ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք
1956—2019
|
|
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը մեծ ցաւով իմացան Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման լուրը։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը հետեւեալ ցաւակցական նամակը յղեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին.
|
|
Մեսրոպ Պատրիարք՝ Կ. Պոլսոյ հայոց 84րդ պատրիարքը, 62 տարեկան էր։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Ուրբաթ, 8 Մարտին, Իսթանպուլի Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցին մէջ, ուր բժշկական խնամքի կ՚ենթարկուէր երկար տարիներէ ի վեր։ Պատրիարք ընտրուած էր 1998ին եւ իր պաշտօնը ձգած՝ 2008ին, յառաջացող հիւանդութեան պատճառով։
Յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծումը տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 17 Մարտին, Գումգաբուի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղումը պիտի կատարուի Շիշլիի ազգ. գերեզմանատան մէջ։
Անուշաւան արքեպիսկոպոս յայտարարեց, թէ Արեւելեան թեմի բոլոր եկեղեցիները յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարեն այս Կիրակի օր՝ հոգելոյս Պատրիարքին մահուան առիթով։
Թող բարեգութ Տէրը իր հաւատարիմ ծառան արժանացնէ իր արդարներու դասին։
|
|
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
|
|
Շաբաթ, 2 Մարտի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարանը միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը կազմակերպած էր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, թեմիս առաջնորդ` Անուշաւան արք. Դանիէլեանի ընտրութեան եւ արքութեան տուչութեան զոյգ առիթներով։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, ներկայ էին Արեւելեան թեմի հոգեւորականներէն` առաջնորդական փոխանորդ եւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Հոգշ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Նարեկ քհնյ. Թրթռեան եւ արտահաս եկեղեցական` Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան, տարբեր յարանուանութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ ու քաղաքական գործիչներ։ Ներկաներու շարքին էին` Նիւ Եորքի արքեպիսկոպոս` ծիրանաւոր Թիմոթի Տոլան, Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւս. Ամերիկայի թեմի` մետրոպոլիտ Ճոզէֆ Ալ-Զեհլաուի եւ առաջնորդական փոխանորդ` Հ. Թովմաս Զայն, Արեւելեան ԱՄՆի Մարոնի Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Կրեկըրի եպս
․
Մանսուր, Էջմիածնական Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Հ. Դանիէլ վրդ. Ֆնտըքեանի ներկայացուցիչ` Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, Նիւ Եորքի Հայ Ժողովական Եկեղեցւոյ հովիւ` Վեր. Հայկ Խրլոբեան, Նիւ Ճըրզիի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տ. Ռիչըրտ քհնյ. Շաքիլ, Մալանքարա Ուղղափառ Եկեղեցւոյ փոխանորդ` Հ. Ճոն Թոմըս, ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպան` տիար Վարուժան Ներսէսեան, ՄԱԿի մօտ ՀՀ դեսպան` տիար Մհեր Մարգարեան, Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս՝ տիար Մաժտի Ռամատան, Նիւ Եորքի քաղաքային խորհուրդի անդամ՝ Քարլինա Ռիվերա, «Գառնըկի» հաստատութեան նախագահ՝ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ՝ տիկ. Սեդա Նալպանտեան եւ ուրիշներ։
«Հրաշափառ»ով մուտքին հետեւեցաւ կրօնական արարողութիւնը՝ տարբեր եկեղեցականներու մասնակցութեամբ։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերյիշեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ պատմական հանգրուաններէն մէկ քանին, եւ անդրադարձաւ օրուան տօնին՝ Պոլսոյ Տիեզերական ժողովին (381), որ պատմական յիշատակէ մը անդին, «յիշատակարան մըն է, որ Տիեզերական Եկեղեցին՝ Աստուծոյ ողորմութեամբ, պիտի օգնէ մեզի խաղաղօրէն նաւարկելու փոթորկալից աշխարհի մը մէջ, մեր միութիւնը տեսնելու մեր այլազանութեան մէջ, եւ մեր մտքերն ու գործերը ուղղելու՝ կորսուած Դրախտը վերափոխելու համար»։
Արարողութենէն ետք, ներկաները «Բաշալեան» սրահ ուղղուեցան, ուր ներկաները վայելեցին գողտրիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ճէք Մարտոյեանի։ Ելոյթ ունեցան երգիչներ՝ Վաղարշակ Օհանեան (պարիթոն) եւ Անահիտ Զաքարեան (սոփրանօ)։ Խօսք առին ծիրանաւոր Տոլան, դեսպան Ներսէսեան եւ եպիսկոպոս Մանսուր ։ Փակման խօսքը կատարեց Անուշաւան Սրբազան Հայրը։
