Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
|
|
ՄԱՀԱՍՓԻՒՌ ՊԱՅԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
|
|
Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս, 2020, երեկոյեան ժամը 6։00ին (Նիւ Եորքի ժամանակով՝ առաւօտեան ժամը 11։00) ահաւոր պայթիւն մը ցնցեց ամբողջ Պէյրութ քաղաքը իր շրջակայքով, որուն ալիքը հասաւ մինչեւ Կիպրոս։ Ցարդ աւելի քան 135 մեռեալ, 5.000 վիրաւոր եւ քառորդ միլիոն տեղահանուած մարդիկ արձանագրուած են, իսկ անյայտ կորսուածներու ճակատագիրը դեռեւս յստակ չէ։ Բառերը անբաւարար են նկարագրելու այս աղէտին տարողութիւնը, որմէ անմասն չմնաց հայ համայնքը, որ մինչեւ հիմա ունեցած է 11 մեռեալ եւ 250 վիրաւոր։ Քաղաքին կրած աւերը անգնահատելի եւ աներեւակայելի է։ Կաթողիկոսարանը, եկեղեցիներ, հաստատութիւններ, վաճառատուներ, բնակարաններ անխտիր վնասուած են, որուն պէտք է գումարել հոգեբանական գործօնը։
Ընկերա-քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի հարուածին յաջորդող առողջապահական տագնապը՝ պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով, արդէն իսկ ուժասպառ դարձուցած էր Լիբանանի ժողովուրդը։ Ներկայ համատարած աղէտը եկաւ աւելի՛ եւս խորացնելու տիրող անորոշութիւնը։
Սոյն պայթիւնը ցնցեց ո՛չ միայն Լիբանանի ժողովուրդը, այլ ամբողջ աշխարհը։ Այս իրադարձութեան լոյսին տակ եւ ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի հայրապետական կոչին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Ազգային Առաջնորդարանը ձեռնարկած է դրամահաւաքի՝ զոյգ մակարդակներով՝ աղէտեալ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նիւթաբարոյական նչափելի կորուստը թեթեւցնելու համար։ Կը խնդրենք մեր բարեպաշտ հաւատացեալներէն եւ ընդհանրապէս համայն Հայ գաղութէն, որ իրենց լիառատ մասնակցութիւնը բերեն շտապ օգնութեան նուիրական այս արշաւին։
Գիտակցելով հանդերձ, որ տեղական մակարդակով մե՛նք եւս կը դիմագրաւենք տնտեսական տագնապ, պարտք կը զգանք կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեզմէ աւելի տառապող հայրենակիցներուն ձեռք երկարել, վստահ ըլլալով, որ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ (Բ Կորնթացիս 9․7)։
Բոլոր նուիրատուութիւնները Կաթողիկոսարանի ճամբով պիտի փոխանցուին Լիբանանի Հայոց Թեմի հովանաւորութեան տակ գործող յատուկ յանձնախումբին:
Հաճեցէք ձեր նուէրները ղրկել Առաջնորդարան՝ Armenian Prelacy, memoի բաժնին մէջ՝ Lebanon Relief Fund յիշատակումով։
Առցանց նուիրատուութիւն կատարելու համար, հաճեցէք այցելել
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
|
|
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
|
|
Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:
Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական ու ազգային կառոյցները իրենց կարելին կատարեցին պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ օգտակար ըլլալու մեր համայնքի զաւակներուն: Սակայն, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը աւելի ծանրացուց Լիբանանին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Արդարեւ, անմիջապէս որ լսեցինք պատահած պայթումը ուղղուեցանք հայկական թաղեր ու ականատես դարձանք պարզուած ողբերգական կացութեան.- քանդուած կամ ծանրօրէն վնասուած եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, տուներ, խանութներ եւ աւելի ահաւորը՝ մահեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ: Քանդումները Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ ու բնոյթով:
Երէկ եւ այսօր հանդիպումներ ունեցանք համայնքային պատասխանատուներու հետ՝ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու յառաջացած վնասներուն ու վիրաւորներու առողջական վիճակին: Զօրակցական հեռաձայններ ստացանք մեր պետական, հոգեւոր ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ: Արդ, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան կեդրոնական տեղը ու առանցքային դերը ընդհանրապէս համահայկական ու յատկապէս սփիւռքեան ծիրէն ներս, այս կարեւոր գաղութին վերականգնումը կը նկատենք անյետաձգելի ու հրամայական:
Քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է: Պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է: Մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է: Մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Համապարփակ հայեցակէտով հարկ է դիտել համայնքին վերականգնման աշխատանքները:
Այս գծով կարեւորութեամբ կ՚ուզենք շեշտել հետեւեալ կէտերը.-
1) Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով՝ մեր հայրենիքին, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Տագնապը մեծ է. հետեւաբար, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ համապատասխան, կազմակերպ ու հետեւողական:
2) Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութիւնը պիտի ներառնէ մեր համայնքին բոլոր զաւակները առանց խտրութեան:
3) Լիբանանի Հայոց թեմին Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը՝ մասնակցութեամբ երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու ու երեք բարեսիրական միութիւններու, որպէսզի կազմակերպէ վերականգնումի աշխատանքները:
4) Առաջնահերթութեան կարգով յանձնախումբը պիտի ճշդէ հետեւեալ երեք բնագաւառներու առնչուած կարիքներուն մասնակցութեան չափն ու ժամանակը.- տուներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգում, առողջապահական ծրագիրներ եւ կրթական օժանդակութիւն:
Բոլոր նուիրատուութիւնները Կաթողիկոսարանի ճամբով պիտի փոխանցուին Լիբանանի Հայոց Թեմի հովանաւորութեան տակ գործող յատուկ յանձնախումբին:
Ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ, եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի ամբողջ մարմինը կը ցաւի (Ա.Կր 12.26): Լիբանանի հայութեան ցաւը ամբողջ հայութեան ցաւն է: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կոչուած են զօրակից դառնալու Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ոչ միայն անոր ցաւը փարատի, այլ նաեւ կարենայ վերանորոգ կենսունակութեամբ ու նուիրումով շարունակել իր համազգային առաքելութիւնը:
Այս սպասումով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը:
Օգոստոս 5, 2020
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս, Լիբանան
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
|
|
Կիրակի, 9 Օգոստոսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մասաչուսեթս)։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։
|
|
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ
|
|
Կիրակի, 9 Օգոստոսին, Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մահասփիւռ պայթիւնին զոհերուն՝ Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեանի, Սարգիս Թեքիլեանի, Վարուժ Թոսունեանի, Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեանի, Նազար Նաճարեանի, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեանի, Ժագ Պարմաքեանի, Ճեսիքա Պեզճեանի, Անահիտ Պէրպէրեանի, Շանթ Յակոբեանի, եւ Կայա Ֆուտուլեանի համար։
Աղօթենք զոհեալներու հոգիներուն խաղաղութեան եւ իրենց պարագաներուն մխիթարութեան համար։
|
|
ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ԻՐ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ
|
|
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 20րդ դարու հիմնական հակամարտութեան՝ Ա. Աշխարհամարտի մոխիրներէն, որուն արձագանգները դեռ մինչեւ այսօր զգալի են Միջին Արեւելքի տարածքին։ Հայոց ինքնիշխան պետականութեան հրաշալի յարութիւնն էր ցեղասպանութենէն ետք, օսմանեան վեց դարու լուծը թօթափելով, քանի որ պէտք չէ սխալիլ՝ հայոց, յոյներու եւ ասորիներու կրածը թուրք նուաճողական քաղաքականութեան լուծն էր։ Օսմանեան կայսրութեան որեւէ խստապահանջ պատմութիւն կը ցուցադրէ թրքական պետութեան նոր-օսմանեան ճարտասանութեան կեղծիքները, որոնք կայսրութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ ազգերու մեծ եղբայրութիւն մը՝ երբեմն խիստ, բայց բարեսիրտ աւագ եղբօր մը վերահսկողութեան տակ։
