SHARE:  
27 Փետրուար, 2019
ՏԻԿ. ԹԱՄԱՐԱ ՏԷՐ ՄԽՍԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Ազգ. Առաջնորդարանը կը սգայ Թամարա (Թամի) Տէր Մխսեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարին։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 25 Փետուարին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ թեմիս առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, որուն հետեւեցաւ թաղումը «Սիտըր Կրով» գերեզմանատան մէջ (Ֆլաշինկ, Նիւ Եորք)։

Թամի Տէր Մխսեան ծնած էր 29 Ապրիլ, 1932ին, Թեհրան, ու Միացեալ Նահանգներ ժամանած՝ 1945ին։ Հաստատուած է Ուաշինկթըն Հայցի հայկական թաղամասին մէջ՝ Մանհաթընի վերի կողմը։ 13 Յունիս 1954ին, ամուսնացած է տոքթ. Տէր Մխսեանի հետ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ 1952-1956ին, փոքրամարմին, տաղանդաւոր ու գեղեցկադէմ Թամին «Ռէտիօ Սիթի» թատերասրահի պալէի խումբի գլխաւոր պարուհին էր։

1974ին, թեմիս երբեմնի առաջնորդ Գարեգին արք. Սարգիսեանի (յետագային՝ կաթողիկոս) հրաւէրով, Թամի Տէր Մխսեան Առաջնորդարանիս Տիկնանց Միութեան հիմնադիրներէն մէկը եղաւ։ Աշխոյժ կիներու այս խումբը Առաջնորդարանի դրամահաւաքի գլխաւոր ուժը հանդիսացաւ, ինչպէս եւ ձեռնարկողը շարք մը նորարար գործունէութիւններու, որոնք հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը վառ կը դարձնէին ու ամբողջ համայնքի աջակցութիւնը կը վայելէին։ Առաջնորդարանի կողքին, տիկ. Տէր Մխսեան «Սէյնթ Լիւք» հիւանդանոցի կամաւոր էր ու նոյն հիւանդանոցի կնոջական օժանդական յանձնախումբի անդամ, ինչպէս եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երկարամեայ հաւատացեալ անդամը։ 

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ամուսնոյն՝ տոքթ. Ճորճ Տէր Մխսեանին, որդիներուն՝ Կրեկըրի եւ Ճէֆրի, հարսերուն՝ Սիւզան եւ Ռուպինա, եւ թոռներուն՝ Մաթիւ, Մայքլ, Նիքոլ եւ Ճեննա։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Խղճի եւ պաշտամունքի ազատութեան ի խնդիր պայքարը
Վաղը՝ Հինգշաբթի, 28 Փետրուար, հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ Սրբոց Վարդանանց տօնը, յիշատակելով 451 թուականի պատերազմը՝ հեթանոս Պարսկաստանի եւ քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ։ Պարսիկ թագաւոր Յազկերտ Բ. հրահանգած էր իր տիրապետութեան տակ գտնուող բոլոր քրիստոնեաներուն, որ ուրանային իրենց կրօնքը եւ զրադաշտականութիւնը ընդունէին։ Սակայն, հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարները մերժեցին ենթարկուիլ այդ հրամանին եւ ուխտեցին պայքարիլ ընդդէմ՝ ճշմարտութեան թշնամիներուն։ Աւարայրի դաշտին վրայ երկու բանակներուն ճակատագրական հանդիպումէն առաջ, հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան իր զինուորներուն այսպէս խօսեցաւ. «Ան, որ կը կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը իբրեւ զգեստ ունինք հագած, այժմ չի կրնար մեզ փոխել՝ ինչպէս մարմնի գոյնը կարելի չէ, գուցէ այլեւս չկարենայ մինչեւ վերջ: Որովհետեւ ասոր հիմքերը հաստատ կերպով դրուած են անշարժ վէմի վրայ, ո՛չ թէ երկրի վրայ, այլ վերը՝ երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւներ կու գան, ո՛չ քամիներ կը փչեն եւ ոչ ալ հեղեղներ կը յարուցանեն: Եւ մենք ալ, թէպետեւ մարմնով երկրի վրայ ենք, բայց հաւատքով հաստատուած ենք երկնքի մէջ, ուր ոչ ոք կրնայ հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ շինուածքին»:

Թէեւ թիւով նուազ հայոց բանակը, ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեց հզօր պարսկական բանակին։ Վարդանն ու բազմաթիւ հայ զինուորներ նահատակուեցան, բայց պարսիկները ա՛լ աւելի մեծ թիւով մեռելներ ունեցան, եւ վերահասու եղան հայոց ուժեղ յանձնառութեան իրենց քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ։ Այս ճակատամարտով, հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս մաս կը կազմէր իր ինքնութեան։

Դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ աւելի քան երեսուն տարի։ 484ին, հայոց նոր ղեկավարը՝ Վահան Մամիկոնեան, որ Վարդանի եղբօրորդին էր, յաջողեցաւ կնքել Նուարսակի դաշնագիրը, որ կրօնական ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն շնորհող կանխագոյն փաստաթուղթերէն մէկն է։

Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց հերոսները սրբացուց 5րդ դարուն իսկ։ Ապրիլ 2015ին մեր սերունդը ականատես եղաւ Մեծ Եղեռնի 1.500.000 նահատակներուն պատմական հաւաքական սրբադասման։ Առաջին նմանօրինակ պարագան էր՝ 15րդ դարուն Գրիգոր Տաթեւացիի սրբադասումէն ի վեր։ Ներսէս Շնորհալի հեղիանակած Վարդանանց տօնի օրհնութեան շարականը կ՚ըսէ.

«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու, Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր զթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի։

... Գոհութեամբ փառատրութիւն երրորդութեանդ նուագեմք, բազմութեամբ պսակելոցս զմեօք մածեալ առաքինեացս, եկեղեցիք Հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան, ունելով միշտ բարեխօս զճգնութիւն մարտի սոցա»։

(Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինիներու, Հոգիի զէնքով արիաբար զինուեցար մահուան դէմ. Վարդան, քաջ նահատակ որ թշնամին վանեցիր, վարդագոյն արիւնովդ եկեղեցին պսակեցիր։

... Գոհութեամբ օրհնութիւն կ՚երգենք սուրբ Երրրոդութեանդ, մեզի՝ առաքինիներուս միացած մարտիրոսներու բազմութեամբ, Հայոց եկեղեցիները պայծառապէս զարդարուեցան, միշտ բարեխօս ունենալով անոնց մարտիրոսական ճգնութիւնը»)։

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՔ
Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին նշեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնը։ Վարդանանց պատերազմէն ետք, խումբ մը հոգեւորականներ եւ սարկաւագներ ձերբակալուեցան պարսից թագաւորին կողմէ եւ բանտարկուեցան, այնուհետեւ չարչարուելու եւ սպաննուելու համար։ Ղեւոնդ Երէցը կը յիշուի իբրեւ խումբին ղեկավարը, որովհետեւ ան Վարդան Մամիկոնեանի խորհրդականն էր, եւ Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին ներշնչող պատգամ մը ուղղած էր հայոց զօրքերուն։ Ղեւոնդ, որ լայն կրթութիւն ունէր, օժանդակած էր Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան գործին։

454ին նահատակուած Ղեւոնդեաններն էին՝ Յովսէփ կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Ղեւոնդ, Մուշեղ, Արշէն, Մանուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն երէցները, Գաճաճ եւ Աբրահամ սարկաւագները։

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Սրբոց Վարդանանց նուիրուած երկու եկեղեցիներ ունինք Արեւելեան թեմին մէջ, որոնք կը գտնուին Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի) եւ Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ)։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան վաղը՝ Հինգշաբթի, 28 Փետրուարին, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Տիկնանց Միութիւնը ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է յաւարտ Ս. Պատարագի։

Իսկ Կիրակի, 3 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ճամբորդէ Փրովիտընս, ուր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ ու քարոզէ, դպիր ձեռնադրէ եւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհէ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ եւ գեղարուեստական յայտագիր։

ՄՒՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 2 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընտրութեան եւ արքութեան աստիճանի բարձրացման զոյգ առիթներով՝ գոհաբանութեան միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւնը պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00ին, եւ անոր պիտի հետեւի ճաշկերոյթ մը։ Անցեալ քսան տարիներուն, ԱնուշաւանՍրբազան Հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը եղած էր՝ առաջնորդական փոխանորդի իր պաշտօնին կողքին, եւ ջերմ ու սիրալիր կապեր հաստատած՝ այլ եկեղեցիներու բազմաթիւ ղեկավարներու հետ։

Շաբաթ, 2 Մարտին, ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին, կ՚ոգեկոչուին Կ. Պոլսոյ տիեզերական ժողովի (381) 150 սուրբ հայրերը։ Կ. Պոլսոյ ժողովին տիեզերականութիւնը 451ին ճանչցուած է Քաղկեդոնի ժողովին կողմէ։

