SHARE:  
20 Դեկտեմբեր, 2018
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՐԳԱՄԸ.
«ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ» 

«Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ» (Յովհ 12:46)

  Կարդացէ՛ք Նորին Սրբութեան Ս. Ծննդեան պարգամը այստեղ ։

Ս. ԾՆՈՒՆԴ. 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵ՞Ր, ԹԷ՞ 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Յառաջիկայ Երեքշաբթի 25 Դեկտեմբեր է, որ Ս. Ծնունդ կը նկատուի քրիստոնէական աշխարհի մեծամասնութեան կողմէ։ Սկզբնապէս, բոլոր քրիստոնեաները Աստուածայայտնութիւնը 6 Յունուարին կը նշէին։ (Աստուածայայտնութիւնը համադրուած տօնն էր Յիսուսի ծննդեան, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ մկրտութեան, Կանայի հարսանիքի առաջին հրաշքին եւ երեք մոգերու այցելութեան)։ Դէպի 25 Դեկտեմբեր աստիճանական անցումը սկսաւ Հռոմի մէջ, 4րդ դարուն, նախաքրիստոնէական տօնական օրուան մը զուգադիպելու համար։ 25 Դեկտեմբերը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Քաղկեդրոնի ժողովին մէջ, որուն հայերը չմասնակցեցան եւ որուն որոշումները չընդունեցին։ Մինչեւ օրս, Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ մնացած է 6 Յունուարի սկզբնական թուականին։ Անշուշտ, Յիսուսի ծննդեան բուն թուականը անծանօթ է եւ երկու աւանդութիւնները դարաւոր են։ Կարեւորը՝ տօնին ոգին ու իմաստն է։ 
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊՈՍՏԸՆ ՊԻՏԻ ՃԱՄԲՈՐԴԷ
Շարունակելով իր այցելութիւններու շարքը դէպի Արեւելեան թեմի ծխական եկեղեցիները, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան այս շաբաթավերջին պիտի ճամբորդէ Ուոթըրթաուն (Մէսէչուսեթս), ուր Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ծուխը նաեւ պիտի յիշատակէ իր անուանադիր սուրբին՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը։ Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:30ին, իսկ Ս. Պատարագը՝ ժամը 10:00ին, որուն պիտի յաջորդէ Ս. Ստեփանոսի նախատօնակը՝ կէսօրին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ յատուկ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ծխականները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու եւ ողջունելու Սրբազան Հայրը։

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հայրը Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը պիտի այցելէ, իսկ Շաբաթ օրը՝ Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանը։
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ»Ի
ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ «Հայաստանի Մանուկներու Ֆոնտ»ի հիմնադիր դոկտ. Կարօ Արմէն 
 
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան՝ ընթրիքի ընթացքին

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ պրն. Մհեր Մարգարեան՝ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անդամներու հետ COAF-ի 2018ի կալային։
Շաբաթ, 15 Յունուարին երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ «Հայաստանի Մանուկներու Ֆոնտ»ի (COAF) 15րդ տարեկան կալային՝ հարիւրաւոր անձերու ներկայութեամբ, որոնք սպառած էին տոմսերը։ «Հայաստանի Մանուկներու Ֆոնտ»ը ոչ-շահութաբեր եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ 2003ին հիմնուած է դոկտ. Կարօ Արմէնի կողմէ։ Անոր մարդասիրական աշխատանքը կեդրոնացած է Հայաստանի գիւղական շրջաններուն վրայ։ Կազմակերպութեան 2018ի «Մարդասիրական» մրցանակը յանձնուեցաւ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին ու իր հանգուցեալ կնոջ՝ Քլէրին, իսկ «Ժառանգութիւն» մրցանակը՝ յետմահու տրուեցաւ Շառլ Ազնաւուրին։
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԹՐՈՅ ԱՅՑԵԼԵՑ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը ծուխին հետ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգաբարձութեան հետ
Անուշաւան Սրբազան Հայրը Տ. Կոմիտաս քհնյ. Պաղսարեանի եւ երկու նոր ուրարակիրներու հետ՝ Աւօ Էլէյճեան (Տ. Կոմիտասի ձախին) եւ Կարօ Մինասեան (Անուշաւան Սրբազանի աջին) 
Ծուխերուն իր այցելութիւններու շարքին մէջ, Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Թրոյ (Նիւ Եորք), ուր պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը գնահատեց ծուխին կատարած բարեփոխումները եւ թելադրեց միեւնոյն նուիրումով շարունակել աշխատանքը։ 
ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ
Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Կառավարութեան շէնքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Ազգային Կեդր. Վարչութեան համատենապետներ՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան։
Պատուիրակութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորեց նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը եւ յատկապէս՝ պրն. Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքին յաղթանակը, յաջողութիւն մաղթելով անոր իր առաքելութեան մէջ։ Պատուիրակութիւնը պրն. Փաշինեանին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ այս առիթով գրուած նամակ մը։
 