Յայտագրին յաջորդեց ճաշկերոյթ՝ պատրաստութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ անխոնջ Տիկնանց Միութեան։
|
|
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ Ը՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՅՈՒԼԻՍԻՆ
|
|
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած Հայ Մամուլի տարուան ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ յառաջիկայ 2-4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Համաժողովը համահայկական բնոյթ պիտի ունենայ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու եւ մամուլի գործիչներու մասնակցութեամբ։ Ան պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին մերօրեայ մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական ապահովութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւններն ու ընկերային ցանցերու ունեցած դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։
Համաժողովին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմեն Կաթողիկոսարան՝ պրն. Խաչիկ Տէտէեանին, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝
info@armenianorthodoxchurch.org
, կամ հեռաձայնին՝ +961 4 410001։
|
|
«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ
|
|
Այս
Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, տեղի պիտի ունենայ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի 2019ի համերգը «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall սրահին մէջ (West 57
th
Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ 1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը՝ հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Շարքի 36րդ համերգին պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։
Քարա Պօղոսեան պրոնզէ մետալ ստացած է «Ֆիշոֆ» սենեկային երաժշտութեան ազգային մրցոյթին, որ նմանօրինակ ամենամեծ մրցոյթն է աշխարհի մէջ։ Ան վերջերս ելոյթ ունեցած է NPR ռատիոկայանի “From the Top” յայտագրին մէջ։ Ներկայիս «Քըրթիս» երաժշտական հիմնարկի երկրորդ տարուան ուսանող է եւ Հ.Բ.Ը.Մ.էն կրթաթոշակ ստացած։
«Ճուլիըրտ» դպրոցի համերգի մրցոյթի յաղթական հանդիսանալով, Էդուարդ Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է դպրոցի նուագախումբին հետ՝ Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնի եւ Շիքակոյի «Հարրիս» թատերասրահին մէջ։
Ան
ուսանող է Պելճիքայի «Էլիզապէթ թագուհի» երաժշտական մատուռին մէջ եւ «Ճուլիըրտ» դպրոցի շրջանաւարտ։
Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Գ. ԿԻՐԱԿԻ – ԱՆԱՌԱԿԻՆ ԿԻՐԱԿԻ
ՂՈՒԿԱՍ 15:1-32
Շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ Յիսուսի կու գային՝ զինք լսելու համար: Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան տրտնջալ, ըսելով.
–
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ այս մարդը մեղաւորները կ’ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ:
Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.
–
Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի: Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները արօտավայրին մէջ եւ չ’ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն: Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ ոչխարը եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»: Կ’ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան ինըսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին:
–
Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի: Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ’ա՞ւլեր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ: Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ»: Կ’ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ’ապաշխարէ:
Ապա շարունակեց.
–
Մարդ մը երկու որդի ունէր: Կրտսերը հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»: Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը: Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց: Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը:
Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ:
Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար: Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն: Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ: Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.- Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»: Ապա ելաւ
եւ հօրը քով գնաց:
Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց: Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»: Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն: Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք: Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»: Եւ սկսան խրախճանքի:
Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր: Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց: Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց թէ ի՛նչ կայ: Ծառան ըսաւ իրեն. «Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջ-առողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց»: Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել: Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ: Իսկ անիկա պատասխանեց. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ: Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար»: Հայրը ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է: Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»:
Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:1-7:1
Արդ, որովհետեւ Աստուծոյ գործակիցներն ենք, կ’աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը: Որովհետեւ Աստուած կ’ըսէ.-
«Երբ յարմար ժամանակը եկաւ՝ լսեցի քեզ,
երբ փրկութեան օրը հասաւ՝ օգնեցի քեզի»:
Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը:
Ոեւէ բանով պատճառ մի՛ ըլլաք որ Աստուծոյ գործը խափանուի կամ վարկաբեկուի. այլ՝ բոլոր պարագաներուն ալ, դուք ձեզ ցոյց տուէք որպէս Աստուծոյ պաշտօնեաներ, մեծ համբերութեամբ յանձն առնելով նեղութիւնը, վիշտը, չարչարանքը, ծեծը, բանտը, խռովարարներու վայրագութիւնները, յոգնութիւնը, անքնութիւնը, անօթութիւնը: Այս բոլորը տարէք՝ մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, ճշմարտութիւնը քարոզելով, Աստուծոյ զօրութեամբ եւ արդարութեամբ զինուած՝ չարին դէմ յարձակելու եւ ինքզինք պաշտպանելու համար: Մի՛ այլայլիք՝ ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն: Մարդիկ մոլորած թող ըսեն մեզի. մենք գիտենք թէ ճշմարտութենէն չենք շեղած: Թող չուզեն մեզ ճանչնալ. մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան: Թող մեռած սեպեն մեզ. մենք ահա կենդանի ենք: Թող մեզ պատժապարտ համարեն. մենք գիտենք թէ մահուան դատապարտութենէն ազատած ենք: Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. մենք միշտ ուրախ ենք: Աղքատ թող սեպեն. մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք: Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք:
Ահա, սիրելի՛ Կորնթացիներ, ամէն ինչ բաց եւ անկեղծ սրտով ըսի ձեզի: Դուք ինչո՞ւ կը դժուարանաք արտայայտուելու: Ո՛չ իմ պատճառովս հարկաւ, այլ պարզապէս՝ ձեր սէրը արտայայտելու կը քաշուիք: Բայց կ’ուզեմ որ ինծի պէս բանաք ձեր սիրտերը եւ ազատօրէն խօսիք դուք ալ. չէ՞ որ իմ զաւակներս էք դուք:
Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք: Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ արդարը անօրէնին հետ, կամ ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալ լոյսին ու խաւարին միջեւ: Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ Սատանային միջեւ, կամ ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ: Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:
Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-
«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-
«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-
կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:
Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով:
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 33:2-22
|
|