Շաբաթ օրուան միջ-եկեղեցական արարողութեան համար պատրաստուած աղօթքը կ՚անդրադառնայ Կ. Պոլսոյ ժողովի սուրբ հայրերուն, նշելով. «Դուն զիրենք բաժնեկից դարձուցիր Քու կամաւոր տառապանքներուդ։ Իսկ այժմ՝ բոլոր սուրբերը միջնորդներ կը նկատենք, որպէսզի անոնց աղօթքներուն եւ միջնորդութիւններուն շնորհիւ, Դուն խաղաղութիւն բերես մեր կեանքերուն՝ մեզ ազատելով տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէ»։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ
ԱՆՏԻՈՔԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ընկերակցութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ մետրոպոլիտ Ճոզէֆին, Անտիոքեան ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ (Էնկլվուտ, Նիւ Ճըրզի)։ 

Տ. ՎԱՀԱՆ ՔՀՆՅ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Կիրակի, 24 Փետրուարին, Անուշաւան արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Նիւ Պրիթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Նորօծ Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան կատարեց իր առաջին պատարագն ու քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեան, որ վերջերս հանգստեան կոչուած էր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի իր պաշտօնէն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը։ 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Հայ Մամուլի նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 Յուլիս, 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։

Համաժողովը պիտի քննարկէ՝ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւնները ու ընկերային ցանցերու ունեցած դերը լրատուական աշխարհին մէջ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։

Մամուլի այն գործիչները, որոնք կ ՚ ուզեն ներկայ ըլլալ համաժողովին, պէտք է իրենց դիմումը ուղարկեն Կաթողիկոսարան, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ info@armenianorthodoxchurch.org ։ Անհրաժեշտութեան պարագային կրնան կապ հաստատել Տիար Խաչիկ Տէտէեանին հետ (հեռաձայն՝ +961 4 410001)։

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» 2019
1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը՝ հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Ասիկա շարքի 36րդ համերգն է, որուն պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Քարա Պօղոսեան պրոնզէ մետալ ստացած է «Ֆիշոֆ» սենեկային երաժշտութեան ազգային մրցոյթին, որ նմանօրինակ ամենամեծ մրցոյթն է աշխարհի մէջ։ Ան վերջերս ելոյթ ունեցած է NPR ռատիոկայանի “From the Top” յայտագրին մէջ։ Ան ներկայիս «Քըրթիս» երաժշտական հիմնարկի երկրորդ տարուան ուսանող է եւ Հ.Բ.Ը.Մ.էն կրթաթոշակ ստացած։

«Ճուլիըրտ» դպրոցի համերգի մրցոյթի յաղթական հանդիսանալուն՝ Էդուարդ Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է դպրոցի նուագախումբին հետ՝ Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնի եւ Շիքակոյի «Հարրիս» թատերասրահին մէջ։ Պօղոսեան ուսանող է Պելճիքայի «Էլիզապէթ թագուհի» երաժշտական մատուռին մէջ եւ «Ճուլիըրտ» դպրոցի շրջանաւարտ է։

Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall սրահին մէջ (West 57 th Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։

Առաջնորդարանը այս տարեկան համերգը կը ներկայացնէ իբրեւ համայնքի գեղարուեստական իրագործումներու նպաստ մը, մեծ մասամբ շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ հովանաւորներու, որոնք ամէն տարի իրենց նիւթական օժանդակութիւնը կը բերեն՝ ծախսերը հոգալու եւ տոմսակներու գինը մատչելի պահելու համար։

«Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դարձէք
«Միւզիքըլ Արմինիա»ն հաստատուած է 1982ին, հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի ջանքերով։ Ան նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներու համբաւը եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան մեկնաբանութիւնը տարածելու։ Անցնող 37 տարիներուն, տարեկան այս համերգներուն մասնակիցներէն շատերը ամուր դիրք հաստատած են երաժշտական ասպարէզին մէջ։ 

Ինչպէս ըսինք, տարեկան այս համերգներուն մուտքի գինը մատչելի մնացած է շնորհիւ՝ հովանաւորներու աջակցութեան։ Իբրեւ հովանաւոր, դուք կարեւոր նպաստ մը կրնաք բերել տաղանդաւոր երաժիշտներու զարգացումին ու յաջողութեան։ Նուիրատուներուն անունները հետեւեալ կարգով կը յիշուին համերգի յայտագրին մէջ ․-

Diamond $1.000        Platinum $500           Gold $300      Silver $200

Diamond, Platinum, եւ Gold հովանաւորները երկու անվճար տոմսակներ կը ստանան։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու կամ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դառնալու համար, հաճեցէք կապ հաստատել՝ իմակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810 x 26), Սոֆիին հետ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 6:1-21