Թուրք ազգայնական շրջանակները հրապուրող կայսերական կարօտախտը աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ ու հետեւանքներ ունի, քանի որ չենք կրնար անտեսել Ռէճէպ Թայիփ Էրտողանի մենատիրութեան յայտարարութիւնները։ Անոր գործօն դերը Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, ինչպէս եւ անոր բացէ ի բաց աջակցութիւնը Ատրպէյճանի վերանորոգ սադրանքներուն եւ յարձակումին Հայաստանի դէմ անոր օրակարգին յստակ ցոլացումն է։ Էրտողան կը փորձէ, անգամ մը եւս, քարտէսները վերագծել ի նպաստ Թուրքիոյ, ինչ որ միայն կրնայ նշանակել՝ ի վնաս Հայաստանի։
Ահա թէ ինչու, աւելի քան երբեք, Սեւրի դաշնագիրը՝ արդի հայկական պետականութեան հիմնադիր փաստաթուղթը միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ, պէտք է ոգեկոչուի ու ընդգծուի։ Այո՛, ան մնաց չկայացած՝ հայոց պատմութեան հերթական մէկ ողբերգական անկիւնադարձին պատճառով, երբ խորհրդա-թրքական զինակցութիւնը վտանգի տակ դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մնացորդացը։ Սակայն, ատիկա պէտք չէ յուսալքէ անոնք, որոնք պատմութեան ճիշդ կողմէն կը պայքարին։ Միայն պէտք է յիշել, որ 1980ական թուականներուն ոչ ոք կ՚երազէր, որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի փլուզուէր, առաջնորդելով Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան։ Թուրքիա տակաւին կայսրութիւն մըն է՝ թէեւ ոչ անունով։ Մինչ ոչ ոք կրնայ կանխատեսել պատմութեան ընթացքը, ինքնին բացորոշ ճշմարտութիւն է, որ կայսրութիւնները բաժան-բաժան կ՚ըլլան։ Ա. Աշխարհամարտի եւ Հայաստանի պատմութիւնը վկայ։
|
|
ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ (ՕԳՈՍՏՈՍ 10, 1920) 100ԱՄԵԱԿ
|
|
6-ՐԴ ԲԱԺԻՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Յօդուած 88. Թուրքիա, ըստ դաշնակից պետութիւններու արդէն կատարած գործունէութեան, ներկայիս կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն։
Յօդուած 89. Թուրքիան եւ Հայաստանը, ինչպես եւ միւս բարձր պայմանաւորուող կողմերը, կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծումը յանձնել Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումին եւ ընդունիլ իր որոշումը, ինչպէս եւ այն բոլոր պայմանները, զորս ան կրնայ ներկայացնել՝ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշել սահմանագծին կից թրքական որեւէ տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ։
Յօդուած 90. Այն պարագային, եթէ 89-րդ յօդուածին համաձայն, սահմանագիծը որոշման ժամանակ Հայաստանին յանձնուի յիշեալ վիլայէթներու ամբողջ տարածքը կամ անոր մէկ մասը, Թուրքիան այսպիսով կը յայտարարէ, թէ որոշման օրէն սկսած կը հրաժարի յանձնուած տարածքին նկատմամբ բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւական հիմքերէն։ Այս դաշնագրին այն պայմանները, որոնք կիրառելի են Թուրքիայէն անջատուած տարածքներուն նկատմամբ, անմիջապէս կիրառելի կը դառնան յիշեալ տարածքին նկատմամբ:
Յիշեալ տարածքին յանձնումին առնչութեամբ Հայաստանին յանձն առած Թուրքիոյ ֆինանսական պարտականութիւններուն կամ անոր փոխանցուելիք իրաւունքներու համեմատութիւնն ու բնոյթը պիտի սահմանուին ըստ սոյն դաշնագրի 8-րդ մասի (ֆինանսական դրոյթներ) 241-244-րդ յօդուածներուն:
Իրերայաջորդ համաձայնագիրներ կ՚որոշեն, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, այն բոլոր հարցերը, որոնք որոշուած չեն ներկայ դաշնագրով եւ որոնք կրնան բխիլ յիշեալ տարածքին փոխանցման հետեւանքով։
Յօդուած 91. Եթէ 89-րդ յօդուածին մէջ նշուած տարածքի որեւէ մասը յանձնուի Հայաստանին, սահմանագծման յանձնաժողով մը, որուն կազմը պիտի որոշուի յաջորդաբար, պիտի ստեղծուի յիշեալ յօդուածին մէջ նշուած որոշումը տրուելէ ետք, երեք ամսուան ընթացքին՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ տեղւոյն վրայ գծելու համար սահմանը ըստ այդ որոշման։
Յօդուած 92. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի միջեւ սահմանները, յաջորդաբար, պիտի որոշուին շահագրգռուած պետութիւններուն ուղղակի համաձայնութեամբ։
