27 Դեկտեմբեր, 2018
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Մինչ կը պատրաստուինք Նոր Տարուան գալուստը տօնելու` յառաջիկայ Երկուշաբթի երեկոյեան, մեր բոլոր ընթերցողներուն կը մաղթենք երջանկութեամբ ու առողջութեամբ լեցուն 2019 թուական մը, համակուած՝ մեր Տիրոջ ու Փրկչին ներշնչած խաղաղութեան ու եղբայրութեան զգացումներով, մինչ կը պատրաստուինք Անոր ծնունդն ու մկրտութիւնը նշելու Կիրակի, 6 Յունուարին։

ՄԱՀԱԶԴ
ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
1925-2018
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութիւնը ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբերին, իր մահկանացուն կնքած է պրն. Գրիգոր Գրիգորեանը։ Հանգուցեալը տարբեր առիթներով պատասխանատու պաշտօններ վարած էր մեր թեմէն ներս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխան եւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ։
Ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալին կնոջ՝ տիկ. Անահիտ Գրիգորեանին, եւ դուստրերուն՝ Արմինէին եւ Լիւսիին։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 9:45ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղումը պիտի կատարուի Քիու Կարտընզի (Նիւ Եորք) «Մէյփըլ Կրով» գերեզմանատան մէջ։ Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 8:00, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կամ Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու ծրագրին։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՔԸՆԵԹԻՔԸԹԻ ԾՈՒԽԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ծխական այցելութիւններու իր շարքին մէջ, այս շաբաթավերջին Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի այցելէ Նիւ Պրիթըինի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցին։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 
Անուշաւան Սրբազան Հայր, Տ. Անդրանիկ Աւ. քհնյ. Պալճեան եւ Տ. Վազգէն Աւ. քհնյ. Պէքեարեան սարկաւագներու եւ դպրաց դասի անդամներուն հետ 

Եկեղեցականները՝ Հոգաբարձութեան հետ
Իր այցելութիւններու շարքին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսեթս)։ Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հայրը այցելեց Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն հետ։ Երեկոյեան, ան հիւրը եղաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ իրեն ի պատիւ տրուած ընթրիքի մը ընթացքին։
 
Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն հետ եւ նախագահեց Կաղանդի տօնակատարութիւնը։
 
Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնին առիթով յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որմէ ետք Անուշաւան Սրբազան ծխականներուն հանդիպեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին։ Իր կեցութեան օրերուն, ան կարգ մը ընտանիքներու անձնական այցելութիւններ տուաւ։ 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանը կ՚այցելէ 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Տ. Անդրանիկ Պալճեան եւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեանի եւ 4րդ ու 5րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ
Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի վարի կարգի աշակերտներուն հետ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ԵՒ Ա. ՕՐ ՊԱՀՈՑ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (22:24-30)

Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը: Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը: Անշուշտ որ սեղան բազմողը: Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ: Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ: Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասնըերկու ցեղերը:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:18-25

Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ’ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել: Մանաւանդ կ’աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ:
Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան՝ որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին: Աստուած ինչ որ կը կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս: Ամէն:
Եղբայրնե՛ր, կ’աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս: Կ’ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս, բանտէն արձակուած է հիմա: Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու:
Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն: Իտալիայի եղբայրները կ’ողջունեն ձեզ:Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ: Ամէն:



ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 51:15-52:3
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ 
Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Յակոբ Առաքեալը եւ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչը՝ Որդիք Որոտման։ Երկուքն ալ կարեւոր պաշտօններ ունեցած են տասներկու առաքեալներու շարքին, եւ Յիսուսի կողմէ «Որդիք Որոտման» կոչուած են (Մարկոս 3:17), հաւանաբար որովհետեւ բուռն խառնուածք մը ունէին, ինչպէս Ղուկաս (9:54) եւ Մարկոս (10:35-41) կը հաղորդե մեզի։ Յակոբ գալիլեացի ձկնորս մըն էր, որ իր եղբօր՝ Յովհաննէսի հետ կանչուած է՝ տասներկու առաքեալներուն մաս կազմելու։ Պետրոսի հետ միասին, անոնք առաքեալներու կորիզը կազմած են, ականատես ըլլալով Յայրոսի աղջկան յարութեան, Այլակերպութեան եւ Գեթսեմանի պարտէզի մատնութեան։ Յակոբը առաքեալներէն առաջինն էր, որ նահատակուեցաւ՝ Հերովդես Ագրիպասի հրամանով (Գործք 12:1-2)։ Սպանիոյ հովանաւոր սուրբն է եւ, ըստ աւանդութեան, անոր մարմինը Երուսաղէմէն տարուած է Սանթիակօ տէ Գոմփոստելա, որ մօտ հազարամեակէ մը ի վեր ուխտագնացներու ժողովրդական հասցէ մը եղած է։ «Աստուածային» մակդիրով ծանօթ՝ Յովհաննէսին վստահուած է Աստուածամօր խնամքը խաչեալ Յիսուսի կողմէ։ Պօղոս Առաքեալը յիշած է Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբը իբրեւ Եկեղեցւոյ «սիւները» (Գաղատացիներ 2:9)։ 
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՊԱՀՈՑ ԾՆՆԴԵԱՆ 
Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերին, Պահոց Ծննդեան Բարեկենդանն է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի մեր Տէր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ու մկրտութեան տօնը՝ 6 Յունուարին։
Ալեքսանդր Սարուխան 
(մահ՝ 1 Յունուար, 1977)
Ալեքսանդր Սարուխան (Սարուխանեան) Սփիւռքի ամենէն հռչակաւոր երգիծանկարիչներէն ու ծաղրանկարիչներէն մէկը եղած է, նաեւ համբաւաւոր դէմք մը՝ արաբական աշխարհին մէջ։

Ծնած է Արտանուշ, Պաթումի նահանգ (այժմու Վրաստան), 1 Հոկտեմբեր, 1898ին։ Երկու տարեկանին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պաթում, ուր ռուսական դպրոց յաճախած է՝ եօթը տարեկանին։ 1909ին Սարուխան ընտանիքը փոխադրուած է Կ. Պոլիս, ուր Ալեքսանդր ու իր եղբայրը՝ Լեւոն, յաճախած են Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը։ 1910-1912ին երկու եղբայրները հրատարակած են ձեռագիր, չորս էջնոց շաբաթաթերթ մը՝ «Ղուղիկօ» անունով, ուր Լեւոն գրողն էր ու Ալեքսանդրը՝ երգիծանկարիչը։ Անոնք ընդհատած են իրենց հրատարակութիւնը, երբ անոնց հայրը որոշած է Պաթում վերադառնալ՝ իր առեւտրական ծրագիրներու ձախողութենէն ետք, եւ որդիները մնացած են Պոլիս՝ ուսումը շարունակելու։ Եղբայրները Մեծ Եղեռնի օրերուն այրած են այդ հրատարակութիւնը՝ ապահովութեան նկատառումներով։

Վկայուելէ ետք՝ 1915ին, Սարուխան եղբայրները ապաստան գտած են աւստրիական  հովանաւորութեան տակ գտնուող իրենց դպրոցին մէջ՝ իրենց ուսուցիչներով եւ խումբ մը աշակերտներով։ Մուտրոսի զինադադարէն ետք (1918), Ալ. Սարուխան իբրեւ ռուսերէնէ, թրքերէնէ ու գերմաներէնէ թարգմանիչ աշխատած է անգլիական զօրքերուն համար, եւ իբրեւ գրագիր՝ խանութի մը մէջ։ Միաժամանակ, ան սկսած է հրատարակել ծաղրանկարներ՝ հայ մամուլին մէջ, յատկապէս՝ «Կաւռօշ» շաբաթաթերթին (1921-1922)։ 1922ին Եւրոպա մեկնելով, յաջորդ երկու տարիներուն ուսանած է Վիեննայի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ։ 

1924ին Եգիպտոս հաստատելով, յաջորդ երկու տարիներուն՝ Սարուխան «Հայկական սինեմա» երգիծաթերթը հրատարակած է։ 1927ին՝ իր գծագրութիւններուն ցուցահանդէս մը կատարած է Գահիրէի մէջ։ Եգիպտացի լրագրող Մուհամմէտ Էլ-Թապիին հանդիպելով, ան սկսած է իր 50ամեայ աշխատակցութիւնը եգիպտական մամուլին իբրեւ  ծաղրանկարիչ՝ «Ռոզ-էլ-Եուսուֆ» շաբաթաթերթին համար, որուն խմբագիրը Էլ-Թապին էր։ 1928-1934ին շաբաթաթերթի կողքի գծագրիչն էր։

