց: Քրիստոսի հետ Աստուած ձե՛զ ալ կենդանացուց, քանի դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր մեղքերուն պատճառով, որովհետեւ անթլփատ հեթանոսներ էիք: Այո՛, Աստուած ներեց մեր բոլոր յանցանքները եւ իր իշխանութեամբ ջնջեց մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով: Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն:



ՂՈՒԿԱՍ 2:21

Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած:

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՏԱԿԼԸՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Մեծ թիւով ծխականներ Կիրակի, 6 Յունուարին, Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշեցին Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան պատարագեց ու քարոզեց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը ձեռամբ՝ Գերշ Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի։ Կնքահայրն էր՝ Ալեքսանտր Տէմիրճան, որդի տոքթորներ Էտմընտ եւ Նայիրի Տէմիրճանի, որ շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտ է, «Աղ եւ լոյս» պատանեկան խումբի անդամ եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խորանի ծառայ։ Արարողութենէն ետք, հաւատացեալները ստացան օրհնուած ջուրը եւ ապա անցան գլխաւոր սրահը, ուր տեղի ունեցաւ շաբաթօրեայ վարժարանի Կաղանդի հանդէսը։ 

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ 
Տ. Գաբրիէլ Նազարեան Ջրօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարէ Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ 

Կնքահայր Ճոն Վարին՝ իր ընտանիքի եւ Տէր Գաբրիէլի հետ

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
«ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ (ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏ)
Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգ. վարժարանի բարձրագոյն կարգի եւ անգլիախօս դասարանի աշակերտուհիները մասնակցեցան 5 Յունուարի ի առաւօտեան ժամերգութեան, Խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան արարողութեանց։ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան ներկայացուց Յիսուսի ծնունդը եւ Անոր բերած պատգամը։ Նորա Դարբինեան, Լուսինէ Աւագեան եւ Արփի Տօնոյեան հայերէնով կարդացին Ղուկասի աւետարանի երկրորդ գլուխէն, աւետելով Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը , իսկ Մէգէնզի Լարգին անգլերէնով կարդաց նոյն համարները։ 
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ, ՌԻՃՖԻԼՏ (ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ)
Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեան եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցիչիներ եւ աշակերտներ՝ Կաղանդի հանդէսին ընթացքին, անցեալ 23 Դեկտեմբերին
Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեսն եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցիչիներ եւ աշակերտներ՝ Կաղանդի հանդէսին ընթացքին, անցեալ 23 Դեկտեմբերին
«ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ (ՏԱԿԼԸՍԹԸՆ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ)
Օշական արք. կը գնահատէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն) շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները Ս. Ծննդեան հանդէսէն ետք 
Ս. Ծննդեան ուրախ առիթով, Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները հայկական երգերու, բանաստեղծութիւններու եւ աղօթքներու շարք մը ներկայացուցին ընտանիքներուն եւ ծխականներուն, Կիրակի, 6 Յունուարին։ Մանկական հրեշտակային ձայները հնչեցին սրբավայրին մէջ, ժպիտ ու արցունք բերելով բոլորին։ 

Հ. ՍԵՐՈՎԲԷ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ
(ԾՆՈՒՆԴ՝ 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 1846) 
Հ. Սերովբէ վրդ. Տէրվիշեանը մոռցուած անուն մըն է այսօր։ Ան հայկական լեզուաբանութեան ռահվիրայ մը եղած է 19րդ դարուն, երբ հայերէնը հազիւ գտած էր իր ճիշդ դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ, եւ հնդեւրոպաբանները հազուադէպ էին հայ իրականութեան մէջ։

Տէրվիշեանի մասին տեղեկութիւնները քիչ են։ Ծնած է 10 Յունուար, 1846ին, Կ. Պոլիս, եւ ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր իր կրթութիւնը ստացած է։ 1864ին կուսակրօն աբեղայ դարձած է, անդամակցելով միաբանութեան, իսկ երկու տարի ետք՝ վարդապետ ձեռնադրուած։

Սկզբնապէս հրատարակած է կրօնա-բարոյական հարցերու մասին գիրքեր, ինչպէս «Սուրբերու վարքը» (հայատառ թրքերէն, 1870) եւ Ս. Յուստինոսի գործերուն ու վկայութեան գրաբար թարգմանութիւնը՝ «Պատասխանատուութիւնք առաջին եւ երկրորդ եւ պատմութիւն նորին վկայութեան» (1872)։ Անոնց պէտք է աւելցնել աշխարհաբար կարճ ողբերգութիւն մը՝ «Այրի մայրն ու միամօր որդեակը» (1871)։

Սակայն, Տէրվիշեան շուտով ձգած է իր գրական աշխատանքները, դառնալով իր բուն սէրերուն՝ լեզուներուն։ Վանքին մէջ, արդէն հայերէն (գրաբար), դասական (յունարէն եւ լատիներէն) ու արդի (գերմաներէն եւ ֆրանսերէն) լեզուներու ժրաջան ուսանող մըն էր։ Այնուհետեւ, շարունակած է իր կրթութիւնը Վիեննայի համալսարանը, ուր սորված է պահլաւերէն (Իրանի հին լեզուն) եւ սանսկրիտերէն (Հնդկաստանի հին լեզուն)։ Անոնցմէ զատ՝ ծանօթ էր օսմաներէնի եւ հին պարսկերէնի։