Երբ 89րդ յօդուածին մէջ նշուած որոշման թուականին, զոյգ պարագաներուն շահագրգիռ պետութիւնները չեն յաջողած որոշել սահմանը ըստ համաձայնութեան, խնդրոյ առարկայ սահմանագիծը պիտի որոշուի գլխաւոր դաշնակից պետութիւններուն կողմէ, որոնք նաեւ պիտի ապահովեն անոր սահմանագծումը տեղւոյն վրայ։
Յօդուած 93. Հայաստան կ՚ընդունի եւ կը համաձայնի գլխաւոր դաշնակից պետութիւններուն հետ դաշնագրի մէջ ընդգրկել այս պետութիւններուն կողմէ անհրաժեշտ նկատուող տրամադրութիւններ՝ պաշտպանելու համար շահերը այն բնակիչներուն, որոնք ցեղի, լեզուի կամ կրօնքի իմաստով կը տարբերին այդ պետութեան բնակչութեան մեծամասնութենէն։
Հայաստան նաեւ կ՚ընդունի եւ կը համաձայնի գլխաւոր դաշնակից պետութիւններուն հետ դաշնագրին մէջ ընդգրկել այս պետութիւններուն կողմէ անհրաժեշտ նկատուող տրամադրութիւններ՝ երթեւեկութեան ազատութիւն եւ այլ ազգերու առեւտուրի համար հաւասար վերաբերում պաշտպանելու համար։
|
|
ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՃԱՐՆ Է
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
|
|
Կիրակի, Օգոստոս 2ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
Այսօրուան աստուածաշնչական մեր ընթերցումը հոյակապ արժեւորում մըն է մարդկային մարմնի մասին որ կը գերազանցէ բոլոր չափանիշերը, եւ մեզ կ՚առաջնորդէ վերագնահատելու Աստուծոյ մեզի պարգեւած հիմնական նուէր այս մարմինը: Լսենք Պօղոս Առաքեալը որ կ՚ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք, որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա Կր 6.19-20):
Բոլոր կրօններուն մէջ աղօթքի տունը սուրբ վայր նկատուած է: Պօղոս Առաքեալ զուգահեռ գծելով մարմնի եւ տաճարի միջեւ, հզօր պատգամ կը փոխանցէ ո՛չ միայն իր ժամանակակիցներուն այլ բոլոր դարերու հաւատացեալներուն: Այս մասին կ՛ուզեմ երկու մտածումներու վրայ կեդրոնանալ:
ա. Առաքեալը մարմինը տաճարի նմանցնելով դժուարին հարց մը լուծած կ՚ըլլայ մարմին եւ հոգի յարաբերութեան մէջ: Ընդհանրապէս, մարմինը նիւթեղէն ըլլալով մեղանչական կը նկատուի, իսկ հոգին որպէս աննիւթ՝ զերծ է մեղքէ, եւ ըստ այնմ մարմինը չար կը նկատուի, որ երբե՛ք արդար չէ, որովհետեւ Աստուածաշունչը յստակ կ՚ուսուցանէ, որ Աստուած ինչ որ ստեղծեց, տեսաւ որ բարի է (Ծն 1.4): Քարոզի մը սահմաններուն մէջ դժուար թէ այս խորունկ հարցը լրիւ քննարկենք, բաւական է ըսել որ չարի աղբիւրը ո՛չ թէ նիւթն է, այլ մեր բանականութիւնը, ազատ կամքը՝ որով ընտրութիւն կը կատարենք: Ուստի, մարմինը կամքին ենթակայ հոյակապ անօթ մըն է Արարիչին կողմէ պատրաստուած, որպէսզի գիտակցաբար եւ ուրախութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարէ: Ադամ կոչուած էր այս առանձնաշնորհումը գործնականացնելու, բայց աւա՜ղ՝ Չարին հետեւելով ձախողեցաւ: Երկրորդ Ադամ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, Առաքեալի խօսքով՝ «մեղանչական մարմնի նմանութիւնը» (Հռ 8.3) առնելով, մահուան աստիճան հնազանդեցաւ Հօր կամքին (Փլպ 2.8), զայն սրբեց եւ իր նախնական մաքրութեան մէջ հաստատեց»: Այս ճշմարտութեան վրայ հիմնուելով է, որ Առաքեալը պարծանքով կ՚ըսէ, թէ «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի»:
Ուստի լսելով այս բարի լուրը, թէ մարմինը սուրբ է տաճարի նման, պէտք է մաքուր պահենք զայն: Ինչպէս տաճարի մը սրբապղծութիւնը անհանդուրժելի է նոյն նախանձախնդրութիւնը պէտք է ցուցաբերենք մարմին-տաճարին հանդէպ: Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը Առաքեալին այս հաստատումը հոյակապ աղօթքի վերածած են, ամէն երեկոյեան Ժամերգութեան ըսելով. «Տո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու խաղաղութիւնդ, որպէսզի աշխարհիկ ամէն զբաղմունքներէ ձերբազատուելով աստուածային շնորհներուդ տաճար եւ բնակարանն դառնանք»: Նմանապէս Պատարագի ընթացքին Սուրբ Հաղորդութենէն անմիջապէս առաջ քահանան ծածուկ աղօթքի մէջ կ՚ըսէ. «Շնորհակալութիւն Քեզի՝ Քրիստոս թագաւոր, որ անարժանս արժանի համարեցիր սուրբ մարմինիդ եւ արիւնիդ հաղորդուելու... որպէսզի ասիկա սրբէ շունչս, հոգիս ու մարմինս եւ զիս տաճար եւ բնակարան դարձնէ ամենասուրբ Երրորդութեանդ»: Այո, մի՛շտ պէտք է աղօթենք, որ այդ մարմին տաճարը մաքուր մնայ՝ զերծ ամէն մեղքէ, եւ եթէ ձախողինք, Բարեգութն Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով մեզի կը հաւաստիացնէ, թէ «մեր մեղքերը կը մաքրէ եւ մեզ ձիւնի նման ճերմակ կը դարձնէ» (Ես 1.18)