Իր ստեղծած «Էլ-Մասրի էֆենտի» (Եգիպտացի էֆենտի) կերպարը Սարուխանի համբաւը ամրապնդած է։ Սակայն, շաբաթաթերթի հիմնադիր Ռոզ-էլ-Եուսուֆի եւ Մուհամմէտ Էլ-Թապիի միջեւ վիճաբանութեան մը հետեւանքով, 1934ին Սարուխան թերթը լքած է Էլ-Թապիի հետ եւ մաս կազմած՝ անոր խմբագրութեամբ լոյս տեսնող՝ «Ախեր սաա» թերթի անձնակազմին։ 1939-1942ին հայ ծանրանկարիչը հրատարակած է «Լա քարաւան» ֆրանսերէն երգիծաթերթը, իսկ 1945ին՝ «Այս պատերազմը» գիրքը (ֆրանսերէն ու անգլերէն), որ անոր երգիծանքի լաւագոյն դրսեւորումը նկատուած է։

1946ին Էլ-Թապի թերթը ծախած է «Ախպար էլ-Եօմ» օրաթերթին, ուր Սարուխան անցած է աշխատանքի մինչեւ 1952, իսկ այնուհետեւ, կեանքի վերջին քսանհինգ տարիներուն, աշխատած է «Ախպար» օրաթերթին մէջ։ Սարուխան նաեւ աշխատակցած է եգիպտական օտարալեզու մամուլին, ինչպէս նաեւ «Արեւ» հայկական օրաթերթին։ Այլ վայրերու շարքին, ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի (1968) եւ Մոնթրէալի մէջ (1973)։

Սարուխանի երգիծագրական-ծաղրանկարչական վաստակը կ՚ընդգրկէ աւելի քան 40.000 գործեր։ Ան նաեւ աշխոյժ կերպով մասնակցած է Գահիրէի ազգային կեանքին։ Հրատարակած է ծաղրանկարներու հայերէն հատորներ, ինչպէս՝ «Մենք մեր ակնոցով» եւ «Տե՛ս խօսքերդ» (1962), եւ «Մենք հայերէն չենք գիտեր» թատերախաղը (1963)։ Անոր երգիծանկարները նկարազարդած են Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ի (1938) եւ Յակոբ  Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ու (1962) վերահրատարակութիւնները։ Անոնք օգտագործուած են այդ երկու գործերուն Ճէք Անդրէասեանի անգլերէն թարգմանութիւններուն, ինչպէս եւ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ի՝ Վարդան Մատթէոսեանի սպաներէն թարգմանութեան մէջ։

Ալեքսանդր Սարուխան իր մահկանացուն կնքած է Գահիրէի մէջ, 1 Յունուար 1977ին։ Անոր երգիծանկարներուն յետմահու ցուցահանդէսներ կատարուած են Աղեքսանդրիոյ (2009), Աթէնքի (2017), Գահիրէի (2018) եւ Լիվըրփուլի մէջ (2018)։ Այս տարի, մամուլի մէջ լոյս տեսած յուշերը ամփոփուած են հատորի մը մէջ՝ Գահիրէ։
«Ձեր մազերը վար առէք, խնդրեմ» (Ալ. Սարուխան)
Ալ. Սարուխան եւ բեմադրիչ Վարդան Աճեմեան դէմ առ դէմ

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 



Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։  

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 12 Յունուար։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։

23 Դեկտեմբեր —Կրէնիթ Սիթիի (Իլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կաղանդի տարեկան անուշավաճառք։

31 Դեկտեմբեր Նոր Տարուան ճաշկերոյթ ու պարահանդէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ։

5 Յունուար Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), Ճրագալոյցի նշում։

6 Յունուար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) Տիկնանց Յանձնախումբի տարեկան Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։

16 Յունուար Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), ընթրիք՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ 6:45ին։

 26 Յունուար —«Կեանք ու կռիւ»՝ Արցախի հերոսամարտին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ։ Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն։  

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունեցէք։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/