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին, գոհունակութեամբ յիշեց վերջերս Անթիլիասի մայրավանք կատարած իր այցելութիւնը եւ Արամ Վեհափառի հետ ունեցած իր տեսակցութիւնը, որուն ընթացքին քննարկուած էին Հայաստանի եւ Սփիւռքի վերաբերող հարցեր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու նման քննարկումներ Վեհափառ Հայրապետին հետ, որուն Հայաստան այցելութիւնը նախատեսուած է Յունուար ամսուն։
Ստորեւ կու տանք Վեհափառ Հայրապետին նամակը.
 
Մեծայարգ
Տիար Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետի պաշտօնակատար
Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան
 
Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,
 Օր մը երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ միասին լիճին միւս ափը կ՚անցնէր, զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը, եւ ապա, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ, խաղաղութիւն տիրեց (Ղուկ. 8, 22-25)։ Անցնող ամիսներուն, մեր ժողովուրդը հայրենիքին կեանքին մէկ ափէն առաջնորդեցիք միւս ափը։ Փոթորկեցաւ մեր կեանքի լիճը։ Սակայն, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւատքին ու կամքին եւ ապա խորհրդարանական ընտրութեամբ, խաղաղութիւն տիրեց Հայաստանէն ներս։ Ներկայ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մնայուն ու ամուր՝ հաստատուած «սիրոյ ու համերաշխութեան» զօրեղ հիմերուն վրայ։
 Ջերմօրէն կ՚ողջունենք իր կեանքը յեղափոխելու մեր ժողովուրդին քաջութիւնն ու տեսլականը։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նաեւ Ձեր ընտրութիւնը։ Շուտով. եւ աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ, պիտի լծուիք հայրենիքի ծառայութեան այնքան նուիրական առաքելութեան։ Հայրենիքին ծառայելը գերազանցօրէն առաքելութիւն է։ Այս համոզումէն մեկնելով, պիտի ուզէինք Ձեզի հետ բաժնել կարգ մը մտածումներ ու սպասումներ.-
 - Հայաստանի մէջ կատարուած յեղափոխութիւնը, իր էութեամբ, ժողովրդակեդրոն շարժում մըն էր։ Տարիներու ընթացքին կուտակուած ժողովրդային ընդվզումը առիթ կը փնտռէր պայթելու։ Դուք այդ խայծը ու մղիչ ուժը հանդիսացաք։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ Ձեր հայրենակերտ առաքելութեան հիմքը, ուղղուածութիւնը ու նպատակը շարունակէ մնալ ժողովո՛ւրդը։ Արդարեւ, իսկական ղեկավարը ժողովուրդին հարազատ ծնունդն է ու հաշուետու է ժողովուրդին։ Ժողովուրդը մեծ ակնկալութիւններ ունի Ձեզմէ ու Ձեր կառավարութենէն։
 - Սպասելի է, որ Ձեր կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ փորձառու, մասնագէտ ու մանաւանդ վստահելի եւ հայրենանուէր անձերէ։ Մօտիկ անցեալին քորուբցիայի ու մենաշնորհներու գծով հայրենի ժողովուրդին ապրած դառն փորձառութիւնը, վստահաբար Ձեզ պիտի մղէ բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն ցուցաբերել ոեւէ ձեւի ու չափի արատաւոր երեւոյթներու նկատմամբ։ Օրէնքն ու արդարութիւնը պէտք է ըլլան բոլորէն վե՛ր ու բոլորի՛ն համար։
 - Յեղափոխութիւնը իր աւարտին չէ հասած, պէտք է շարունակուի տարբեր ձեւաչափերով ու շեշտաւորումներով՝ հայրենի կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։ Ժամանակն է, որ խօսքը գործի վերածուի եւ՝ գործը դառնայ ծրագիր, գործընթացք, այնպիսի առաջնահերթութիւններու ճշդումով, որոնք ըլլան համահունչ ժողովուրդի կարիքներուն ու սպասումներուն եւ ներկայ պայմաններուն։