Զգո՛յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն:
Երբ ողորմութիւն կ’ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ’ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ’ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ’ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս:
Նմանապէս, երբ կ’աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Դուն երբ կ’աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ: Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէս:
Տակաւին, երբ կ’աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան: Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք: Ուրեմն այսպէս աղօթեցէք.-
Հայր մեր երկնաւոր,
սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ,
թող կատարուի քու կամքդ,
ինչպէս որ երկինքի մէջ՝
այնպէս ալ երկրի վրայ։
Ամէնօրեայ մեր հացը
այսօր եւս մեզի տուր։
Ներէ՛ մեր յանցանքները,
ինչպէս որ մենք կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են։
Եւ թոյլ մի՛ տար
որ փորձութեան մէջ իյնանք.
այլ մեզ չարէն ազատէ՛:
Որովհետեւ քուկդ են միշտ
արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը։ Ամէն:
Որովհետեւ եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի: Իսկ եթէ մարդոց չներէք իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները:
Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: 
Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս:
Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատը քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը:
 

ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:11-14:23

Սիրոյ այս սկզբունքով ընթացէք, գիտնալով թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ’ապրինք: Ժամանակն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք, որովհետեւ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան այն ատեն՝ երբ հաւատացինք: Գիշերը ահա կ’անցնի եւ ցերեկը մօտ է: Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու: Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք:

Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու: Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել: Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բան­ջարեղէն կ’ուտէ միայն: Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է: Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես: Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած: Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել:
Նոյնպէս, ոմանք կը խորհին՝ թէ զԱստուած պաշտելու համար այսինչ օրը աւելի կարեւոր է քան միւս օրը, մինչ ուրիշներու համար բոլոր օրերը նոյնն են: Իւրաքանչիւրը թող իր համոզումը պահէ: Կը բաւէ որ թէ՛ յատուկ օր մը փնտռողը եւ թէ՛ օրերու միջեւ խտրութիւն չդնողը երկուքն ալ Տէրը պատուել կը խորհին: Նոյնպէս ալ, թէ՛ ամէն ինչ ուտողը Տէրը կը պատուէ եւ թէ՛ չուտողը, երբ երկուքն ալ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն:
Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ’ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի: Եթէ կ’ապրինք՝ Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք: Ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս: Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ’արհամարհես: Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ես ինձմով կ’երդնում,- կ’ըսէ Տէրը,-
որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս
եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի
թէ ես եմ Աստուածը»:

Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջա­նանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ:
Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ: Բան մը պիղծ կ’ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ: Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես: Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը տուաւ: Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ: Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն՝ Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ’ըլլայ:
Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել: Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես: Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ: Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ: Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ: Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ’ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ’ըլլայ: Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ: Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 58:1-14
Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Շաբաթ, 2 Մարտին, Հայց. Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Կ. Պոլսոյ տիեզերական ժողովին 150 հայրերը։ Թէոդոս կայսեր կողմէ 381ին գումարուած այս երկրորդ տիեզերական ժողովը հաստատեց Նիկիոյ ժողովի աշխատանքները եւ աւելցուց հինգ յօդուածներ Նիկիական Հանգանակին՝ Սուրբ Հոգիի, Եկեղեցւոյ, մկրտութեան եւ յարութեան մասին։ Պոլսոյ ժողովը Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած երեք տիեզերական ժողովներէն մէկն է։

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 3 Մարտին, Բուն Բարեկենդան է՝ Մեծ Պահոց նախատօնակը։ «Բուն» բառի գործածութիւնը կը զատորոշէ այս բարեկենդանը ուրիշ բարկենդաններէ, որոնք եկեղեցական տօնացոյցին մէջ նշուած են՝ պահքի ուրիշ շրջաններու նախօրեակին։ Բարեկենդանի Կիրակին Պահքի սկզբնաւորութեան նախորդող օրն է։ Ան յատկանշուած է առատ ուտելիքով, ուրախութեամբ, զուարճութեամբ եւ զանազան տօնախմբութիւններով։ Աւանդաբար տան կերակուրները, որոնք Պահքի շրջանին արգիլուած են, Բարեկենդանին կը սպառին կամ ոչ-քրիստոնեայ դրացիներու կը տրուին։ Բոլոր կենդանական արտադրանքները, ներառեալ կաթնեղէն եւ հաւկիթներ, արգիլուած են Մեծ Պահքի շրջանին։ Ամենահին հայկական աւանդութիւնը ա՛լ աւելի խիստ էր եւ կը կոչուէր «աղուհաց»՝ այդ սահմանափակումներուն հետեւանքով։

Բուն Բարեկենդանը հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ դէպի Մեծ Պահքի շրջանը։ Սուրբ Խորանը, ինչպէս նաեւ յարակից խորաններ կը փակուին Բուն Բարեկենդանի Կիրակիին նախորդող Շաբաթ երեկոյէն սկսեալ խորհրդանշելով Ադամի ու Եւայի վտարումը Դրախտէն։ Հետեւաբար Մեծ Պահքի ընթացքին եկեղեցին կ՚ունենայ փակ խորան։ Մեր եկեղեցին որդեգրած է հետեւեալը պահել հաւատարմօրէն այս կարեւոր շրջանին