1877ին հրատարակած է իր առաջին լեզուաբանական գործը՝ «Հին հայերէն ք-ն», գերմաներէն։ Այս գիրքը առաջինն էր լեզուաբանական հետազօտութիւններու շարքի մը, որ երբեք չամբողջացաւ։ Ան կը պարունակէր այդ տառի քննութիւն մը, այդ տառը ունեցող բոլոր բառերուն ստուգաբանութիւնը եւ «ք» տառի ունեցած վերափոխումները այդ բառերուն մէջ՝ այլ լեզուներու բաղդատութեամբ։

1880ական թուականներուն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան Պոլիս վերադարձած է, ուր 1883ին հրատարակած է հայկական թուանուններու մասին յօդուածաշարք մը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ։ 1885ին լոյս ընծայած է իր հայերէն գլխաւոր գործը՝ «Հնդեւրոպական նախալեզուն»։ Այստեղ ամփոփուած են հնդեւրոպագիտութեան գլխաւոր իրագործումները ու բացատրուած են հնդեւրոպական նախալեզուի հիմնական խնդիրները։ Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հնդեւրոպական հին քաղաքակրթութեան եւ նախնական հայրենիքի խնդրին, ինչպէս եւ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան պատմութեան։ Երկու տարի ետք, ան հրատարակած է առաջին հայերէն լեզուաբանական հանդէսը՝ «Լեզու» (1887-1888), զոր ինք լեցուցած է իր յօդուածներով։ Աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարեաններու նորաստեղծ «Հանդէս ամսօրեայ»ին եւ կարգ մը պոլսահայ թերթերու, ուր շարունակած է հրատարակել լեզուաբանական յօդուածներ։ Մահացած է Յունուար 1, 1892ին, 46 տարեկանին։

Հռչակաւոր լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան գնահատած է Տէրվիշեանի վաստակը, յատկապէս կարգ մը ստուգաբանութիւններ եւ այն փաստը, որ «Հնդեւրոպական նախալեզու»ի պէս ամփոփ, մատչելի ու պարզ կերպով ներկայացուած գործ մը չէ եղած է ամբողջ եւրոպական գրականութեան մէջ՝ մինչեւ 1885։ Այդ գործը, գրած է Աճառեան, լեզուաբանութեան իր առաջին աղբիւրը եղած է, որուն համար չէ վարանած «իմ առաջին ուսուցիչս» կոչել Մխիթարեան գիտնականը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
 
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 




Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

«ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ
«Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի հայկական ցուցահանդէսին հետ կապուած վերջին յատուկ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ուրբաթ, 11 Յունուար, երեկոյեան ժամը 6:30ին, թանգարանի “Grace Rainey Rogers” լսարանին մէջ։ Պիտի ցուցադրուի Սերգէյ Փարաջանովի համբաւաւոր «Նռան գոյնը» շարժանկարը՝ Սայաթ-Նովայի բանաստեղծական կենսագրութիւն մը, երգահան Մէրի Գույումճեանի երաժշտական նոր յօրինումի ընկերակցութեամբ։ Ֆիլմին պիտի հետեւի կլոր սեղան մը։ Տոմսակներու համար, այցելեցէք metmuseum.org/tickets կայքէջը, հեռաձայնեցէք 212-570-3949 թիւին կամ դիմեցէք թանգարանի Great Hall Box Office-ին։ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ՝ ՆՈՐԷՆ
Վերջերս, «Տի Էքոնոմիստ» անգլիական շաբաթաթերթը Հայաստանը ընտրած էր իբրեւ «Տարուան Երկիրը», իսկ այժմ «Ֆորպզ» ամերիկեան շաբաթաթերթը Հայաստանը յիշած է 2019ի՝ զբօսաշրջիկներու գրպանին յարմար լաւագոյն հասցէներու շարքին։ «Հայաստան, որ կը գտնուի Կովկասեան լեռներուն մէջ, թաքուն գոհար մըն է, որ տակաւին զանգուածային զբօսաշրջութեան թիրախ եղած չէ, եւ սակայն հրամցնելիք ահագին բան ունի. հարուստ պատմութիւն, գինիի գործարաններ, տպաւորիչ համայնապատկերներ, հին վանքեր եւ հոյակապ լեռներ՝ այնքան հեռու, որքան ձեր աչքերը կրնան տեսնել։ Մայրաքաղաքը՝ Երեւան, աշխոյժ քաղաք մըն է՝ լայն պողոտաներով, համով-հոտով ճաշարաններով, թանգարաններով եւ բացօթեայ շուկաներով, ուր տեղական ձեռագործներ կը ծախուին», կ՚ըսէ Ալեքսանտրա Թոլթիի յօդուածը։ 
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։  

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 12 Յունուար։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է՝ այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։ 

16 Յունուար Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), ընթրիք՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ 6:45ին։

 26 Յունուար —«Կեանք ու կռիւ»՝ Արցախի հերոսամարտին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ։ Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն։  

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունեցէք։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/