 - Ակնկալելի է, որ պատասխանատուութիւնը, թափանցիկութիւնը ու հաշուետուութիւնը դառնան Ձեր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքին հիմնական սկզբունքները։ Այս սկզբունքներն են, որոնք պիտի երաշխաւորեն իւրաքանչիւր նախարարութեան եւ կառավարութեան աշխատանքին որակը ու վստահելիութիւնը։ Այս սկզբունքներն են, որոնք Ձեր իշխանութիւնը գործնապէս պիտի դարձնեն ժողովուրդի՛ն իշխանութիւնը։
 - Արտաքին ճակատին վրայ, անկասկած որ Հայաստանը պիտի յարաբերի ու գործակցի մեկնելով իր ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Միաժամանակ, չենք կրնար անտեսել ընդհանրապէս ներկայ աշխարհին եւ յատկապէս Կովկասին առնչուած աշխարհաքաղաքական շահերուն հոլովոյթը։ Ներկայ ժամանակներու բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներու ու մարտահրաւէրներու յորձանուտին մէջ թիավարելը, գիտե՛նք, դժուար է մեր փոքր երկրին համար։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ ճկուն ու զգօն մեր մօտեցումներուն մէջ։
- Արցախը, բնականաբար, պիտի դառնայ Ձեր օրակարգի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը։ Ինչպէս ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, նոյնպէս Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, եւ Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գծով մեր ողջ ժողովուրդին յստակ ու անսակարկելի կեցուածքը ծանօթ է Ձեզի։ Վստահ ենք, հետեւաբար, որ մեր ժողովուրդին կեցուածքին թարգմանը պիտի հանդիսանաք միջազգային շրջանակներէն ներս։
- Սփիւռքը, իր կարգին, սպասելի է որ առաջնահերթ տեղ գրաւէ Ձեր կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագրին մէջ։ Շուրջ 25 տարիներու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, իր դրական թէ թերի երեսներով, հարկ է որ ըլլայ յուշարար ու ուղեցոյց՝ վերարժեւորումի ու վերակազմակերպումի ենթարկելու այս յոյժ կարեւոր բնագաւառը։ Արդարեւ, Սփիւռքի ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը համահայկական թեմաներու ու մարտահրաւէրներու քննարկման, համահայկական կառոյցներու ու մեքանիզմերու հաստատումով, կրնայ մեծապէս նպաստել համահայկական մտածողութեան ձեւաւորման ու գործակցութեան զարգացման։ Նման աշխատանք մը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական. եւ նշեալ առաջադրանքներու իրագործման մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը՝ առանցքային։
- Նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը, միջազգային վկայութեամբ մեր ժողովուրդին յաղթանակն է, ինչպէս նաեւ՝ մեր հանրապետութեան վարկ ապահովող ժողովրդավարութեան քոնքրէթ արտայայտութիւն մը։ Ձեր առջեւ կը բացուի մեր ընդհանրական շահերու ու գերագոյն արժէքներու շուրջ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։ Մեր սպասումն է, որ այլեւս բաժանարար լոզունգները եւ այլապէս բեւեռացումներ ու խրամատեր յառաջացնող մօտեցումները հեռանան մեր ժողովուրդի կեանքէն։ Անհրաժեշտ է բազմակարծիքութեան լայն տեղ տալ մեր քաղաքական մտածողութեան եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս, որպէսզի կարելի դառնայ մեր ժողովուրդին, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, ողջ ներուժը ի սպաս դնել հայրենիքի հզօրացման եւ մեր գերագոյն իղձերու իրականացման։
 
Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,
Աւետարանով սկսանք Մեր խօսքը, կ՚ուզենք Աւետարանո՛վ վերջացնել։ Օր մը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.- «մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսեն…» (Մարկ. 8, 27)։ Յիսուս որ Աստուած է, իր երկրաւոր առաքելութեան մէկ հանգրուանին ուզեց իմանալ ժողովուրդին կարծիքը իր մասին։ Ահա Քրիստոսին պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին, հոգեւոր թէ աշխարհական ղեկավարներուն, մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած բոլոր կառոյցներուն։ Ոեւէ ղեկավարի կամ կառոյցի յաջողութեան նախապայմանը ծանօթանալ է ժողովուրդին բազկերակին՝ զինք մղելու ինքնաքննութեան։ Արդ, վստահ ենք, որ Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան ընթացքին յաճախակի առիթներով պիտի դառնաք ժողովուրդին, ունենալու համար Ձեր ծառայութեան իրա՛ւ արժեւորումը։
Դա՛րձեալ կը շնորհաւորենք Ձեզ։ Նոր Տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին Ձեզի կը փոխանցենք Մեր հայրապետական օրհնութիւնը՝ մաղթելով ամբողջական յաջողութիւն Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ։
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (18:9-14)


Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:
Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:
Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:


ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:16 5-10

Ուստի համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային:
Արդարեւ, ամէն քահանայապետ, որ մարդոց մէջէն կ’ընտրուի, պաշտօն ունի՝ մարդոց կողմէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու եւ անոնց մեղքերուն համար նուէրներ եւ զոհեր մատուցանելու: Եւ որովհետեւ ինք ալ մարդ է, կրնայ հասկնալ մարդոց տգիտութիւնն ու փորձութիւնները եւ կարեկցիլ անոնց, քանի ինք եւս նոյն տկարութիւնները ունի: Ատոր համար է, որ ինչպէս ժողովուրդին՝ այնպէս ալ իր սեփական մեղքերուն համար պէտք է զոհեր մատուցանէ:
Գիտէք նաեւ, թէ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ինքն իրեն քահանայապետութեան պատիւը առնել, այլ՝ Աստուած է որ զայն այդ պաշտօնին կը կանչէ, ճիշդ ինչպէս Ահարոն կոչուեցաւ: Նոյնպէս ալ Քրիստոս, ինքն իրեն չառաւ քահանայապետութեան պատիւը, այլ զայն ստացաւ Աստուծմէ, որ իրեն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես. այսօ՛ր քեզ ծնայ» , իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկ քահանային պէս»:
Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս մեծ աղաղակով ու արցունքով աղօթեց եւ աղաչեց Աստուծոյ, որ կրնար զինք մահուընէ փրկել: Եւ Աստուած զինք լսեց, որովհետեւ խոնարհ էր ան եւ հնազանդ: Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը: Եւ այսպէս, կատարեալ ըլլալէ ետք, յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ բոլոր անոնց համար, որոնք իրեն կը հնազանդին, քանի Աստուած զինք քահանայապետութեան կոչած էր, Մելքիսեդեկ քահանային պէս:


 

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 40:18-31
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷ ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲ ՏԵԱՌՆԵՂԲԱՅՐ
Դաւիթ ութը եղբայրներու կրտսերն էր, եւ մեծցաւ իբրեւ հովիւ, սորվելով՝ քաջութիւն, քնքշութիւն եւ հոգատարութիւն։ Դաւիթ Իսրայէլի երկրորդ թագաւորը դարձաւ։ Աստուածաշունչին մէջ, միայն ինք կը կոչուի Յիսուսի նախահայր անունով։ Նոր Կտակարանը կը պարունակէ աւելի քան 50 ակնարկութիւններ Դաւիթին, ներառեալ Յիսուսին տրուած տիտղոսը՝ Դաւիթի Որդի։ Դաւիթ, որ բանաստեղծ էր, հեղինակած է քանի մը սաղմոսներ։  

Յակոբ Առաքեալը, որ կոչուած է «Տեառնեղբայր», հաւանաբար Յիսուսի հետ մտերիմ յարաբերութեան պատճառով, արժանացած է Տիրոջ յատուկ յայտնութեան՝ Յարութենէն ետք։ Կը կարծուի, որ ան Տիրոջ առաջին զարմիկն էր, կամ ինչպէս կարգ մը Աստուածաշունչի գիտնականներ ենթադրած են, Յովսէփի որդիներէն մին։ Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք, մինչ միւս առաքեալները կը ցրուին ամբողջ աշխարհի տարածքին, Յակոբ Երուսաղէմ մնացած է, ուր ծառայած է իբրեւ եպիսկոպոս եւ սկզբնական եկեղեցւոյ բանբեր։

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ
Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբերին, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագն ու նախավկան։ Քրիստոսի համբարձումէն ետք, առաքեալները սկսան Անոր խօսքը տարածել։ Շուտով յայտնի եղաւ, որ եկեղեցական աճող համայնքին ծառայելու կոչուած աւելի մեծ թիւով մարդիկ պէտք էին։ Եօթը արժանի անձեր կանչուեցան Ս. Խորանին ծառայելու եւ ստացան «սարկաւագ» անունը։ Այս եօթնեակէն ամենէն արժանին՝ Ստեփանոսն էր, որ ներկայացուած է իբրեւ «հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը» (Գործք 6 5)։ Ս. Ստեփանոսի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդական ու կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է։ Այդ օր բոլոր սարկաւագները կը մեծարուին։ Ստեփանոս դարձաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակը, որուն պատճառով «նախավկայ» կը կոչուի (վկայ՝ «նահատակ» իմաստով)։ Անոր կեանքին ու մահուան մասին միակ տեղեկութիւնները կը գտնուին Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ (Գործք 6 8 եւ 8 2)։ 
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ՝ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՄԲ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կը շարունակէ Ս. Ծննդեան բարեսիրութեան ծրագիր մը լիբանանահայ աւելի քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու համար, զոր սկսած էր տարիներ առաջ։ Վերջերս, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ Հ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեան յատուկ նամակով խնդրած է մեր թեմի հաւատացեալներէն, որ իրենց նուիրատուութիւններով սատարեն այս նախաձեռնութեան։ Անուշաւան Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի ամբողջական աջակցութիւնը խոստացած է Հայր Սուրբին։ Նկատի ունեցէք, որ 100 տոլարի նուիրատուութիւն մը պիտի ծառայէ մէկ ընտանիքի սննդամթերք հայթայթելու։ Մեր ընթերցողներէն շատերը պիտի յիշեն, որ վերջին տարիներուն Հ. Զարեհը ծառայած է մեր թեմին իր ուսումնառութեան շրջանին։ Ստորեւ կու տանք Հայր Սուրբի նամակէն կարգ մը հատուածներ.

