18 Հոկտեմբեր 2018
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ
Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան Լիբանան մեկնեցաւ, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան նիստերուն կը մասնակցի։ Սրբազան Հայրը նաեւ պիտի մասնակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան 50ամեակի ձեռնարկներուն։ Ան Նիւ Եորք պիտի վերադառնայ Հոկտեմբեր 23ին։ 
ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան կը մասնակցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումին

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՈՒԱՅԹԻՆՍՎԻԼ ԱՅՑԵԼԵՑ
Անուշաւան Սրբազան եւ Տէր Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան՝ խորանի ծառայողներու եւ ծխականներու հետ 
Անուշաւան Սրբազան՝ կրօնական դասի անդամներու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու հետ (ձախէն աջ՝ Ճէֆրի Գալուստեան, տոքթ. Անտրէ Մարգարեան, Փիթըր Պետիկեան, Պոպի Ճիկարճեան, Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեան, Հ. Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Ճոաննա Խուրի, երէցկին Սուսաննա Տէր Խոսրովեան, Մարինա Մարեան)
Շարունակելով ծուխերու իր այցելութիւնները, Կիրակի, 14 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Սրբազան պատարագեց ու քարոզեց Ուայթինսվիլի (Մէսէչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը հաւատացեալները ողջունեց հայրական օրհնութիւններով եւ խօսեցաւ հաւաքական պաշտամունքի կարեւորութեան մասին։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն ու ճաշկերոյթ ի պատիւ նորընտիր առաջնորդին։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԸ՝ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ 
Ձախէն աջ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Կրէկ Պետեան, Անուշաւան Սրբազան, Ճորճ Աղճայեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Արա Չալեան 
Անուշաւան Սրբազան բացման աղօթքը կատարեց արեւելեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի 12րդ տարեկան մեծարանքի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի «Կրանտ Հայաթ» պանդոկին մէջ։ Յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակին արժանացան տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան՝ «Խոստումը» եւ «Կործանելու դիտաւորութիւն» ժապաւէններու արտադրիչը, եւ Թեռի Ճորճ՝ «Խոստումը»ի բեմագիրն ու բեմադրիչը։ Հանրային գործիչ ու դաստիարակ Քէն Սարաճեան ստացաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի «Վահան Գարտաշեան» մրցանակը։ 

ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ՝ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2ԻՆ
Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին, Անուշաւան Սրբազանի ընտրութիւնը պիտի նշուի յատուկ տօնախմբութեամբ։ Թեմիս Կրօնական Ժողովը եւ Ազգային Վարչութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրեն մասնակցելու առաւօտեան Ս. Պատարագին եւ անոր յաջորդող ճաշկերոյթին։

Անուշաւան Սրբազան պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (221 East 27 th Street, Նիւ Եորք)։ Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին։ Այնուհետեւ, ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Parkի մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Նիւ Եորք)։ Ընդունելութիւնը պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, իսկ ճաշի սպասարկութիւնն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:30ին։

Տոմսեր ապահովելու կամ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէք ելեկտրոնային նամակով ( email@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810) կապուիլ Առաջնորդարանին հետ։

ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւն մը պիտի սկսի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Շանթ սրկ. Գազանճեանի։ Սերտողութիւնը իրերայաջորդ Հինգշաբթի օրերուն պիտի շարունակուի՝ եօթը շաբթուան ընթացքին (բացառելով Գոհաբանութեան օրը)։ Տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( office@stilluminators.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-5880)։

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆԻ «ԳԱՂՏՆԻ ԱԶԳ» ( SECRET NATION ) ՀԱՏՈՐԸ
ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Աւետիս Հաճեան իր «Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey» (Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն հայերը) գիրքը պիտի ներկայացնէ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։ Ան ծանօթ անուն մըն է մեր համայնքին, ուր ապրած ու գործած է քանի մը տարի՝ Վենետիկ փոխադրուելէ առաջ։ Աշխատած է, ի միջի այլոց, CNN-ի եւ Bloomberg News-ի մէջ, եւ իր անգլերէն ու սպաներէն յօդուածները միջազգային կարեւոր թերթերու մէջ լոյս կը տեսնեն։ Լրագրական աշխատանքով այցելած է Արեւելեան Եւրոպան, նախկին Խորհրդային Միութիւնը, Չինաստանը, Կովկասը, Թուրքիան եւ Լատինական Ամերիկան։

