SHARE:  
24 Յունուար, 2019
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Այս շաբաթավերջին թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պիտի այցելէ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցին, ուր պիտի պատարագէ, քարոզէ ու նախագահէ ծուխի 49ամեակի տօնակատարութեան։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Տօնական օրերու նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեան դիմած էր Ազգ. Առաջնորդարանիս՝ տօներուն կարիքաւոր ընտանիքներու նուէրներ եւ ուտելիքներ հասցնելու աշխատանքին օժանդակելու։ Առաջնորդարանը անմիջապէս ընդառաջած էր, դիմումներ ընելորվ “Crossroads”ի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով։ Մեր ընթերցողներէն շատերը նուիրատուութիւններ կատարած էին այդ նպատակին։ Կամաւոր աշխատողներ ուտելիքներն ու նուէրները գնած եւ յատուկ պարկեր պատրաստած էին՝ անգործ ընտանիքներու, տարեցներու, հիւանդներու եւ հաշմանդամներու անձամբ յանձնուելու համար։

Այս շաբաթ, Անուշաւան արքեպիսկոպոս եւ Ազգ. Վարչութիւնը նամակ մը ստացած են Հայր Սուրբէն, ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Առաջնորդարանին եւ բոլոր անհատ նուիրատուներուն։ Ստորեւ կու տանք նամակը ամբողջութեամբ.

«Անհուն շնորհակալութեամբ կը գրեմ ձեզի այս նամակը։ Անգամ մը եւս յարմար բառեր կը փնտռեմ, մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու ձեզի, այս անսահման եւ արժէքաւոր արարքին համար։ Կ՚ուզենք ձեզ տեղեակ պահել, թէ աւլի քան 170 ընտանիքներու բարեսիրական մեր ծրագիրը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին։ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան ընթացքին, ձեր 11.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ, դուք յոյս եւ երջանկութիւն սփռեցիք կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։ Սոյն նախաձեռնութիւնը, ի վերջոյ, մնայուն յարգանքի տուրք պիտի ըլլայ՝ հանդէպ ձեր վեհանձն սիրտերուն։ Այս արարքը հարազատ ցուցանիշ է ձեր կապուածութեան՝ հանդէպ Աստուծոյ Խօսքին, որ օրինակ կը հանդիսանայ բոլորին։ Արտայայտած կ՚ըլլամ իմ բոլոր գործակիցներուն եւ կամաւորներուն զգացումները, երբ ձեզի յայտնեմ իմ խորին ու սրտագին շնորհակալութիւնները։

Մեր ապագայի նախաձեռնութիւններուն համար ձեր բարոյական թէ նիւթական շարունակական աջակցութիւնը վայելելու յոյսով, ձեզի կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ձեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ։

Թող ձեր բոլորին ընտանեկան անդաստանին մէջ սէրը մնայ միշտ ճառագայթող, քաղցրութիւնը՝ բալասանի պէս բուժիչ դեղ, ազնուութիւնը՝ Լուսաւորչի կանթեղի ձէթի պէս մաքուր եւ սրտանց ծառայութեան ոգին՝ մշտավառ կանթեղի պէս շողարձակ»։ 

ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ 2019
1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը, հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Շարքի 36րդ համերգին պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Գառնըկի» սրահի Weill համերգասրահին մէջ (West 57 th Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ 



ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3: 13-21

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր, չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր, արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:
Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

***

Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 4:12-5։10

Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ օրինակ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ: Մինչեւ գալս հոգ տար իրենց՝ Աստուծոյ խօսքէն կարդալով, յորդորելով զիրենք եւ սորվեցնելով: Անփոյթ մի՛ գտնուիր այն շնորհքին նկատմամբ, որ մարգարէական հոգիով քեզի տրուեցաւ, երբ երէցները ձեռք դրին քու վրադ: Այս ըսածներուս մասին խորհէ եւ զանոնք գործի վերածելու աշխատէ, որպէսզի ամէն մարդ յայտնապէս տեսնէ քու յառաջդիմութիւնդ: Ուշադիր եղիր՝ թէ՛ դուն քեզի եւ թէ՛ սորվեցուցածիդ, եւ միշտ ալ այդպէ՛ս մնա, գիտնալով որ այդ ձեւով ո՛չ միայն ինքզինքդ կը փրկես, այլ նաեւ բոլոր քեզ լսողները:
 