« Ձեզ կ՚ողջունեմ քրիստոնէական սիրով, ինչպէս սուրբ առաքեալը կը ցանկայ, որ մենք ընենք։ Աւանդաբար, Ս. Ծննդեան շրջանը ծառայած է, որպէսզի մեր ուրախութիւնը նուէրներով բաժնեկցինք ուրիշներու հետ։ Այդ մտքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը անցեալ տարիներուն տքնաջանօրէն աշխատած է կարօտեալներուն հասնելու։
Այս առիթով, կ՚ուզեմ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմին մաղթել օրհնաբեր նոր տարի մը, որ լեցուն ըլլայ մեծ իրագործումներով, ծառայութեամբ, երջանկութեամբ ու Տիրոջ բոլոր օրհնութիւններով։ Խորին երախտագիտութեան զգացումներով ընդունեցի ձեր խոստումը՝ այս տարուան Ս. Ծննդեան ծրագրին սատարելու, որ օգնութեան կը հասնի Լիբանանի աւելի քան 100 հայ ընտանիքներու։ Ձեզի կը գրեմ խորին երախտապարտութիւնս յայտնելու համար ձեր առատաձեռնութեան, որ պիտի նպաստէ մեր բաժանմունքի կատարած նշանակալից աշխատանքին։ ...Կ՚աղօթեմ որ մեր Տիրոջ դէմքի օրհնեալ լոյսը եւ Սուրբ Հոգիի պարգեւը միշտ լեցնեն ձեր սրտերն ու հոգիները, կանխայայտ շնորհակալութեամբ ձեր տօնական առատաձեռնութեան համար, եւ լաւագոյն մաղթանքներով այս սրբազան ժամանակներուն»։    

Այս նուիրատուութիւնները տօնական օրերու առթիւ շատ տեղին են եւ մեծապէս պիտի գնահատուին։
Հաճեցէք ձեր չէքը գրել Armenian Apostolic Church of Americaի անունին, իսկ memoի բաժինին մէջ արձանագրել՝ Gift for the Needy, եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Prelacy, 138 East 39 th Street, New York, NY 10016 ։
Ձեր նուիրատուութիւնը տուրքէ զերծ է՝ ըստ օրէնքի արտօնած չափին։ 
Կամաւորները ուտելիքի ծրարներ կը պատրաստեն կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Այս ծրագիրը կը ղեկավարուի կամաւորներու կողմէ, ուստի բոլոր նուիրատուութիւնները ուտելիքներու եւ ապրանքներու բաշխումին կը յատկացուին։ 

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերին Յայտնութեան գիրքի եօթը մասերէ բաղկացած սերտողութիւն մը իր աւարտին հասաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Շուրջ տաս ու կէս ժամուան դասաւանդութիւնը հովանաւորուած էր Մայր Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի պատասխանատու Բարշ. Տ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ։ Աւեի քան 25 հոգի մասնակցեցաւ իւրաքանչիւր նիստի։ Իւրաքանչիւր դասէ առաջ, մասնակիցներուն հրամցուեցաւ հայկական թեթեւ ուտելիքներով ընթրիք մը։

Վերջին նիստի աւարտին, Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շանթ Սարկաւագին այս սերտողութիւնը ղեկավարելուն համար, բոլոր մասնակիցներուն, եւ ձեռնակի հովանաւորներ փրոֆ.Նիքլաս եւ Ժանին Էքոնոմիտէս ամոլին, բոլորին մաղթելով Ս. Ծննդեան օրհնաբեր տօն մը։
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ, ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ
Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտուհիներ՝ Պերճուհի Կլաս եւ Ժիզէլ Գրիգորեան, կարդացին Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը, անցեալ 9 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած, իրենց ծուխի 64րդ ամեակի տօնակատարութեան։