“Secret Nation” ծաւալուն հատորը լոյս ընծայուած է I. B. Tauris հրատարակչատան կողմէ։ Հեղինակը իսլամաց(ու)ած հայերու հետքերը հետապնդած է Անատոլիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, արձանագրած է վերապրումի ու բացայայտումի պատմութիւններ, եւ խտացուցած է իր գիւտերը ընթերցողը կլանող պատումով մը։ Գիրքը բնորոշուած է իբրեւ «քաջարի, արտակարգ եւ մռայլօրէն գրաւիչ» Լոնտոնի «Թայմզ»ի հեղինակաւոր գրական յաւելուածին մէջ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել 212-689-7810 թիւին կամ գրել email@armenianprelacy.org հասցէին։ Տեղերը սահմանափակ են։

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՁԵՌՆԱՐԿ Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՄԷՋ
Էլի Պէրպէրեան ելոյթ կ՚ունենայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Չատրճեան» սրահին մէջ
Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» շաբաթօրեայ դպրոցին ու Կիրակնօրեայ դպրոցին աշակերտութեան արագ աճը պարտադիր դարձուցած է դասարաններու ընդարձակումը։ Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, այդ աշխատանքին ի նպաստ առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Չատրճեան» սրահին մէջ։

Խօսք առաւ տիկ. Անէթ Ճիվէլէկեան, որ տիկ. Նաթալի Մէնէշեանի հետ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհիներ էր։ Ան անդրադարձաւ մեր երիտասարդութեան, ինչպէս եւ լեզուն, կրօնքն ու մշակոյթը տարածող բոլոր հաստատութիւններուն աջակցելու կարեւորութեան։ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան նոյնպէս խօսք առաւ սեղաններու օրհնութենէն առաջ։ Ե րգիչ Էլի Պէրպէրեան, Գանատայէն յատկապէս հրաւիրուած իր նուագախումբով, մեծապէս խանդավառեց ներկաները իր ելոյթով։ Մեծ թիւով նուիրատուութիւններ արձանագրուեցան։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր, Խաչվերացի վեցերորդ Կիրակին է։ Սուրբ գրային ընթերցումներն են՝ Եսայի 20:2-21:6, Գաղատացիներ 4:3-18, Ղուկաս 4:14-23։


Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին:
 
Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէր.-
«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» :
Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին, երբ ըսաւ.
Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ:
Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին.
Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
Յիսուս ըսաւ.
Անկասկած ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ (Ղուկաս 4:14-23)

***

Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք:

Ճիշդ է որ նախապէս երբ զԱստուած չէիք ճանչնար, չաստուածներու կը ծառայէիք: Բայց հիմա որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կրկին կը վերադառնաք բնութեան տկար ու խեղճ ոյժերու պաշտամունքին եւ վերստին կ’ուզէք անոնց ծառայել. յատուկ կարեւորութիւն կու տաք որոշ օրերու եւ ամիսներու, որոշ ժամանակներու կամ տարիներու: Կը վախնամ որ ձեզի համար տարած ամբողջ աշխատանքս զուր անցած ըլլայ:

Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, ինծի պէս եղէք, քանի ես ալ ժամանակ մը ձեզի պէս էի:
Ձեզի դէմ բնաւ գանգատ մը չունիմ: Ընդհակառակը. հարկաւ գիտէք թէ սկիզբը, երբ Աւետարանը ձեզի քարոզելու եկայ, տկար էի մարմնով. եւ հակառակ անոր որ հիւանդ վիճակովս փորձանք եղայ ձեզի, չանարգեցիք զիս, ո՛չ ալ արհամարհեցիք. այլ զիս ընդունեցիք այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը կամ Քրիստոս Յիսուսը պիտի ընդունէիք. եւ ուրախութեամբ ըրիք ատիկա: Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ: Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի: Միթէ ճշմարիտը խօսած ըլլալուս համար թշնամի՞ եղայ ձեզի: Մի՛ կարծէք թէ ձեզի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այդ մարդիկը ձեր բարիքը կը խորհին: Ո՛չ: Անոնք կ’ուզեն ձեզ ինձմէ բաժնել, որպէսզի ամբողջութեամբ իրենց հետեւիք: Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլայիք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ (Գաղատացիներուն 4: 3-18)։


ՉՈՐՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ
Շաբաթ, 20 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Սուրբ Աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։ «Աւետարանիչ» թարգմանութիւնն է յունարէն Euaggelistes բառին, որ կը նշանակէ «ան որ բարի լուրեր կը բերէ»։ Սուրբ Հոգին աւետարանիչներուն մասնայատուկ կարողութիւնը կու տայ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը պարզ ու մեկին հաղորդելու։ Տիեզերական եկեղեցւոյ առաջին օրերուն, աւետարանչականութիւնը առաքեալներուն գործն էր։ Գ. դարուն, չորս կանոնական Աւետարաններուն հեղինակները ճանչցուեցան իբրեւ Սուրբ Աւետարանիչներ, եւ եկեղեցւոյ աճը պատճառ դարձաւ, որ «աւետարանիչ» բառը սկսէր սահմանել յատուկ պաշտօն մը, որ կը ներառէր «առաքեալներ, մարգարէներ, աւետարանիչներ, հովիւներ եւ ուսուցիչներ» (տե՛ս Թուղթ Եփեսացիներուն, 4:11-12)։ Չորս աւետարանիչները նահատակներ եղան։
 
Մատթէոսը Եկեղեցւոյ առաքելութեան հովանաւորն է։ Մատթէոսի Աւետարանը կը փակուի Յիսուս հրահանգով Իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն. « Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28:19-20)։
 
Մարկոսը կարեւոր դեր խաղացած է քրիստոնէութեան յառաջդիմութեան մէջ։ Թէեւ Մարկոսի Աւետարանը Յիսուսի կեանքի պատում մըն է, աստուածաբանները զայն աշակերտութեան ձեռնարկ մը կը նկատեն։ Անոր տիրական պատգամը այն է, որ քրիստոնեայ ըլլալը ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալ է, այլեւ Յիսուսի հաստատած օրինակով ապրիլ։ Ըստ աւանդութեան, Մարկոս Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը եղած է։ Անոր նշխարները կը պահուին աշխարհի ամենէն հոյակապ տաճարներէն մէկուն մէջ, որ սուրբին անունը կը կրէ եւ Վենետիկ կը գտնուի։
 
Ղուկասը հեղինակած է երրորդ Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոցը։ Բժիշկներու եւ արուեստագէտներու հովանաւորը կը համարուի։ Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ աշխարհի ցաւերը բուժող։ Յատկանշական է այս Աւետարանին մտահոգութիւնը աղքատներու, կիներու եւ ընկերութենէն մերժուածներու նկատմամբ։ Ան չի վերջանար Յարութեամբ, այլ կ՚անդրադառնայ Հոգեգալուստին եւ Քրիստոսի յաւերժական ներկայութեան։ Աւանդաբար կը կարծուի, որ Ղուկաս մաս կը կազմէր Յիսուսի կողմէ կազմուած 72 առաքեալներու խումբին եւ որ Էմմաւսի ճամբուն վրայ Յիսուսին հանդիպած անանուն աշակերտն էր։ 
 
Յովհաննէսը, յաճախ՝ «սիրեցեալ աշակերտ» կոչուած, չորրորդ Աւետարանի հեղինակն է։ Տասներկու աշակերտներէն միակն էր, որ Քրիստոսը չէ լքած եւ Խաչին ներքեւ կանգնած է։ Խաչելութեան օրը, Յիսուս իր մայրը վստահած է Յովհաննէսին։ Յովհաննէսի Աւետարանին ամենածանօթ համարը հետեւեալն է. « Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Ըստ աւանդութեան, Յովհաննէսը ձգած է Երուսաղէմը առաջին տիեզերական ժողովէն ետք ու Փոքր Ասիա մեկնած, հաստատուելով Եփեսոսի մէջ։ Այնուհետեւ աքսորուած է Պատմոսի կղզին, ուր գրած է Յայտնութեան գիրքը, թէեւ վերջերս գիտնականները եզրակացուցած են, որ Յովհաննէս Առաքեալն ու Յովհաննէս Պատմոսցին երկու տարբեր անձեր եղած են։

 
Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը.
Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր՝ Ղունկիանոս հայրապետ, Յովսէփ Աստուածահայր, Յովսէփ Արիմաթացի, Ղազար, Մարթա եւ Մարիամ։

Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր՝  Թէոդիտոն քահանայ, Զենոն զինուոր, Մակար, Եւդոքս եւ Ռամել։ 