Երբեք խստութեամբ մի՛ յանդիմաներ ծեր մէկը, այլ՝ մեղմութեամբ յորդորէ զայն, ինչպէս հօրդ պիտի ընէիր: Երիտասարդները եղբօրդ տեղը սեպէ, պառաւները՝ մօրդ, իսկ երիտասարդուհիները քրոջդ տեղը դիր եւ ամենայն մաքրութեամբ մօտեցիր անոնց: Պատուէ եւ խնամէ ա՛յն այրիները՝ որոնք իսկապէս որբեւայրի են: Իսկ երբ այրի մը զաւակներ ու թոռներ ունի, պէտք է անո՛նք նային իրեն, որպէսզի սորվին բարեպաշտութիւնը նախ տան մէջ կիրարկել՝ ծնողներէն իրենց տրուած խնամքին փոխարէն հոգ տանելով անոնց, որովհետեւ Աստուծոյ համար ա՛յդ է իրաւ եւ ընդունելի բարեպաշտութիւնը: Իսկական այրին ան է՝ որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշեր-ցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կ’անցընէ իր ժամանակը: Իսկ հանգստութիւն ու վայելք փնտռող այրին կենդանի մեռած մըն է արդէն: Այնպիսիներուն այս պատուէրները տուր, որպէսզի անարատ ըլլան: Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 58:13-59:7

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
ԱԹԱՆԱՍ ԵՒ ԿԻՒՐԵՂ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱՑԻ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ 
Շաբաթ, 26 Յունուարին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Աթանաս եւ Կիւրեղ հայրերու տօնը։ Աթանասը ծանօթ է իբրեւ «ուղղափառութեան ախոյեան» եւ «ուղղափառութեան հայր»։ Ան 45 տարի Աղեքսանդրիոյ եպիսկոպոս եղած է, ներառեալ՝ աքսորի 17 տարիները։ Մասնակցած է Նիկիոյ ժողովին, ուր հռչակուած է իբրեւ աստուածաբանութեան մասնագէտ։ Կիւրեղ Աղեքսանդրիացի իր մօրեղբայր Թէոփիլոսին յաջորդած է իբրեւ Աղեքսանդրիոյ պատրիարք 412ին։ Փայլուն աստուածաբան մը եղած է, հետեւելով Աղեքսանդրիոյ աւանդութեան, ու Աթանասի նման մեծապէս գնահատուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Նախագահած է Եփեսոսի երրորդ տիեզերական ժողովին։ Գրած է աշխատութիւններ Ս. Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան վարդապետութիւններուն մասին, Յովհաննէսի եւ Ղուկասի աւեատարաններու մեկնութիւններ, եւ բազմաթիւ նամակներ ու քարոզներ։

Այս շաբաթ յիշուող սուրբեր
Երկուշաբթի, 28 Յունուար՝ Ս. Մակարիոս
Երեքշաբթի, 29 Յունուար՝ Ս. Անդրէ զօրավար եւ իր բանակը

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Անուշաւան արքեպիսկոպոսը Կիրակի, 20 Յունուարին նախագահեց Ս. Պատարագին Ռիճֆիլտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեանը, իսկ քարոզը տուաւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ 

Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին յայտարարած է, թէ 2019ի Ս. Գիրքի սերտողութիւնը պիտի սկսի Ուրբաթ, 25 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7:00էն մինչեւ 9:00 եւ պիտի շարունակուի յառաջիկայ Ուրբաթ օրերուն։ Սերտողութիւնը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովնան քհնյ. Պօզոյեանի ղեկավարութեամբ, պիտի կեդրոնանայ Մատթէոսի Աւետարանին վրայ։ Սերտողութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ 

ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 20 Յունուարին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի 8րդ եւ 9րդ դասարաններուն։ Սրբազան Հայրը դասարանը մտաւ, երբ աշակերտները կը կարդային ու կը քննարկէին Հռութի գիրքէն հատուածներ։ Աշակերտները յետադարձ ակնարկ մը կատարեցին պատմութեան եւ Յիսուսի նախահայրերուն մասին որոշ գաղափար մը կազմեցին։ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնները Հռութի եւ Նոյեմիի քաջութեան մասին նոր լոյս սփռեցին նիւթին վրայ։ 
Լուսանկարին մէջ (ձախէն աջ)՝ Նինա Թագւորեան, Աննա Թէքէեան, Մաթիու Քալենտար, Անուշաւան Սրբազան եւ Այտա Ղարիպեան՝ կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի։
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
(մահ՝ 26 Յունուար, 1957)
Շաւարշ Միսաքեանի անունը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի եւ Սփիւռքի գոյութեան սկզբնական շրջանի պատմութեան մէջ։

Ծնած է Օգոստոս 1884ին՝ Ս. Աստուածածնի տօնի օրը, Զիմառա գիւղին մէջ, Սեբաստիոյ մօտերը։ 1890ին իր ընտանիքով փոխադրուած է Պոլիս, ուր ուսանած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ, եւ լրագրական ասպարէզին մէջ նետուած է 16 տարեկանին, աշխատելով «Սուրհանդակ» օրաթերթին մէջ (1899-1908)։

1900ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն, աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, 1908-1909ին հրատարակած է «Ազդակ» շաբաթաթերթը Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ։ Հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական դեր ունեցած է։

1911-1912ին Շ. Միսաքեան խմբագրած է «Յառաջ» դաշնակցական օրաթերթը Կարինի մէջ, իսկ այնուհետեւ վերադարձած է Պոլիս, ուր «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եղած է։ Խոյս տալով Ապրիլ 24ի ձերբակալութիւններէն, մօտ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։ Արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ հայթայթած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին՝ ընթացող ճնշումներուն, աքսորներուն եւ ջարդերուն մասին։ Օսմանեան իշխանութիւնները, չկարենալով զինք գտնել, հայրը աքսորած են Գոնիա, բայց ան յաջողած է փախչիլ։ Շ. Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 Մարտ 1916ին, երբ կը փորձէր Պուլկարիա անցնիլ։ Բանտարկուած ու տանջանքներու ենթարկուած է։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 Հոկտեմբեր 1918)։

1918-1922ին Միսաքեան «Ճակատամարտ» օրաթերթի խմբագրապետը եղած է։ 1919ին ճամբորդած է Հայաստան, ուր Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին մասնակցած է։ Քեմալական արշաւանքի հետեւանքով, Նոյեմբեր 1922ին լքած է Պոլիսը, ապաստան գտնելով Սոֆիա, ուր ամուսնացած է Տիրուհի Ազարեանի հետ, զոր ճանչցած էր «Ճակատամարտ»ի մէջ։ Նոյեմբեր 1924ին ղրկուած է Փարիզ, ուր մասնակցած է կուսակցութեան 10րդ Ընդհանուր Ժողովին (1924-1925) եւ ընտրուած՝ Բիւրոյի անդամ, մինչեւ 1933։

Օգոստոս 1925ին Շաւարշ Միսաքեան հրապարակ կը հանէր «Յառաջ» երկօրեան իբրեւ անձնական հրատարակութիւն, որ 1927ին օրաթերթ պիտի դառնար։ Օրաթերթը ֆրանսահայութեան ձայնը պիտի դառնար շուտով, ապահովելով մինչեւ 5.000ի տպաքանակ մը, եւ «Շ.» ստորագրութեամբ խմբագրականները յատկապէս կը փնտռուէին ընթերցողներուն կողմէ։ «Յառաջ» նաեւ դարձած է հաւաքավայրը երիտասարդ գրողներու սերունդին, որ յետագային յայտնի պիտի դառնար «Փարիզի տղաք» անունով։ Ան լոյս տեսած է առանց ընդհատումի մինչեւ Փարիզի գրաւումը նացիներու կողմէ, երբ Միսաքեան որոշած է թերթը փակել (Յունիս 1940)՝ գերմանական գրաքննութեան չենթարկուելու համար։

«Յառաջ» վերսկսած է իր հրատարակութիւնը Ապրիլ 1945ին, Փարիզի ազատագրումէն ետք։ Ութ ամիս ետք, Դեկտեմբեր 1945ին լոյս տեսած խմբագրականով, Շաւարշ Միսաքեան գրեթէ անծանօթ genocide բառին հայերէնը հրապարակ կը հանէր՝ «ցեղասպանութիւն», որուն առաջին ու յաճախակի գործածողներէն պիտի ըլլար մամուլին մէջ։ Նոյն տարին, «Յառաջ»ի խմբագիրը հիմնած է Հ. Յ. Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական կազմակերպութիւնը եւ անոր պաշտօնաթերթը՝ «Հայաստան», որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ հիմա։