Շաբաթ, 16 Մարտին, Հայ Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Եկեղեցւոյ վարդապետներէն Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին (315-386)։ Ս. Կիւրեղ հաճելի եւ հաշտարար տրամադրութիւն ունեցող անձ էր, սակայն կ՚ապրէր այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ եպիսկոպոսները տաք բանավէճերու մէջ սուզուած էին եւ պատրաստ՝ զիջողութեան որեւէ փորձ դատապարտելու, մինչեւ իսկ զայնդաւաճանութիւն կոչելով։ Ս. Կիւրեղ իր եպիսկոպոսութեան 35 տարիներէն տասնվեցը անցուցած է աքսորի մէջ։ Երբ սովը հարուածած էր Երուսաղէմը, ան եկեղեցւոյ գոյքերուն մէկ մասը վաճառած էր՝ դրամ հաւաքելու աղքատ եւ սովեալ ժողովուրդին համար։ Դատապարտուած էր ու աքսորուած՝ եկեղեցւոյ գոյք ծախելուն համար։ Մեզի հասած անոր լաւագոյն գործը՝ «Կոչումն ընծայութեան», քրիստոնէական աստուածաբանութեան հնագոյն համակարգուած շարադրանքներէն մէկը կը նկատուի։ Բաղկացած է ներածական դասախօսութենէ մը, որուն կը հետեւին քրիստոնէական հաւատքին նուիրուած 18 դասախօսութիւններ, որոնք Մեծ Պահքի ժամանակ կը գործածուէին Ս. Զատիկին մկրտուելու կոչուած անձերու կողմէ, եւ հինգ դասախօսութիւններ՝ Զատիկէն ետք օգտագործուող խորհուրդներուն մասին։ Այս դասախօսութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, ներառեալ՝ հայերէն, եւ կը յատկանշուին քրիստոնէական հաւատքի դրական ներկայացումով եւ ուղիղ հաւատքի ու սուրբ գործունէութեան հաւասարակշռութեան պահպանումով։
Աւագ Շաբթուն, հազարաւոր ուխտաւորներ Երուսաղէմ կ՚երթային։ Կիւրեղ հաստատած է այս շաբթուան ընթացքին կիրարկուող ծիսակատարութիւնները՝ ըստ Երուսաղէմի ձեւերուն։ Երուսաղէմի մէջ 4րդ դարու Աւագ Շաբթուան ծէսերու նկարագրութիւնը կը պարտինք Եգերիա (Եթերիա) անունով կնոջ մը, որ կը կարծուի, թէ սպանացի մայրապետ մըն էր, եւ որ Երուսաղէմ ուխտագնացութիւն մը կատարած է եւ օրագիր պահած՝ նկարագրելով տարբեր սուրբ վայրերու ծիսակատարութիւնները։
|
|
Կը շարունակենք մեր ընթացքը Մեծ Պահքի ընդմէջէն։ Կիրակի, 17 Մարտ, Անառակի Կիրակին է։ Անառակ որդիի առածը ցոյց կու տայ Աստուծոյ հայրական սէրը եւ զղջացողները ներելու ցանկութիւնը (տե՛ս Աստուածաշունչի ընթերցումը վերը)։
«Լոյս ի լուսոյ ծնունդ ի ծագումն. որ եկիր ի խնդիր մոլորեալ ոչխարի բնութեանս, զոր ընդ խաչին բարձեր ի վերայ ուսոյդ. մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց։
Սուրբդ սրբոց էից մաքրութիւն, որ ածեր տան քո աւել ի մեղաց զաշխարհս մաքրելով. ի նմա գտեալ զպատկեր քո նորոգեցեր. նորոգեա զմեզ ի հնութենէ մեղաց։
Ընդ անառակին որդւոյ գոչեմք առ հայրդ գթած, մեղաք յերկինս եւ առաջի քո քաւիչ յանցանաց. ել ընդ առաջ սիրով գրկեա համբուրիւ, մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց։
Աղբիւր մեղաց բղխեալ յեդեմայ սուրբ աստուածածին, որով արբեցաւ երկիր ծարաւոտ հոգւոյն իմաստիւք. տալ մեզ մաղթեա աղբիւրս արտասուաց մաքրել զմեզ ի մեղայ մերոց։
(Լոյսէ լոյս ծնունդ եւ ծագում որ եկար մոլորած ոչխարի բնութիւնս փնտռելու զոր խաչին հետ ուսիդ վրայ կրեցիր. մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն։
Արարածները մաքրող սուրբերու սուրբ, դուն որ տունդ աւլեցիր աշխարհը մեղքերէն մաքրելով եւ անոր մէջ քու պատկերդ գտնելով նորոգեցիր, նորոգէ մեզ մեղքերու հնութենէն։
Անառակ որդիին հետ գթած Հօրդ կը գոչենք՝ մեղանչեցինք երկինքի մէջ եւ քու առջեւդ յանցանքներու քաւիչ, սիրով ընդառաջ ելիր, համբոյրով գրկէ եւ մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն։
Եդեմէն բխած կեանքի աղբիւր սուրբ Աստուածածին, որով ծարաւ երկիրը յագեցաւ Հոգիին իմաստութեամբ. աղօթէ որ արցունք ի աղբիւրներ տրուին մեզի, մեզ մեր մեղքերէն մաքրելու համար։)
(Կանոն Մեծ Պահքի 3րդ Կիրակիի, Անառակի)
|
|
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
|
|
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Մեծ Պահքի վեց դասախօսութիւններու շարքին երկրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Մարտի երեկոյեան, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Օրուան նիւթն էր «“Ինծի դարձէք ձեր ամբողջ սրտով” (Յովել 2:12)», որուն մասին խօսեցաւ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան։ Դասախօսութիւնը, թեքնիք պատճառներով, ուղղակի պատկերասփռուած չէր, սակայն, այժմ կրնաք սեղմել
այստեղ
՝
զայն դիտելու համար։
|
|
ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԷՔ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