ՆԱԽԱՃԱՇ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ ՀԵՏ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան աշակերտներու, հոգաբարձութեան անդամներու եւ կամաւորներու հետ՝ նախաճաշի ընթացքին 
Վերջապէս հասաւ Ֆիլատելֆիայի «Հայկազեան» վարժարանի մանուկներուն ամենասիրած ու ամբողջ տարին սպասած օրը՝ Կաղանդ Պապայէն նուէրներ ստանալու։
 
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայկազեան» վարժարանի Ամանորի առթիւ աւանդական նախաճաշը։ Ինչպէս ամէն տարի, ճաշասեղանը ճոխացած էր շատ համեղ ու բազմազան ուտելիքներով։ Աշակերտները, ծնողներն ու սիրելի բարեկամները շատ ուրախ էին ու բարձր տրամադրութեան մէջ։
 
Աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը, որուն յաջորդեց Կաղանդ Պապայի ժամանումը։ Անոնք հայերէնով արտասանեցին ու երգեցին Կաղանդ Պապային ու ստացան իրենց նուէրները։
 
Բոլորը այս ուրախ մթնոլորտէն բաժնուեցան՝ իրարու մաղթելով շնորհաւոր Ս. Ծնունդ եւ բարեբեր Նոր Տարի։
 
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան։
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ Կ՚ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՄԸ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ 
Աշակերտները Ս. Ծնունդի պատմութիւնը կը ներկայացնեն եւ աւանդական երգեր կը մեկնաբանեն 
Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, Ս. Ծննդեան յատուկ առաքելութիւն մը ունէր Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին։ Ճաշէն ետք, այս տարի, Կաղանդի հանդէսի մը փոխարէն, կիրակնօրեայի աշակերտները, իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչակազմին հետ, որոշեցին Ս. Ծննդեան սիրոյ եւ յոյսի պատգամը բաժնեկցիլ Cedar Crest ծերանոցի (Քրանսթըն, Ռոտ Այլընտ) աւելի քան 60 բնակիչներուն հետ։ Անոնք աւանդական երգեր երգեցին եւ Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնը պատմեցին՝ ծերունազարդ բնակիչները յուզելով։ Այնուհետեւ, աշակերտները իւրաքանչիւր ծերունիի նուիրեցին Աստուածամայրն ու մանուկը ներկայացնող գեղեցիկ վզնոց մը։ 
Աշակերտները նուէրներ կը յանձնեն ծերանոցի բնակիչներուն 
Եուսուֆ Քարշ 
( ծնունդ՝ 23 Դեկտեմբեր, 1908 )  
Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող, քանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշը համարուած է 20րդ դարու դիմանկարներու ամենամեծ վարպետներէն մէկը։

Ծնած է 23 Դեկտեմբեր, 1908ին, Մարտինի մէջ, առեւտրականի մը ընտանիքին մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, Մարտինի հայ բնակչութիւնը մեծ մասամբ արաբախօս էր, իսկ անունները՝ արաբացած։ Քարշի մահախօսականին մէջ, «Տի Իքոնոմիստ» անգլիական շաբաթաթերթը պիտի գրէր, թէ լուսանկարիչը «ինքզինը հայ կը համարէր»)։

Մեծ Եղեռնէն ետք, Քարշ եւ իր ընտանիքի վերապրող անդամները յաջողած են փախուստ տալ Հալէպ (1922), ապաստան գտնելով գաղթակայանի մը մէջ։ Ապագայ լուսանկարիչը Քանատա ժամանած է 1925ին։ «Առայժմ բաւարար էր ես ինծի ապահով նկատելու՝ Հայաստանի ջարդերը, չարչարանքն ու ցաւը իմ ետեւս ձգելով», գրած է իր վերջին տարիներուն։ Ան հաստատուած էր Շէրպրուք (Քեպէք), իր մօրեղբօր՝ Ճորճ Նագաշեանի քով, որ լուսանկարչութիւն սորվեցուցած է իրեն։ Քարշ իր գիտելիքները խորացուցած է 1928-1931ին, երբ ժամանակի ամերիկահայ ամենէն նշանաւոր լուսանկարիչի՝ Ճոն Հ. Կարոյի քով աշկերտութիւն ըրած է։    

Վերադառնալով Քանատա, Քարշ 1932ին իր առաջին աշխատանոցը բացած է մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, ուր մնացած է յաջորդ քառասուն տարիներուն։ 1939ին ամուսնացած է ֆրանսածին դերասանուհի՝ Սոլանժ Կաթիէի հետ, որ քաղցկեղէ մահացած է 1961ին։ Տարի մը ետք, ամուսնացած է բժշկական նիւթերու գրող՝ Էսթրելլիթա Մարիա Նաքպարի հետ։