-- Մեծ Պահոց շրջանը ինքնամփոփման եւ ինքնաքննութեան շրջան մըն է հաւատացեալներուն համար։ Թելադրելի է, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ կանոնները կը հրահանգեն, ժուժկալ եւ զուսպ կեանք մը ապրիլ։

-- Մեծ Պահոց Բարեկենդանի Կիրակիէն կը սկսի գոց պատարագի մատուցումը։

-- Մեծ Պահոց շրջանին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սուրբ Հաղորդութիւն չի տրուիր, սակայն փափաքողներուն Սուրբ Հաղորդութիւն կը տրուի Պատարագէն ետք, աւանդատան մէջ, խոստովանանք կատարելէ յետոյ։

-- Մեծ Պահոց ընթացքին, Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Զատիկ պսակ չ՚օրհնուիր։ Իսկ այս շրջանին զուգադիպող մկրտութեանց աւարտին, երեխային խորան ընծայման պահուն արգիլուած է վարագոյրը բանալ։

-- Եթէ Տեառնընդառաջի տօնը (Փետրուար 14) զուգադիպի Մեծ Պահոց շրջանին, բաց պատարագ տեղի կ՚ունենայ, հաւաքական խոստովանանք եւ Սուրբ Հաղորդութիւն չի տրուիր, եւ «Ի սուրբ, ի սուրբ»էն ետք խորանը կը փակուի։

-- Մեծ Պահոց ընթացքին սեւ կամ մութ գոյնով վարագոյրներ կը գործածռւին խորաններուն համար։

-- Մեծ Պահոց արարողութեանց եւ Սուրբ Պատարագներու ընթացքին դպրաց դաս ու սարկաւագներ թելադրելի է, որ մութ գոյն շապիկներ հագնին եւ երգեն մեղմօրէն եւ չափաւոր կշռոյթով, նուազ հանդիսութեամբ։

-- «Ողջոյն» չի տրուիր Մեծ Պահոց Պատարագներու ընթացքին։

-- Մեծ Պահոց ընթացքին Աւետարանը ծածկուած կ՚ըլլայ սեւ քօղով։ Քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանին Աւետարան չի համբուրուիր եւ չի բարձրացուիր ի տես ժողովուրդին։ Աւետարան կարդալէ առաջ քահանան շուրջառ կ՛առնէ եւ կարդալէ ետք՝ շուրջառը կը հանէ անմիջապէս։

-- Մեծ Պահոց ընթացքին, Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւններ կը կատարուին Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, եւ կամ ըստ յարմարութեան։ Ընդունուած է, որ Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակիէն (Արտաքսման) մինչեւ Գալստեան Կիրակի, պատարագի աւարտին կատարուի Արեւագալի Ժամերգութիւն։

-- Մեծ Պահոց Հսկումի արարողութիւնները հոգեւորականը կ՚օգտագործէ խօսելու համար պահեցողութեան եւ հոգեւոր ու աղօթանուէր կեանքի բարիքներուն մասին, եւ կամ կը կազմակերպէ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած լսարանային դասախօսութիւններ։

-- Մեծ Պահոց ընթացքին եկեղեցիներու հոգաբարձուներուն կամ անոնց յարակից մարմիններուն եւ կամ ազգային թէ օտար կազմակերպութիւններուն՝ խստիւ արգիլուած է խրախճանական ոեւէ ձեռնարկ կատարել եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

-- Ծաղկազարդի Կիրակի օրը բաց Պատարագ կը մատուցուի եւ Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեան՝ խորանը դարձեալ կը փակուի։

-- Աւագ Շաբթուան ընթացքին վարագոյրը կը բաուի Աւագ Հինգշաբթի՝ Սուրբ Պատարագին եւ Ոտնլուային, ապա վերստին կը փակուի՝ Խաւարումին։ Իսկ Ճրագալոյցին՝ Դանիէլի ընթերցուածէն անմիջապէս ետք կը բաուի խորանը։

-- Քրիստոսի Սուրբ գերեզմանը, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ծաղիկներով կը զարդարուի, Աւագ Ուրբաթ օր կը դրուի եկեղեցւոյ դասին մէջ։ Զայն եկեղեցւոյ կամ շրջափակին մէջ պտտցնելը ընդհանրացած սովորութիւն չէ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

-- Կը ջանանք շաբաթ երեկոները Կիրակմտից ժամերգութիւն կատարել համաձայն տեղական պայմաններուն եւ կարելիութեանց։