|
|
Յաջորդ դասախօսը պիտի ըլլայ Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան՝ Նիւ Պրիթըյնի (Քենեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ այցելու եկեղեցականը, որ Չորեքշաբթի, 20 Մարտի երեկոյեան պիտի խօսի «Լսել եւ հասկնալ» նիւթին շուրջ։
Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։
Յայտագիրը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝
– եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ ժամը 7:00ին,
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին
|
|
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
|
|
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը 15 Մարտ է։ Մասնակցիլ փափաքողները տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կրնան կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով՝ office@stilluminators.org։
|
|
"SALT AND LIGHT" ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈՒՄԲ
|
|
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՍԿՍԻ
“SALT AND LIGHT" ԾՐԱԳՐԻՆ
|
|
Պատանիներու, ծնողներու եւ տեղական Youth Ministry-ի յանձնախումբի անդամներու խմբանկար
|
|
Տիկ. Անի Oվաննէսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Youth Ministry-ի տնօրէնուհին, ծրագիրը կը ներկայացնէ
|
|
Պատանիները եւ տնօրէնուհին գաղափարներ ու հարցումներ կը փոխանակեն
|
|
Ուրբաթ, 8 Մարտին, Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ֆերմանեան» սրահին մէջ սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ Youth Ministry-ի “Salt and Light” ծրագիրը։
Հոգեւոր հովիւ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի ողջոյնէն եւ օրհնութենէն ետք, պատանիները, ծնողները, ընտանեկան պարագաները եւ Youth Ministry-ի խումբը միասնաբար վայելեցին Մեծ Պահքի ընթրքի մը։ Այնուհետեւ, Տէր Հայրը ծրագրի ընդհանուր գիծերը պարզեց եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ պատանիներու կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի Youth Ministry-ի տնօրէնուհի տիկ. Անի Օվաննէսեանը, որ այս առիթով ժամանած էր Փրովիտընս։ Տիկ. Օվաննէսեան ծրագրի աւելի ընդարձակ նկարագրութիւն մը կատարեց, պատասխանլելով ծնողներու հարցումներուն, մինչ պատանիները եւ խումբի ղեկավարները իջած էին նոր երիտասարդական կեդրոնը՝ որոշ աշխատանք կատարելու։ Յետոյ Տէր Հայրն ու տիկ. Օվաննէսեանը հանդիպեցան պատանիներուն հետ, մինչ խումբի ղեկավարները հանդիպեցան ծնողներուն հետ։
Տ. Գաբրիէլ դիտել տուաւ, որ «օրհնութիւն մըն է, որ մեր պատանիներուն կրնանք առաջարկել նորարար ծրագիր մը, որ կ՚օգնէ իրենց Քրիստոսի ու Իր Եկեղեցւոյ աւելի մօտ մեծնալու, եւ հաւատքով քալելու աշխարհի մէջ»։
Երեկոն վերջացաւ նոյնքան խանդավառութեամբ եւ յոյսով ապագայի հանդէպ։
|
|
«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ Է
|
|
«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագրի կազմակերպումը արդէն ընթացքի մէջ է։ Կրօնական դաստիարակութեան այս ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, նախաձեռնութիւնն է Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, որ ինչպէս միշտ, տեղի պիտի ունենայ Էլվըրսընի (Փենսիլվենիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս։ Տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել
այստեղ:
|
|
«Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՀԱՍԿՆԱԼ» ՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
|
|
Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան կը ներկայացնէ Մեծ Պահքի շրջանի «Ս. Պատարագը հասկնալ» շարքը
|
|
Յակոբ Ա. սրկ. Խաչատուրեան ցոյց կու տայ զգեստաւորումի ձեւը՝ տարազաւորելով կիսասարկաւագ Էնտրիւ Պաղտասարեանը։
|
|
Երկուշաբթի, 11 Մարտի երեկոյեան, Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան սկսաւ Մեծ Պահքի իր շաբաթական ներկայացումները «Ս. Պատարագը հասկնալ» նիւթին շուրջ՝ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբի հովանաւորութեամբ։ Առաջին այս նիստին, Տէր Հայրը բացատրեց Ս. Պատարագի հիմքերը եւ ծէսի սկզբնաւորութիւնը՝ պատարագող եկեղեցականի զգեստաւորումը։ Այս նպատակով, Յակոբ Ա. սրկ. Խաչատուրեան զգեստաւորեց Էնտրիւ կիսասարկաւագ Պաղտասարեանը։ Տ. Գաբրիէլ բացատրեց զգեստներու իւրաքանչիւր մասի իմաստը, ինչպէս եւ անոնց ընկերացող ընթերցումները, նշելով աստուածաշնչական նշանակութիւնը։