Հռչակաւոր մարդոց լուսանկարչութիւնն էր Քարշի մասնագիտութիւնը ։ Երբ ասոր մասին հարց տրուած է, պատասխանած է. «Կ՚աշխատիմ աշխարհի մարդոց ամենէն նշանակալից բաժնին հետ։ Կը հաւատամ, որ փոքրամասնութիւնը աշխարհը կը դարձնէ, ո՛չ թէ մեծամասնութիւնը»։ Ան իր սկզբնական յաջողութիւնը ունեցած է Քանատայի վարչապետ՝ Մաքենզի Քինկի ուշադրութիւնը գրաւելէ ետք։ Վերջինս իրեն օգնած է այցելու իշխանաւորներու հետ լուսանկարչական նիստեր յաջողեցնելու։

Այդպիսի դասաւորումի մը հետեւանք էր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ՝ Ուինսթըն Չըրչիլի 1941ի համբաւաւոր լուսանկարը։ Անգլիացի քաղաքագէտը Քանատայի Խորհրդարանի անդամներուն Բ. Աշխարհամարտի մասին ճառ մը տուած էր, որմէ ետք Քարշ առած էր նկարը։ Լուսանկարին մէջ, Չըրչիլ յատկանշուած է իր կեցուածքով ու դիմագիծով, որ համեմատուած է Անգլիոյ տոկունութեան հետ՝ Գերմանիոյ դէմ իր պայքարի ընթացքին։ Լուսանկարը բնորոշուած է «Տի Էքոնոմիստ»ի կողմէ իբրեւ «լուսանկարչութեան պատմութեան ամենէն շատ վերարտադրուած դիմանկարը»։  

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Քարշ քաղաքական ու զինուորական ղեկավարներ լուսանկարած է, իսկ այնուհետեւ անցած է գրագէտներու, դերասաններու, արուեստագէտներու, երաժիշտներու, գիտնականներու եւ համբաւաւոր անձերու։ Այդ դիմանկարներուն շարքին եղած են՝ Ճորճ Պերնար Շօ (1943), Տուայթ Այզընհաուըր (1946), Ճորճիա Օ՚Քիֆ (1956), Էռնեստ Հեմինկուէյ (1957) եւ Նիքիթա Խրուշչեւ (1963)։

Քարշը այցելու դասախօս էր Օհայոյի համալսարանին եւ Պոստոնի Էմերսըն գոլէճին մէջ։ Բազմաթիւ պատւոյ տիտղոսներու արժանացած է՝ տարբեր համալսարաններէ։ 1965ին Քանատայի Խորհուրդի մետալը ստացած է, իսկ այնուհետեւ՝ Քանատայի Կարգի (Order of Canada) երկու տիտղոսներ՝ 1967ին եւ 1990ին։ Անոր լուսանկարներէն շուրջ քսան հատոր հրատարակուած է։ Քանատայի Ազգային Արխիւներու տունը անոր ամբողջական հաւաքածոն գնած է, որ ներկայիս 355.000 միաւորներ կը պարունակէ։

1992ին Եուսուֆ Քարշ փակած է Շաթօ Լօրիէի իր երկրորդ աշխատանոցը եւ 1997ին Պոստոն փոխադրուած՝ իր կնոջ հետ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 13 Յուլիս, 2002ին, ու թաղուած՝ Օթթաուա։ 9 Յունիս, 2017ին, իր վերջին աշխատանոցին առջեւ զետեղուած է Քարշի կիսանդրին, գործ՝ քանատահայ քանդակագործ՝ բժ․ Մկրտիչ Տարագճեանի։ Արձանը Հայաստանէն նուէր մըն էր Քանատայի՝ հայ-քանատական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին եւ Քանատայի 150ամեակին զոյգ առիթներով։

Օթթաուա քաղաքը երկամեայ կերպով՝ Եուսուֆ եւ Մալաք Քարշ լուսանկարիչ եղբայրներուն նուիրուած՝ «Քարշ» մրցանակով արհեստավարժ արուեստագէտ լուսանկարիչներ կը պարգեւատրէ՝ ուշագրաւ գեղարուեստական աշխատանքի համար։ 
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
Ամէն ինչ ծնունդով մը սկսաւ
Ինչպէս յայտնի է, անգլերէն Christmas բառը Քրիստոսը ունի իր մէջ։ Ան կրճատումն է Christs’s mass (Քրիստոսի պատարագ) բառերուն, որոնք միջնադարուն իրենց նախնական՝ հին եւ միջին անգլերէն ձեւերով գործածուած են։

Շահեկան է նշել, որ անգլօ-սաքսոնները երբեմն տօնը կոչած են Nātiuiteð, որմէ ծագած է արդի անգլերէն Nativity բառը, որուն արմատը լատիներէն nātīvitās ն է (ծնունդ)։