Այժմ անցնինք երկրորդ կէտին, որ է «Աստուած փառաւորել մեր մարմնին մէջ»: զԱստուած փառաւորել՝ խօսքով, գոհաբանական երգերով, այո՛, սակայն մեր մարմնին մէջ, քիչ մը անտրամաբանական կը հնչէ: Այս մասին Սաղմոս 19.1 կու գայ մեզ լուսաբանելու, ըսելով՝ «Երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը»: Երբ նկատի ունենանք, որ երկնային ու երկրային տարրերը այնքան կանոնաւորութեամբ նախախնամական օրէնքին համաձայն կ՚ընթանան եւ ստեղծագործութիւնը կը ներդաշնակեն, այդ կը նշանակէ, թէ անոնք անխօս կերպով մասնակից կ՚ըլլան Արարչին փառաբանութեան: Այս մօտեցումով իւրաքանչիւր անհատ ինքն իր մէջ փոքր աշխարհ մը ըլլալով, երբ ամէն մէկ զգայարանք գործածուի ուղիղ ձեւով, զԱստուած փառաւորած կ՚ըլլանք մեր մարմնին մէջ եւ անոնք մասնակից կ՛ըլլան տիեզերական ներդաշնակութեան համանուագին: Այս ուղղութեամբ որքան գործնական աղօթք է Ներսէս Շնորհալի հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 9րդ տունը, ուր ան կ՚ըսէ.- «Ամենախնամ Տէր, քու սուրբ երկիւղդ պահապան դիր աչքերուս, որպէսզի մաքրամաքուր նային, ականջներուս՝ որպէսզի բարի բաներ լսեն, բերանիս՝ որպէսզի ճշմարտախօս ըլլայ, սրտիս՝ որպէսզի բարի բաներ խորհի, ձեռքերուս՝ որպէսզի արդարութիւն գործէ, ոտքերուս՝ որպէսզի ուղիղ ընթանան»: Անկասկած նման աղօթք մը գործնականացնելով ամէնքս ալ անշեղ կ՛ընթանանք երկրի վրայ դէպի երկինք ընթանալով:
Սաղմոսացին, Առաքեալին եւ մեր Հայրերու իմաստութեան երբ հետեւինք, ո՛չ թէ շաբաթը կամ օրը մէկ անգամ կ՚աղօթենք, այլ մեր զգայարանքները աստուածահաճոյ կերպով գործածելով սրտի իւրաքանչիւր տրոփիւնի հետ Տէրը կը փառաւորենք մեր մարմին-տաճարին մէջ, եւ տէրունական աղօթքի «եղիցին կամք քո» խնդրանքը կ՚ապրինք խօսքով ու գործով ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց եւ միաժամանակ գործադրեց:
Ամենողորմ Տէր եւ մեր երկնաւոր Հայրը, որ անհուն սիրով մեզի պարգեւեց այս բացառիկ պատեհութիւնը ապրելու մարմին-տաճարին մէջ, թող առաջնորդէ բոլորս ալ մեր կոչումը լիուլի կատարելու երկրի վրայ որպէսզի արժանապէս Զինք փառաւորենք երկնային Տաճարին մէջ յաւիտեանս։ Ամէն:
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի
|
|
Ձեր նուիրատուութիւնները կը շարունակեն հասնիլ մեզի։ Ազգ. Առաջնորդարանս երախտապարտութեամբ կ՚արձանագրէ բազմաթիւ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռն օժանդակութիւնը՝ ազգային տուրքի մեր արշաւի սկզբնական այս շրջանին։ «Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին, որպէսզի հաւատքը պահենք եւ յոյս ունենանք ապագայի հանդէպ…», գրած է նուիրատու մը։
Ձեր նիւթական քաջալերութիւնը մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ, հակառակ առողջապահական աննախընթաց իրավիճակի բոլոր խոչընդոտներուն։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու» (Բ. Կր 9.7-8):
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՕԳՈՍՏՈՍ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ
(ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 7:1-9
ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 2:1-12
Քանի մը օրեր ետք, Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում: Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դռան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած: Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց:
Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին: Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին: Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.
– Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի:
Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտովի քննադատել զայն. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է: Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»:
Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու:
Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ.
– Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:
Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ զարմացան. անոնք կը փառաւորէին զԱստուած ու կ’ըսէին.
– Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք:
Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:11-14:5
Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի: Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ: Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս ի՛նք զիս կը ճանչնայ:
Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է:
Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք: Միաժամանակ հոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք, մանաւանդ մարգարէութեան: Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ: Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար: Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ’օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ: Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ’ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի:
|
|
ԵՓԵՍՈՍԻ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԿՈՒ ՀԱՐԻՒՐ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ
|
|
Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եփեսոսի ժողովի (431) երկու հարիւր հայրապետներուն տօնը։ Եփեսոսի տիեզերական երրորդ ժողովը գումարուած էր Բիւզանդիոնի Թէոդոս Բ. կայսեր կողմէ։ Մեծ թիւով բարձրաստիճան եկեղեցականներ մասնակցեցան ժողովին, գլխաւորութեամբ Կիւրեղ Աղեքսանդրիացի պատրիարքին։ Ժողովին գլխաւոր որոշումը նեստորականութեան դատապարտումն ու Նեստորի նզովումն էր։ Նեստոր չէր դաւաներ, որ Մարիամէն ծնածը Աստուած էր, այլ սոսկ մարդ։ Ժողովը նաեւ հաստատեց Նիկիական հաւատամքը եւ վաւերացուց Theotokos (Աստուածածին) տիտղոսը՝ Աստուածամօր համար։
Հայաստանեայց Եկեղեցին ընդունեց Եփեսոսի ժողովի կանոններն ու որոշումները եւ անոր նուիրուած օր մը հաստատեց՝ Աստուածածնի տօնի Բարեկենդանի Շաբաթ օրը։ Մեր եկեղեցին կը ճանչնայ երեք տիեզերական ժողովներ՝ Նիկիա (325), Կ. Պոլիս (381) եւ Եփեսոս (431), իւրաքանչիւրին յատուկ օր մը յատկացնելով տօնացոյցին մէջ։
Յունական հին քաղաք Եփեսոսը յետագային հռոմէական Ասիա նահանգի գլխաւոր քաղաքը հանդիսացած է։ Տեղւոյն Արտեմիսի տաճարը հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը եղած է։ Ս. Պօղոս քրիստոնէութիւնը տարած է Եփեսոս (Առաքեալներու Գործեր 18:18-19) ու երկու տարի հոն մնացած՝ իր երրորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Եփեսոս Յայտնութեան գիրքին մէջ յիշուած Ասիոյ եօթը եկեղեցիներէն մէկն է։ Երկրորդ գլուխին մէջ, Յիսուս կը փառաբանէ Եփեսոսի ժողովուրդը իր յարատեւութեան եւ աշխատասիրութեան համար, սակայն, զայն կը քննադատէ իր աստուածասիրութիւնը մոռացութեան մատնելուն համար։ Անոնց քով քրիստոնէութիւնը՝ Տիրոջ հետ սիրոյ յարաբերութենէն աւելի, հաւատացեալի ծէս դարձած էր։
|
|
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
|
|
Կիրակի, 9 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման պահքի Բարեկենդանն է։ Այս հնգօրեայ պահքը (Երկուշաբթի-Ուրբաթ) կը կանխէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը՝ Կիրակի, 16 Օգոստոսին։ Բարեկենդանը զուարճութեան եւ խրախճանքի օր մըն է՝ պահքի շրջանէն առաջ, որուն ընթացքին տօնական օրեր չկան։
Այս շաբաթ նաեւ կը յիշուին՝