Սօս Սարգսեան 
(ծնունդ՝ 24 Հոկտեմբեր, 1929)
Հայրենի դերասան Սօս Սարգսեան հայ թատրոնի ու շարժապատկերի ամենէն նշանաւոր անուններէն մէկը հանդիսացաւ Ի. դարու երկրորդ կէսին։

Ծնած է Ստեփանաւան (Լոռի), 24 Հոկտեմբեր 1929ին։ Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1947ին, Տէյվիտ Գոփըրֆիլտի դերը խալալով Չարլզ Տիքընսի համանուն վէպի հիմամբ թատերախաղի մը մէջ։ Յաջորդ տարին, ան փոխադրուած է Երեւան, ուր մտած է Պատանի հանդիսատեսի թատրոնը։ Մինչ այդ, ուսումը շարունակած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ, աւարտելով 1954ին։ Շրջանաւարտ ըլլալու տարին, մտած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնը, ուր աշխատած է յաջորդ 37 տարիներուն։

Սօս Սարգսեան այն դերասաններէն էր, որոնք արտաքին շեշտադրումներու եւ յուզումնախառն կեցուածքներու պէտք չունէր՝ իր ներքին աշխարհը ցոլացնելու համար։ Իր թատերական երկարամեայ փորձառութիւնը ընդգրկած է հայ եւ օտար հեղինակներու բազմաթիւ թատերախաղեր։

Սարգսեան նաեւ մեծ պաստառին վրայ երեւցած է աւելի քան քառասուն անգամ, մատուցելով անմոռանալի կերպարներ հայկական դասական շարժանկարներու մէջ, ինչպէս «Նուագախմբի տղաները» (1961), «Եռանկիւնի» (1967, ՀԽՍՀ մրցանակ 1975ին), «Մենք ենք, մեր սարերը» (1969), «Խաթաբալա» (1971), «Նահապետ» (1977), «Ձորի Միրօ» (1981), «Գիքոր» (1982) եւ ուրիշներ։ Ան նաեւ խաղացած է զանազան ռուսական ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ ամենէն նշանաւորն էր Անտրէյ Տարկովսկիի համբաւաւոր «Սոլարիս» ֆիլմը (1972)։ Ան եղած է խօսնակը «Մատենադարան» փաստանկարին (1988, ՀԽՍՀ մրցանակ նոյն տարին)։

1992ին Սօս Սարգսեան հաստատած է «Համազգային» թատրոնը, զոր ղեկավարած է մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Ան շարունակած է բեմադրիչի ու դերասան ասպարէզը, թէ՛ թատրոնի եւ թէ՛ շարժապատկերի մէջ։ Միաժամանակ, 1997-2005ին Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկի տնօրէնն էր, եւ այնուհետեւ՝ տնօրէններու խորհուրդի անդամ, մինչեւ իր մահը։ Ան շարք մը վէպեր, յուշագրութիւններ եւ փորձագրութիւններու ժողովածուներ հրատարակած է 1991էն մինչեւ 2013։

Աւելի քան վաթսուն տարուան իր ասպարէզով, Սօս Սարգսեան արժանացած է ամենաբարձր պարգեւներու։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ նշանակուած է 1972ին, եւ Խորհրդային Միութեան՝ 1986ին։ Անկախութենէն ետք, ստացած է Հայաստանի հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը (1996), Հայց. Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» մետալը (2000) եւ Արցախի հանրապետութեան «Մխիթար Գօշ» մետալը (2001)։ 2000ին Երեւանի պատուոյ քաղաքացի հռչակուած է եւ փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 2003ին։

Դերասանը նաեւ ազգային հարցերով տառապող հանրային գործիչ էր։ 1989-1991ին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Սովետի պատգամաւոր ընտրուելէ ետք, Հոկտեմբեր 1991ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ իբրեւ թեկնածու առաջադրուած է Հայաստանի նախագահական առաջին ընտրութիւններուն։ 2009ին Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է նոյն կուսակցութեան ցանկով։ Նաեւ Հանրապետութեան Հանրային Խորհուրդի անդամ նշանակուած է։

Սօս Սարգսեան իր մահկանացուն կնքած է 26 Սեպտեմբեր, 2013ին, Երեւանի մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։

ՀԱՅԵՐԷՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ՁԵՐ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻՆ ՄԷՋ
Հայերէն գիրքը այլեւս սահմանափակուած չէ գրադարաններու չորս պատերուն մէջ։ Համացանցը մեծ հեռանկարներ բացած է անոր տարածումին։