-- Տաղաւար տօներուն յաջորդող Մեռելոց Յիշատակի օրերուն, հոգեւոր հովիւները գերեզմանատան կամ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարեն յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ՝ գերեզմանօրհնէք։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ 4 ՄԱՐՏԻՆ
Մեծ Պահքը կը սկսի Երկուշաբթի, 4 Մարտին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է։ Կը սկսի Բարեկենդանը անմիջապէս յաջորդող Երկուշաբթին եւ կ՚երկարի 40 օրերու վրայ՝ մինչեւ Ղազարի յարութեան նշումը Ծաղկազարդը նախորդող Շաբաթ օրը։ Յաջորդ պահքի շրջանը կը զուգադիպի Աւագ Շաբթուան հետ։

Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։

«Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ՝ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ
Պահքի շրջանին, ընկերային ձեռնարկներ ու տօնախմբութիւններ (ներառեալ՝ հարսանիքներ) տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Պահքը աղօթքի, խորհրդածութեան եւ ներհայեցողութեան ժամանակաշրջան մըն է՝ Մեր Տիրոջ յարութեան նախապատրաստուելու համար։ Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն եւ եկեղեցւոյ հետ կապուած բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս աւանդութիւնը յարգեն՝ ձեռնարկներ ծրագրելու ժամանակ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ 6 ՄԱՐՏԻՆ
Մեծ Պահոց շրջանը կը սկսի Երկուշաբթի, 4 Մարտին։ Ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագիրը պիտի կատարուի Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իրերայաջորդ վեց շաբաթներ։ Յայտագրին մաս կը կազմեն՝
– եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ ժամը 7:00ին,
– 20 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը՝ ժամը 7:30ին
– ընթրիք՝ ժամը 8:00ին։

Առաջին դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Չորեքշաբթի, 6 Մարտին։ Խօսք պիտի առնէ Ազգ. Առաջնորդարանիս Հաղորդակցութեան եւ Հրատարակութիւններու բաժնի վարիչ տնօրէն տիկ. Այրիս Փափազեան, որ պիտի խօսի «Փոփոխութեան մարտահրաւէրը. եկեղեցին ու մամուլը թուային դարաշրջանին» նիւթով։
Յաջորդ դասախօսները պիտի ըլլան՝
– Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան (13 Մարտ)
– Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան (20 Մարտ)
– Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան (27 Մարտ)  
– Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան (3 Ապրիլ)
– Փրոֆ. Շոպան Նաշ-Մարշալ (10 Ապրիլ)։

Յայտագիրը կը հովանաւորեն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը։ 
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը 15 Մարտ է։ Մասնակցիլ փափաքողները տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կրնան կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով՝ office@stilluminators.org։
Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը
 (3 Մարտ 1918)

Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը կնքած է ռուսական պարտութիւնը եւ մասնակցութեան աւարտը Ա. Աշխարհամարտին մէջ։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յաջորդած էր խորհրդային վարչակարգի հաստատումը Ռուսաստանի մէջ, որ սակայն յուսահատ կացութեան մէջ էր քանի մը ամիս ետք։ Յեղափոխական կառավարութիւնը, իբրեւ առաջին քայլ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ, խաղաղութեան մասին հրովարտակ մը հրապարակած է 26 Հոկտեմբեր, 1917ին, Խորհուրդներու երկրորդ համառուսաստանեան համագումարին ընթացքին։ Հրովարտակը, որ հեղինակուած էր նոյնինքն Վլատիմիր Լենինի կողմէ, բոլոր մարտնչող կողմերուն կ՚առաջարկէր բանակցութիւններու սկսիլ՝ «արդար ժողովրդավար աշխարհ» մը ստեղծելու համար։

Հրովարտակին մերժումը Դաշնակիցներուն (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Իտալիա) կողմէ, Խորհրդային Ռուսաստանը մղած է անջատ խաղաղութիւն կնքելու գործընթացին մէջ մտնելու։ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն (Գերմանիա, Աւստրիա-Հունգարիա, Օսմանեան կայսրութիւն եւ Պուլկարիա) միջեւ բանակցութիւնները սկսած են Պրեստ-Լիթովսկի մէջ, 9 Դեկտեմբերին։ Խորհրդային պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատոլֆ Եոֆֆէի, իբրեւ պայմաններ դրած է գրաւուած տարածքներէ զօրքերու հանումը, պատերազմի ընթացքին ստրկացած ազգերու ազատագրումը, ամէն տեսակի ռազմատուգանքներէ հրաժարումը, եւ այլն։

Գերմանական պատուիրակութիւնը հակադարձած է իր սեփական ծրագրով, որ կը ներառնէր Մերձպալթիական շրջանի կցումը Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի նոր բաժանում մը։ Գերմանիա, միաժամանակ, կը ցանկար պահել ռուսական գրաւուած տարածքները՝ անոնց տնտեսական միջոցները շահագործելու համար։