Հինգշաբթի, Օգոստոս 6՝ Ս. Սոփիա եւ երեք դուստրերը՝ Պիստիս, Էլպիս եւ Ագապի։
|
|
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը Սոնան է, որ կը հովանաւորուի դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի կողմէ։
|
|
«Բարեւ, իմ սիրելի հովանաւոր,
Ես Սոնա ……………… եմ, 8 տարեկան։ Ապրում եմ գիւղում մայրիկիս եւ եղբայրներիս հետ։ Մեծ եղբայրս մանկուց հաշմանդամ է։ Արդէն 18 տարեկան է, նրան շատ եմ սիրում։ Հայրիկս 6 տարի է մահացել է, քաղցկեղով հիւանդ էր։ Նրա կարիքը շատ եմ զգում։
Շուտով կ՚աւարտեմ 3րդ դասարանը։ Լաւ եմ սովորում, երազում եմ դառնալ ուսուցչուհի։ Սիրում եմ պարել, նկարել, գիրք կարդալ։ Ազատ ժամերին խաղում եմ տիկնիկներով։ Մայրիկիս եմ օգնում տնային գործերում։
Շատ ուրախացայ, որ աջակցելու էք մեր ընտանիքին։ Յոյս ունեմ, որ մի օր կը հանդիպենք եւ կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնը։
Սիրով՝
Սոնայից»
|
|
ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
|
|
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ անչափահաս որբեր (մինչեւ 18 տարեկան) եւ չափահաս որբեր, որոնք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ։
Մեր սպասման ցուցակին մէջ գտնուող որբ մը հովանաւորելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանիս հետ կապուեցէք ելեկտրոնային նամակով՝ sophie@armenianprelacy.org հասցէին, կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել այստեղ։
|
|
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12ԻՆ
|
|
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։
Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ (email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
|
|
«ԳՈՂԳՈԹԱ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ»
(Թէոդիկ)
|
|
Ինչպէս գիրքին խորագիրը կը ճշդէ, «Ամէնուն տարեցոյցը» հատորներու շարքին նշանաւոր հրատարակիչ Թէոդիկի այս աշխատութիւնը նկարագրութիւնն է այն ահաւոր տառապանքին, որուն ենթարկուեցաւ Արեւմտահայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններու հայ հոգեւորականութիւնը՝ Մեծ Եղեռնի ընթացքին։ Եւ աշխատութեան ձեռագիրը, հեղինակին ու նկարագրուած աքսորներուն նման, թափառական կեանք մը ունեցած է։
1919ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Զաւէն Արքեպիսկոպոս Եղեռնէն վերապրող Թէոդիկին յանձնարարած է կազմել ցանկը Մեծ Եղեռնի օրերուն աքսորուած բոլոր հայ հոգեւորականներուն անխտիր։ Այդ ցանկը՝ կենսագրականներով հանդերձ, հրատարակութեան պատրաստ էր 1921ին, սակայն քաղաքական աննպաստ պայմանները միայն թոյլ տուած են առաջին պրակին հրատարակութիւնը։ Թէոդիկի մահէն ետք Երուսաղէմ հասած ձեռագրի առաջին գիրքի առաջին մասը երկու տետրակներով լոյս տեսած է Անթիլիաս, 1965-1966ին։ Սակայն, գիրքով առաջին հրատարակութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորք, 1985ին։
Այստեղ պէտք է նշել, որ Թէոդիկ, դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով, կիսատ ձգած է աշխատութիւնը, քանի որ կը պակսին Ատանայի, ամբողջ Կիլիկիոյ, Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններու, Յորդանանի, Լիբանանի, մանաւանդ Տէր-Զորի, ինչպէս եւ Իրաքի վերաբերող տուեալները։ Սակայն, իր ներկայ վիճակով, այս աշխատութիւնը, ինչպէս գրած է անոր խմբագիրը՝ Արայ Գալայճեան, «հայ հոգեւորականութեան մարտիրոսագրութիւնն է եւ անոր փառապսակը»։
|
|
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7810 թիւին։
|
|
ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (ծնունդ՝ Օգոստոս 9, 1886)
|
|
Նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան ո՛չ միայն իր ուրոյն տեղը ունի հայ նկարչութեան մէջ, այլ նաեւ հետաքրքրական նպաստ մը բերած է համաշխարհային մշակոյթին՝ պատճէնահանումի իր աշխատանքով։