Տօնին հայերէն՝ Ծնունդ անունը, կը համապատասխանէ լատինական ձեւին։ Ստուգաբանական իմաստով, երկու լեզուները նոյն ծագումը ունին։ Լատիներէն nātīvitās կը միացնէ nātīvus (բնիկ) բառը եւ – tas մասնիկը, իսկ nātīvus բառը կու գայ nāscor խոնարհուած բայէն (ծնած եմ), որ իր հերթին աւելի հին gnāscor ձեւէն կը բխի։ Այս ձեւը հնդեւրոպական մայր լեզուէն ծագած է, ուր *ǵenh₁ (ծնունդ տալ) վերականգնուած արմատը կար։ Այս բեղուն արմատէն ծագած են բազմաթիւ լեզուներու նոյնիմաստ բառեր։ 

Այս բառերուն շարքին է հայերէն ծին արմատը, որմէ ունինք գրաբար ծնանիլ բայը , որ աշխարհաբարի մէջ մնացած է ծնիլ ձեւով, եւ ծնունդ գոյականը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նախահնդեւրոպական ձայնը ծ դարձած է հայերէնի մէջ։

Ի հարկէ, ծնունդ բառը կ՚երեւի Աստուածաշունչի առաջին գիրքի խորագրին մէջ՝ Գիրք Ծննդոց ը, որ մարդկութեան ծննդաբանութիւն ը կու տայ։

Ինչպէս կը տեսնենք, ծին արմատը շատ բեղուն է։ Անակնկալ չէ, որ վերջերս գոյական մը դարձած է իբրեւ անգլերէն gene բառին թարգմանութիւնը։

Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ ծիներու ուսումնասիրութիւնը երրորդ հազարեակին, հայոց լեզուն ձեւ կը գտնէ քայլ պահելու ժամանակին հետ։  


Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org  
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Կռիւն ու ռումբերը վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել
ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 



Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՁՄԵՌԸ ԿԸ ՍԿՍԻ 
Ձմրան արեւադարձը տեղի պիտի ունենայ վաղը, 21 Դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 5:23ին (հիւսիսային կիսագունդին մէջ), ազդարարելով ձմրան պաշտօնական սկիզբը։ Այս տարի, արեւադարձը կը զուգադիպի Դեկտեմբերի լիալուսնին։ Հետեւաբար, եթէ եղանակը պայծառ ըլլայ (թէեւ ներկայիս կանխատեսուած է, որ վաղը անձրեւոտ օր մը պիտի ըլլայ), կ՚արժէ որ աչք մը նետէք լուսնին, որովհետեւ ձմրան արեւադարձին իր բարձրակէտին հասնող յաջորդ լիալուսինը... 2094ին պիտի արձանագրուի։ 
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՕՐԵՐԸ 
Այսպէս կոչուած «Ս. Ծննդեան տասներկու օրերը», որոնք արեւմտեան աւանդութեան մաս կը կազմեն, կը սկսին 25 Դեկտեմբերին ու կը վերջանան 5 Յունուարի երեկոյեան՝ Ճրագալոյցին։ Ճիշդ ժանամակն է՝ Ս. Ծննդեան իսկական իմաստը գործի դնելու՝ սէր, խաղաղութիւն, յոյս եւ բարի կամեցողութիւն։ Ասոնք լաւագոյն նուէրներն են, զորս կրնանք հրամցնել մեր մերձաւորներուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք տարեց են, հիւանդ, մենակեաց կամ սիրելիի մը մահը սգացող։ Մեր հեռաձայնի զանգը կամ այցելութիւնը աւելի նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ անձին համար, քան ամենէն շքեղ խանութին ամենէն սուղ նուէրը։ 

ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։  

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 12 Յունուար։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810։

Մինչեւ 13 Յունուար, 2019 —Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսը կը շարունակուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Ամբողջութեամբ Հայաստանի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է այս նշանաւոր թանգարանին մէջ, պատրաստութեամբ՝ դոկտ. Հելըն Էվընզի։

23 Դեկտեմբեր —Կրէնիթ Սիթիի (Իլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կաղանդի տարեկան անուշավաճառք։

31 Դեկտեմբեր —Նոր Տարուան ճաշկերոյթ ու պարահանդէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ։

5 Յունուար —Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), Ճրագալոյցի նշում։

6 Յունուար —Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) Տիկնանց Յանձնախումբի տարեկան Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի։

16 Յունուար —Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն), ընթրիք՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ 6:45ին։

 26 Յունուար —«Կեանք ու կռիւ»՝ Արցախի հերոսամարտին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կրէնիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

17 Մարտ —“Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ։ Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն։  

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունեցէք։

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/