Ռուսաստանն ու Գերմանիան անջատ բանակցութիւններ սկսած են 27 Դեկտեմբերին։ Ամիս մը ետք, Կեդրոնական Պետութիւնները համաձայնութիւն մը կնքած են Կեդրոնական Ռատային հետ (Ուքրանիոյ յեղափոխական խորհրդարանը)՝ Ուքրանիայէն ուտելիք ստանալ փոխան զինուորական օգնութեան։ Միեւնոյն գիշերը Գերմանիա վերջնագիր մը յղած է Ռուսաստանին՝ գերմանական պայմանները գործադրելու։ Յաջորդ օրը, Լեւ Թրոցկի, որ խորհրդային պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր, պատասխանած է, թէ Ռուսաստանը պիտի չստորագրէր համաձայնագիրը, բայց կը դադրեցնէր մարտերը եւ կը պարպէր զօրքերը։ 18 Փետրուարին, Կեդրոնական Պետութիւնները վերսկսած են յարձակողականը ամբողջ արեւելեան ռազմաճակատին վրայ։ Ռուսական զօրքերը, չկարողանալով դիմադրել, եւ ռուսերը համաձայնագրի իրենց հաւանութիւնը տուած են Փետրուար 19ին։ Սակայն, գերմանացիները շարունակած են յարձակումը մինչեւ Փետրուար 22՝ ա՛լ աւելի դաժան պայմաններ ներկայացնելով։

Ի վերջոյ, համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն համաձայնութիւնը տուած է խաղաղութեան դաշնագրի մը կնքումին, եւ Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը ստորագրուած է 3 Մարտին։ Այս խայտառակ դաշնագրով, Ռուսաստանը կը կորսնցնէր մերձպալթեան տարածքները եւ Պելառուսիոյ մէկ մասը, Ուքրանիան ու Ֆինլանտիան ինքնավար հանրապետութիւններ կը հռչակուէին՝ Կարմիր Բանակի նահանջին առընթեր։ Աւելի կարեւոր էր, սակայն, Կովկասի մէջ Կարսի ու Արտահանի հայկական շրջաններու եւ Պաթումի վրացական շրջանի զիջումը Օսմանեան կայսրութեան։ Պէտք է վերյիշել, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պայթումէն եւ ռուսական զօրքերու՝ կովկասեան ռազմաճակատէն մեկնումին յաջորդած էր թրքական յարձակողականը, որուն հետեւանքով վերագրաւուած էին Արեւմտեան Հայաստանի այն տարածքները, զորս Ռուսաստանը գրաւած էր 1916ին։ Թուրքիան արդէն Կովկասի վրայ իր յարձակումին ձեռնարկած էր։

Շահեկան է նշել, որ Ռուսաստանը այլեւս որեւէ փաստական ներկայութիւն չունէր Կովկասի մէջ, որ անուանապէս միայն կապուած էր անոր։

Մարտերու վերջաւորութիւնը թոյլ տուած է Գերմանիոյ, որ իր ուժերը կեդրոնացնէ հարաւային ճակատի վրայ եւ յարձակումի ձեռնարկէ՝ 21 Մարտէն մինչեւ 17 Յունիս 1918, բայց այս յարձակումը անյաջող եղած է, քանի որ Դաշնակիցները հակադարձած են տեւական յարձակումներով, որ ի վերջոյ յանգած են Գերմանիոյ պարտութեան։

Կարեւոր է նշել, որ 1918ին պոլշեւիկները Ռուսաստանի օրինաւոր եւ ճանչցուած իշխանութիւնը չէին Ռուսաստանի մէջ, եւ հետեւաբար երկրի անունով դաշնագիր մը կնքելու իրաւունք չունէին։ Սակայն, դաշնագրին ստորագրութիւնը պոլշեւիկ կառավարութեան թոյլ տուած է իշխանութիւնը պահել եւ ազատիլ իր հակառակորդներէն, յատկապէս ընկերվար-յեղափոխականները։ Ի վերջոյ, ասիկա պատճառ պիտի դառնար քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան, որ չորս տարի պիտի տեւէր։