Ներկայացումէն ետք, շուրջ 60 ունկնդիրները ընթրեցին միասին եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնել այս շարքին մասին։ Այս շարքը պիտի շարունակուի իւրաքանչիւր Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Մեծ Պահքի շրջանին։
|
|
ՏԻՐՊՈՐՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԽՈՀԱՆՈՑԱՅԻՆ ԳԻՐՔԸ
|
|
Տիրպորնի (Միշիկըն) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը հրատարակած է հայկական ճաշերու գիրք մը՝ “It Took a Village” խորագրով, ուր ներկայացուած են բազմաթիւ բաղադրասոմսեր՝ դասակարգուած ու պատկերազարդուած։ Գիրքը կը պարունակէ բաղադրատոմսեր, որոնք համայնքի ընտանիքներէն եկած են, ինչպէս եւ հպանցիկ տեղեկութիւն՝ Տիթրոյթի հայ համայնքի մասին ։ Վերջին բաժինը՝ «Մեր աւանդութիւնները» խորագրով, տօնական օրերու եւ աւանդութիւններու մասին մեծաքանակ տեղեկութիւններ կը պարունակէ։ Գիրքը 25 տոլար կ՚արժէ, առաւել՝ առաքման ծախսը (5 տոլար՝ ԱՄՆի մէջ)։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ ապսպրելու համար, հաճեցէք դիմել հետեւեալ հասցէին՝ St. Sarkis Church, 19300 Ford Road, Dearborn, Michigan 48128, հեռաձայն՝ 313-336-6200, կայքէջ՝
www.saintsarkis.org
։
|
|
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ
|
|
Պերճ Թիւրապեան Ազնաւուրի երգերը կը ներկայացնէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
|
|
Ուրբաթ, 8 Մարտին, «Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ, աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած երեկոյ մը կազմակերպած էր, աւելի քան 150 հոգիի ներկայութեամբ։
Իր բացման խօսքով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան վայրկեան մը լռութեան հրաւիրեց հանդիսականները, ի յիշատակ՝ նոյն օրը վախճանած Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի։
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց Ազնաւուրի կեանքն ու գործունէութիւնը պատկերազարդ կերպով։
Երգիչ ու երգահան Պերճ Թիւրապեան Ազնաւուրի երգերէն մեկնաբանեց ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով։ Պրն. Թիւրապեան ծանօթ անուն մըն է Նիւ Եորքի համայնքին մէջ։ Ծնած է Եգիպտոս ու մեծցած՝ Հայաստան, ուր 1970ական թուականներուն
շանսոնիէ
ներու նոր ալիքի մը մաս կազմած է։ Ան հեղինակ է վեց հաւաքածոներու եւ բազմաթիւ համերգներ տուած է Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ օր. Լուսինէ Մինասեան՝ պարով, եւ տիկ. Լուսին Ճրճրեան՝ արտասանութեամբ։
|
|
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԱՊԱԳԱՆ ԱՐԴԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
Հայկ Նորեան եւ Մարտիկ Չոլաքեան՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ «Համազգային»ի անդամներու հետ
|
|
Կիրակի, 10 Մարտին, Նիւ Եորքի «Համազգային»ի մասնաճիւղը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ, հայ գիրքի ապագային մասին շահեկան դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր։
Մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի բացման խօսքէն ետք, հանդիսավար Նազարէթ Մարգարեան ներկայացուց երկու դասախօսները՝ Հայկ Նորեան եւ Մարտիկ Չոլաքեան։
Հայկ Նորեան՝ ելեկտրական ճարտարագէտ եւ Գոլումպիա համալսարանէն տոքթոր, աշխատած է տարբեր ծրագիրներու վրայ եւ նաեւ պատրաստած է համակարգչային ծրագիր մը, որ հայերէն գիրքերու նկարահանումները (scan) կը վերածէ Unicode բնագիրներու։ Ան ներկայացուց «Ռոսլին» հրատարակչատունը, որուն հիմնադիրներէն է եւ որ ստանձնած է համաշխարհային գրականութեան գործերու թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի։ Վերջերս ան հրատարակած է C. S. Lewisի հռչակաւոր «Նարնիայի քրոնիկները» եօթ հատորնոց շարքը։
Մարտիկ Չոլաքեան՝ ծրագրաւորման ճարտարագէտ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանէն, այնուհետեւ վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականը ստացած է Փարիզի INSEADէն։ Վերջին շրջանին, աշխատած է ֆինանսական բաժնի մէջ։