Վերջերս հրապարակ ելած է Vlume հարթակը (www.vlume.com)՝ հայերէն թուայնացած եւ ձայնային գիրքերու ճոխ ու հետզհետէ ընդարձակուող հաւաքածոյով։ Անոր նպատակն է, մէկ կոճակի սեղմումով, հայ հին ու նոր գրականութիւնը ամէն տեղ եւ ամէն մարդու մատչելի դարձնել։

Այս հարթակը կը ներկայացնէ 80 հեղինակներու գործեր՝ կարդալու կամ լսելու համար նորաստեղծ միջոցներով, ներառեալ՝ բջջային հեռաձայները (Android եւ iOS):

Յաւելուածը (app) ներբեռնելու համար, պէտք է այցելել հետեւեալ կայքէջերը. 
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն ու քսակներուն մէջ

Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։
Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ — Դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ՝ 817 River Road, New Milford, New Jersey։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած “Armenia!” անունով մեծ ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։

20 Հոկտեմբեր —Armenian Friends America, Inc.-ի վեցերորդ տարեկան HYE KEF 5։ Կը մասնակցին Օննիկ Տինքճեան, Ճոն Պէրպէրեան, Արա Տինքճեան, Մէլ Պարսամեան եւ Ճէյսըն Նարոյեան։ Double Tree Hotel, Andover, Massachusetts։ Տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք  www.ArmenianFriendsofAmerica.org կայքէջը։

25 Հոկտեմբեր-13 Դեկտեմբեր (Հինգշաբթի օրեր) —Յայտնութեան գիրքի սերտողութիւն, եօթը մասով։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( office@stilluminators.org ) կամ հեռաձայնով՝ (212) 689-5880։

28 Հոկտեմբեր —Ռէյսինի (Ուիսքոնսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 80ամեակ։ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ առաւօտեան ժամը 10ին՝ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի մատուցմամբ եւ Տ. Տարօն քհնյ. Ստեփանեանի մասնակցութեամբ։

31 Հոկտեմբեր —Աւետիս Հաճեանի «Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն հայերը» (“Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey”) գիրքի ներկայացում Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, 138 East 39 th Street, New York City։ Գիրքը պիտի ներկայացնէ հեղինակը։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք email@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։

2, 3 եւ 4 Նոյեմբեր —Տարեկան պազար եւ կերակուրներու փառատօն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, 461 Bergen Boulevard, Ridgefield, New Jersey։ 
2 եւ 3 Նոյեմբեր —Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսեթս) կը ներկայացնէ իր տարեկան 62րդ պազարը Ուոթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ։

4 Նոյեմբեր —Մարդաբանութեան/Հայկական թանգարանը՝ Շարժական Պատկերի թանգարանին (MOMI) հետ միասին, պիտի ներկայացնէ երկու շարժանկարներ՝ «Խոստումը» (“The Promise”) եւ «Կործանելու դիտաւորութիւն» (“Intent to Destroy”)։ Հարց ու պատասխանի բաժնին ելոյթ պիտի ունենայ վերջինիս բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրը։ Տոմսակներ ապսպրելու համար, հեռաձայնել 718-428-5650 թիւին։

10 Նոյեմբեր —«Հաւատամքի հետազօտութիւն», 3-ժամեայ սեմինար Ինտիըն Օրչըրտի (Մէսէչուսեթս) Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Բանախօս՝ Շանթ սրկ. Գազանճեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Տեղեկութիւններու համար, դիմեցէք եկեղեցւոյ գրասենեակին ելեկտրոնային նամակով ( stgregorymass@yahoo.com ) կամ հեռաձայանով՝ (413) 543-4763.

10 եւ 11 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2018, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ։ Տարեկան կերակուրներու փառատօն՝ Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston, Rhode Island։ «Համազգային»ի «Արցախ» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ երկու օրերուն։ Տեղեկութիւններու համար՝  www.armenianfestri/food.com կամ 401-831-6399։

2 Դեկտեմբեր —Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ի պատիւ ճաշկերոյթ Terrace on the Parkի մէջ։ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ։

9 Դեկտեմբեր —“What’s in a Name? The Etymology of Armenian Surnames”։ Դասախօսութիւն՝ գրող եւ խմբագիր C. K. Garabed-ի կողմէ։ Կէսօրէ ետք ժամը 1, «Բաշալեան» սրահ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, 221 East 27 th Street, New York City, Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հովանաւորութեամբ։ 

5 Մայիս 2019 —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ։


Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/