Օգոստոս 27ին Պերլինի մէջ ստորագրուած լրացուցիչ համաձայնագիր մը հաստատած է Ռուսաստանի կողմէ 6 միլիառ գերմանական մարգի վճարումը Գերմանիոյ իբրեւ ռազմատուգանք։ Սակայն, Պրեստ Լիթովսկի դաշնագիրը չեղեալ համարուած է Ռուսաստանի կողմէ Սեպտեմբեր 20ին, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք՝ Թուրքիոյ (30 Հոկտեմբեր) եւ Գերմանիոյ կողմէ (13 Նոյեմբեր)։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ՆԻՒԹ
Առցանց հրատարակութիւն մը՝ “Hyperallergic”, վերջերս պատկերազարդուած կարեւոր յօդուած մը լոյս ընծայած է՝ «Վարչակարգ մը կը ծածկէ բնիկ հայ մշակոյթի ջնջումը» խորագրով։ Ենթախորագիրը կ՚աւելցնէ. «Հիմնարար դատաբժշկական տեղեկագիր մը կը հետաքննէ 89 միջնադարեան եկեղեցիներու, 5.840 նախշազարդ խաչքարերու եւ 22.000 գերեզմանաքարերու թարմ կործանումը Ատրպէյճանի կողմէ»։

Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմընի ստորագրութեամբ յօդուածը կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Ապրիլ 2011ին, երբ ԱՄՆի դեսպան մը ճամբորդեց Ատրպէյճան՝ նախկին Խորհրդային Միութեան հարաւ-արեւմտեան ծայրամասը, այս հարաւ-կովկասեան երկիրը Իրանէն բաժնող գետափնեայ տարածքին մուտքը մերժուեցաւ անոր։ Բայց այցելութիւնը կասեցնողը օտար թշնամի մը չէր։ Փոխարէնը՝ անոր ատրպէյճանցի հիւրընկալները պնդեցին, որ դեսպանին ծրագրած հետաքննութիւնը Նախիջեւանի ատրպէյճանական exclaveին մէջ չէր կրնար շարունակուիլ, որովհետեւ հիմնուած էր կեղծ լուրերու վրայ։ Դեսպանը նպատակադրած էր քննել հազարաւոր միջնադարեան հայ քրիստոնէական արուեստի գործերու եւ առարկաներու տեղեկագրուած փճացումը՝ Նախիջեւանի Ջուղայի գերեզմանատան մէջ։ Այս գերեզմանատունը նշուած է որպէս երբեմնի խաչքարերու ամենամեծ հաւաքածոն։ Սակայն, ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու, տեղեկագրուած այս փճացումը զաւեշտ մըն էր, իսկ վայրը քանդումի ենթարկուած չէր, քանի որ երբեւէ գոյութիւն ունեցած չէր։ Թէեւ հակառակը փաստող լայն վկայութիւններ կան, ատրպէյճանական պնդումները, որ Նախիջեւանը երբեք հայկական եղած չէ...»։ Կարդացէ՛ք յօդուածին ամբողջութիւնը այստեղ ։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 

Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ   եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39   th   Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
․․․ գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։
Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “Crossroads”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ Հաճոյքով պիտի հրատարակենք ձեր թղթակցութիւնները։
CALENDAR OF EVENTS
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org   կամ՝  212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 9 Մարտին։

 2 Մարտ —Տարեկան Hye Hearts Dance-ի երրորդ պարահանդէսը հովանաւորութեամբ՝ Մեծագոյն Հարթֆըրտի եւ Արեւմտեան Մասաչուսեթսի հինգ հայ եկեղեցիներուն, Holiday Inn պանդոկ, Հարթֆըրտ (Քընեթիքըթ)։

3 Մարտ —ՀՕՄի «Շաքէ» մասնաճիւղի Բուն Բարեկենդանի անուշեղէններու վաճառք, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ։

9 Մարտ —«Քիրքոսթաս» համերգ (երաժշտութիւն, պար, կատակերգութիւն եւ ընթրիք)։ Հայ-յոյն ամերիկացի դաշնակահար եւ երգահան Մարք Քիրքոսթասի յիշատակին։ 5710 Hewlett Street, Little Neck, New York, երեկոյեան ժամը 7:00ին։

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ 

23 Մարտ —Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։

24 Մարտ —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) Տիկնանց Միութեան Միջինքի ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։

30 Մարտ —ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ սուրիական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։

7 Ապրիլ —«Մեր արմատները գտնելու համար՝ տոհմաբանութիւն» , դասախօսութիւն՝ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ (անգլերէն)։ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին՝ ճաշէ ետք։

12-14 Ապրիլ —Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը կը ներկայացնէ Արթըր Փինաճեանի (1914-1999) գործերու ցուցադրութիւն Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ, Նիւ Եորք։ Վաճառքի եկամուտին մէկ մասը պիտի յատկացուի ի նպաստ դպրոցին։ 

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակի ճաշկերոյթ՝ «60 տարի՝ սերունդէ սերունդ» բնաբանով, եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին Կարապետեան, Միրաքեան, Նաճարեան եւ Սարաճեան ընտանիքները։

16-18 Մայիս —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ Ուայթընսվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթէպէլլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մեսեչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/