Մարտիկ Չոլաքեան համահիմնադիրն է Vlume թուային գրադարանին, որ ելեկտրոնային գիրքերու եւ ձայնագիրքերու բաժանորդագրութեան ծառայութիւն կը մատուցէ։ Ան նաեւ հոգաբարձուն է Technolinguistics ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան, որ կը զբաղի հայերէն ելեկտրոնային գիրքերու հրատարակութեամբ։ Ան ներկայացուց Vlume անունով յաւելուածը (app), որ հայերէն գիրքերու մեծածաւալ ընտրանք մը կը ներկայացնէ՝ ձայնագիրքի եւ ել-գիրքի տարբերակներով։
|
|
ԺՈՐԺ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ
(մահ
՝
19 Մարտ, 1993)
|
|
Ֆրանսահայ երգահան Ժորժ Կառվարենց երգերու եւ ֆիլմերու երաժշտութեան բեղուն արտադրող մը եղած է, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի երաժշտական գործակիցը։
Աւազանի անունով Տիրան, ծնած է 1 Ապրիլ 1932ին՝ Աթէնքի մէջ, հայ գաղթականներու ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ յայտնի բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Գէորգ Կառվարենցը (1892-1946), Մեծ Եղեռնի վերապրող էր եւ համբաւաւոր «Կամաւորական քայլերգ»ի («Յառաջ, նահատակ...») խօսքերուն հեղինակը։
Ապագայ երաժիշտը իր տարրական կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի մէջ։ Սակայն, 1941ին Յունաստանի գրաւումէն ետք Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Պուլկարիոյ կողմէ, տնտեսական սոսկալի կացութիւնը պարտադրած է Կառվարենց ընտանիքին արտագաղթելու յաջորդ տարի եւ Վիեննայի ճամբով Իտալիա հաստատուելու՝ նախ Վենետիկ եւ ապա Միլան (1943)։ Սակայն, Գէորգ Կառվարենցի յանկարծական մահէն ետք, անոր այրին ու իր երկու զաւակները փոխադրուած են Փարիզ։
Ժորժ Կառվարենց իր ուսումը շարունակած է Մխիթարեաններու Սեւրի «Սամուէլ-Մուրատեան» վարժարանին մէջ եւ այնուհետեւ իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1952ին։
Չորս տարի ետք, ան հանդիպած է Շառլ Ազնաւուրին, որուն հետ սկսած է գործակցիլ՝ գրելով անոր գրա երգերուն երաժշտութիւնը։ Անոնք միասնաբար աւելի քան 100 երգ գրած են երեք տասնամեակներու ընթացքին։ Կառվարենց աւելի քան 700 երգ գրած է իր երաժշտական կեանքին ընթացքին, որոնցմէ շատեր մեծ համբաւի տիրացած են, մեկնաբանուելով Ազնաւուրի եւ ուրիշ հռչակաւոր երգիչներու կողմէ (Ճոնի Հոլիտէյ, Սիլվի Վարդան, Տալիտա, Ժիլպեռ Պէքօ, Միրէյ Մաթիէօ, եւ այլն)։ Կառվարենցի «Հնաոճ հաճոյքներ» ձայնապնակը (1964) լոյս տեսած է 350 տարբերակներով, ծախելով 23 միլիոն օրինակ։ Ան շահած է «Շանսոնիէ» յատուկ մրցանակը 1964ին։
Յաջորդ տարի, երգահանը ամուսնացած է Ազնաւուրի քրոջ՝ երգչուհի Այտա Ազնաւուրեանի հետ։
Կառվարենց թէ՛ ֆրանսական եւ թէ՛ միջազգային արտադրութիւն եղող աւելի քան շարժանկարներու երաժշտութիւնը յօրինած է՝ 1960-1991 թուականներուն։ Ան նաեւ գրած է երաժշտախառն կատակերգութիւն մը՝ «Երկու հրեշտակներ եկած են», եւ «Տուշքա» օփերէթը։
Երգահանը երկու անգամ Հայաստան այցելած է, 1977ին եւ 1988ին։ Ազնաւուրի հետ անոր երկարամեայ համագործակցութիւնը նաեւ իրենց հայկական արմատներուն անդրադարձած է։ Այսպէս, 1975ին անոնք միասնաբար յօրինած են «Անոնք ինկան» (“Ils sont tombés”) երգը՝ Մեծ Եղեռնի 60ամեակին, իսկ 1988ին՝ «Քեզի համար, Հայաստան» (“Pour toi, Arménie”) երգը, 7 Դեկտեմբեր 1988ի աղէտալի երկրաշարժէն ետք։ Վերջինիս համար, Ազնաւուր համախմբած է ֆրանսացի երգիչներու համաստեղութիւն մը՝ յատուկ տեսերիզի պատրաստութեան համար։ Երգի ամբողջական հասոյթը տրամադրուած է վերապրողներու օժանդակութեան։
1991ին Կառվարենց սրտի կաթուած մը ունեցած է, բայց վատառողջ պայմանները, որոնք զինք մէկ հիւանդանոցէն միւսը տարած են, չեն կանգնեցուցած իր երաժշտական աշխատանքը։ Մահացած է 19 Մարտ 1993ին, Օպանիըի հիւանդանոցը, Մարսէյլի մօտերը։
|
|
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու ձեր քսակներէն բաժին յատկացնել։
Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։
SYRIAN ARMENIAN RELIEF
Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy
138 E. 39
th
Street
New York, NY 10016
Չէքերը հաճեցէք գրել՝ Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)
Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։
|
|
Այս շաբթուան խոկումին մէջ, Տ. Ստեփան քհնյ. Պալճեան՝ Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, կը խորհրդածէ այս Կիրակի օրուան Ս. Գիրքի ընթերցումին մասին (Ղուկ. 15:1-32)։ Այս շաբթուան խոկումը դիտելու համար, սեղմեցէք ստորեւ.