1908ին Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, արուեստի ուսումը ստացած է Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիային (1908-1911) եւ Փարիզի զարդարուեստներու դպրոցին մէջ (1912-1914)։ Մեծ Եղեռնէն փրկուելով, անցած է Անդրկովկաս եւ ժողովուրդին ողբերգութեան ականատես ըլլալով, այդ դարձած է իր ստեղծագործութեան հիմնական նիւթը։ Յովհաննէս Թումանեան, Անդրանիկ եւ ուրիշներ զինք կոչած են «հայոց վշտի երգիչ»։ 1917 թուականին Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտների Միութեան անդամակցած է ։ 1921ին հաստատուած է Երեւան ու խորհրդահայ առաջին թղթադրամներուն հեղինակը եղած, սակայն երկար չէ մնացած Խորհրդային Հայաստանի մէջ, փոխադրուելով Վիեննա։
1920ական թուականներու առաջին կէսի գործերը մեծ մասամբ նուիրուած են Հայաստանի բնութեան, տօնախմբութիւններուն եւ գաղթականութեան։ Խաչատուրեան աշխատած է դասական, մասնաւորապէս իտալական արուեստի սկզբունքները համադրել տպաւորապաշտ գեղագիտական ըմբռնումներուն, յատկապէս՝ լրացուցիչ գոյնի եւ լոյսի դերի հարցին մէջ։ 1924 թուականին Վիեննայի մէջ հրատարակած է «Արմենիա» ալպոմը։ Եղած է Վիեննայի գեղարուեստագէտներու միութեան անդամ, ինչպէս եւ 1926ին Փարիզի «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերութեան հիմնադիրներէն եւ քարտուղարը։ Այս շրջանին դիմանկարը գերիշխող դարձած է անոր ստեղծագործութեան մէջ։
1931ին Սարգիս Խաչատուրեան Իրանի կառավարութեան հրաւէրով Սպահան մեկնած է՝ Սեֆեան շրջանի որմնանկարները վերականգնելու, եւ միաժամանակ պատճէնահանումներ կատարած է, որոնք ցուցադրուած են Փարիզի եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ։ 1934ին հիմնած է Նոր Ջուղայի հայկական արուեստի թանգարանը։
1937ին Խաչատուրեան առաջին անգամ ձեռնարկած է Հնդկաստանի եւ Սրի Լանքայի 6րդ-12րդ դարերու տաճարներու անմատչելի եւ արուեստագիտութեան անծանօթ որմնանկարներուն պատճէնահանումին։ Հինգ տարի ուսումնասիրելով հին հնդկական մշակոյթը, Խաչատուրեան տարուած է հնդկական իմաստասիրութեամբ ու ապրած՝ ճգնաւորի կեանքով։ 1942ին այդ պատճէնները ցուցադրուած են Փարիզի եւ Ամերիկայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Հնդկական մշակոյթի այդ մեծարժէք գործերը հայ արուեստագէտին շնորհիւ յայտնութիւն եղան եւ հարստացուցին համաշխարհային արուեստի գանձարանը։
Նկարիչը մահացած է Մարտ 4, 1947ին, Փարիզի մէջ։ Մահուան երեսնամեակին, անոր այրիին՝ նկարչուհի Վավա Խաչատուրեանի ջանքերով, աճիւնը փոխադրուած ու թաղուած է Երեւանի մէջ։
|
|
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։
|
|
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
|
|
7 Օգոստոս —«Սիամանթօ» լսարանի ամառնային առցանց երրորդ հանդիպում, Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ ( anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
9 Օգոստոս — Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր) տարեկան դաշտահանդէս, կէսօրուան ժամը 12:00ին։
10, 17 եւ 24 Օգոստոս —Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւն՝ երեք մասով, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլեմոնին ուղղուած թուղթին։ Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 8:00էն 9:00։ Սերտողութիւնը կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Արձանագրուելու համար, հաճեցեք գրել ձեր անունը, հասցէն ու հեռաձայնի թիւը shant@armenianprelacy.org հասցէին։
16 Օգոստոս — Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) տարեկան դաշտահանդէս եւ խաղողօրհնէք, առաւօտեան ժամը 11:45-12:45ին։
16 Օգոստոս — Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ) խաղողօրհնէք եւ տարեկան դաշտահանդէս։ Կը պատարագէ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի։
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|