Շաւարշ Միսաքեան խմբագրած է իր թերթը մինչեւ վերջին օրը։ Իր մահկանացուն կնքած է 26 Յունուար, 1957ին եւ թաղուած՝ Փէր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ։ Իր դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան, զինք յաջորդած է թերթի հրատարակութեան մէջ, ու զայն լոյս ընծայած՝ 52 տարի, մինչեւ Մայիս 2009, հետեւելով հօր աւանդութիւններուն։

Շ. Միսաքեան 1934ին «Յառաջ»ի մէջ թերթօնով հրատարակած էր «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» յուշագրութիւնը՝ 1915-1918ի օրերուն մասին, որ առանձին հատորով լոյս տեսած է 1957ին, իսկ մամուլի մէջ սփռուածյօդուածներու ժողովածու մը՝ «Օրեր եւ ժամեր» խորագրով, հրատարակուած է 1958ին։ Արփիկ Միսաքեանի թարգմանութեամբ, յուշագրութիւնը ֆրանսերէնով լոյս տեսած է 2015ին։ Փարիզի 9րդ թաղամասին մէջ, հրապարակ մը Շաւարշ Միսաքեանի անունով կոչուած է 2007ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
 
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 




Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԹՈՒԱՅՆԱՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀՊԱՆԵԼ
«Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնի հովանաւորութեամբ, Հինգշաբթի, 31 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, էջմիածնական թեմի Առաջնորդարանին մէջ դասախօսութիւնը մը տեղի պիտի ունենայ, որ կրնայ հետաքրքրել Նիւ Եորքի մեր ընթերցողները։

Տոքթ. Մելիսա Մորեթոն՝ «Հիլ» թանգարանի եւ ձեռագիրներու մատենադարանէ, պիտի ներկայացնէ հաստատութեան թուայնացումի ծրագիրը եւ թուայնացած ձեռագիրներու հարթակը։ Հաւաքածոն կը ներառէ աւելի քան 5.000 հայկական ձեռագիրներ՝ թուային եւ մանրաժապաւէնի ձեւով, Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Եւրոպայէն։

Գրադարանը կը գտնուի Սէնթ Ճոնզ համալսարանը (Քոլէճվիլ, Մինեսոթա)։Անոր առաքելութիւնն է աշխարհի վտանգուած համայնքներու պատկանող ձեռագիրներ առանձնացնել, թուային կերպով լուսանկարել, ցուցակագրել եւ արխիւաւորել։ Անոր նպատակն է առցանց տրամադրելի դարձնել բոլոր թուայնացած ձեռագիրները՝ անվճար ձեւով արձանագրուածօգտագործողներու համար։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնի կայքէջը ( zohrabcenter.org ).

«ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»ՈՒ ՆՈՐ ՇԱՐՔԸ
Առաջնորդարանի «Խորհրդածութիւններ»ու շաբաթական շարքը, որ բաւական ժողովրդականութեան արժանացած է, նոր նիւթեր կը ներկայացնէ նոր տարուան համար։ Եթէ առաջին երկու խորհրդածութիւնները փախցուցած էք,  սեղմեցէ՛ք այստեղ «Խորհրդածութիւններ»ու կայքէջը այցելելու եւ անոնց ծանօթանալու։

Այս շաբաթ, Տ. Ներսէս Աւ. քհնյ. Մանուկեան՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, կը խորհրդածէ այս Կիրակի օրուան աստուածաշնչական ընթերցումին մասին (Յովհ. 3:16)։ 
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։  

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org   կամ՝  212-689-7810։

26 Յունուար —«Կեանք ու կռիւ»՝ Արցախի հերոսամարտին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

16 Փետրուար —Վալենթայնի օրուան ճաշկերոյթ-պարահանդէս, Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, ի նպաստ ՀՕՄի ծրագիրներուն եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փարամըս։

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ 

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունեցէք։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Մոնթէպէլլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ հետագային։
19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/