|
|
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
|
|
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։
Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր նամակները։
|
|
«Սիամանթօ» լսարանի
դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝
anec@armenianprelacy.org
կամ՝ 212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝
Շաբաթ, 13 Ապրիլին։
17 Մարտ
—“Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։
23 Մարտ
—Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։
23 Մարտ
—Ազգ. Առաջնորդարանի երիտասարդ զոյգերու ակումբին ներկայացումը, հիւրընկալութեամբ՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի, Ափըր Սէտլ Ռիվըրի մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Տեղեկութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել՝ 212-689-7810 թիւին։
24 Մարտ
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) Տիկնանց Միութեան Միջինքի ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։
28 Մարտ-7 Ապրիլ
—ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի «Ակնունի», Պերկըն գաունթիի «Արմենուհի», «Շաքէ» եւ «Սպիտակ» մասնաճիւղերը առցանց աճուրդ մը կը կատարեն՝ ի նպաստ ՀՕՄի հիմնադրամին։ Տեղեկութիւններու համար՝
arseusaauction@gmail.com
.
29 Մարտ
—Ժողովրդային հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար՝ պրն. Դաւիթ Տօնոյեանի հետ, կազմակերպութեամբ՝ ԱՄՆի ՀՀ դեսպանատան կողմէ։ Երեկոյեան ժամը 6:30, «Գաւուքճեան» սրահ, Էջմիածնական թեմի Առաջնորդարան, 630 Second Avenue, NYC։ Տեղ ապահովելու համար, գրեցէ՛ք
rsvp.armembassyusa@mfa.am
հասցէին։
30 Մարտ
—ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ սուրիական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։
7 Ապրիլ
—Դոկտ. Մելինէ Անումեանի “Acknowledgment and Condemnation: The Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926” գիրքին ներկայացումը՝ հայերէն եւ անգլերէն, հեղինակին կողմէ։ Կազմակերպութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան։ Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, ժամը 1։00ին։\
7 Ապրիլ
—«Մեր արմատները գտնելու համար՝ տոհմաբանութիւն», դասախօսութիւն՝ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ (անգլերէն)։ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին՝ ճաշէ ետք։
7 Ապրիլ
—Ինտիըն Օրչըրտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 85ամեակի նշում եւ ճաշկերոյթ։ Առաւօտեան ժամը 10ին թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պիտի պատարագէ ու քարոզէ։
12-14 Ապրիլ
—Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կը ներկայացնէ Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի ի նպաստ դպրոցին։
24 Ապրիլ
—«Քայլարշաւ՝ Արդարութեան համար», յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան Նահատակները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք
․
Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ։ Ս
․
Պատարագ՝ ժամը 10։00ին, Ս
․
Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 E. 27
th
Street, New York City։ Քայլարշաւը կը սկսի ժամը 12։30ին, Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան։
27 Ապրիլ
—Հայկական Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի յիշատակում Քենեթիքըթի Hall of the House-ի մէջ, State Capitol, 210 Capitol Avenue, Hartford, Connecticut, ժամը 11։00ին։ Գլխաւոր բանախօս՝ Սալբի Ղազարեան, տնօրէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական Ուսմանց Հիմնարկին։
5 Մայիս
—Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։
16-18 Մայիս
—Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։
30 Յունիս-7 Յուլիս
—33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։
9-12 Հոկտեմբեր
—Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։
12 Հոկտեմբեր
—Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։
19 Հոկտեմբեր
—«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|