7 Փետրուար, 2019
«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ». ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 10ԻՆ
ՊԻՏԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակած է 2019 թուականը։ Կիրակի, 10 Փետրուարին, թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հրահանգով, Վեհափառ Հայրապետի 2019ի ուղերձը պիտի կարդացուի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ Ս. Պատարագի ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը կը գրէ, թէ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք, յարմար նկատած է՝ այս տարի հայ մամուլը մեծարել ։ Ընդունելով հանդերձ, որ արդի ժամանակներուն «մամուլ» հասկացութիւնը աւելի լայն սահմանում մը ստացած է, Կաթողիկոսը կ՚ընդգծէ, որ խօսքը գլխաւորաբար տպագիր մամուլի մասին է՝ օրաթերթեր ու պարբերականներ։ Վեհափառ Հայրապետը տպագիր հաղորդակցութեան հնագոյն ձեւերուն ակնարկ մը նետելէ ետք, կը կեդրոնանայ առաջին հայ թերթին՝ «Ազդարար«ի (Կալկաթա), եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայ մամուլի յետագայ աճին վրայ։ 

Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թեմերուն հրահանգած է, որ այս առիթով 2019 թուականի ընթացքին հայ մամուլի պատմութիւնն ու դերը լուսաբանեն տարբեր ձեռնարկներով՝ դասախօսութիւններ, դասախօսական շարքեր, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, եւ այլն։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 7 Փետրուարին եւ Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Ռիճֆիլտի Սրբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Վահան սրկ. Գույումճեանի ձեռնադրութիւնը։ Ձեռնադրութիւնը պիտի կատարէ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, մեր թեմը ծառայող հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ թեմիս առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի խարտաւիլակութեամբ։ Ձեռնադրութեան կնքահայրը պիտի ըլլայ պրն. Յովիկ Գուշակճեանը։

Ձեռնադրութեան գործընթացը կը սկսի Ուրբաթ օր՝ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Կոչման արարողութեամբ։ Թեկնածուն իր ծունկերուն վրայ կը քալէ եկեղեցւոյ կեդրոնէն՝ իբրեւ համեստութեան եւ Աստուծոյ ծառայելու պատրաստակամութեան նշան։ Անոր կը հետեւին խարտաւիլակն ու երկու քահանաներ։ Տարբեր հարցումներով առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը հաստատէ թեկնածուին արժանաւորութիւնը եւ անոր կամեցողութիւնն ու կարողութիւնը՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ իբրեւ քահանայ ծառայելու։

Յաջորդ առաւօտ, ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեան, ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Ս. Պատարագի հետ միահիւսուած, քանի որ ասիկա նորօծ քահանային ծառայութեան առաջին ելոյթը պիտի ըլլայ։

Վահան սարկաւագ ծնած է Լիբանան եւ կնքուած՝ Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր այնուհետեւ ծառայած է իբրեւ դպիր եւ կիսասարկաւագ։ Յաճախած է «Վահան Թէքէեան» նախակրթարանը, ապա՝«Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդական վարժարանը։

Վահան սարկաւագի նուիրումը Հայց. Եկեղեցւոյ սկսած է փոքր տարիքէն։ Անոր մեծ հայրը՝ Տ. Միքայէլ Գույումճեան, եւ մեծ հօրեղբայրը՝ Տ. Նշան Գույումճեանը, ծառայած են իբրեւ քահանաներ Պէյրութի եւ Մարսէյլի մէջ։

Ան շրջանաւարտ եղած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանէն բժիշկի տիտղոսով։ 1993ին հաստատուած է Նիւ Եորք, ապա Նիւ Ճըրզի, իր հոգեբուժութեան մասնագիտացումին սկսելու համար՝ Ուեսթչեսթըր բժշկական կեդրոնին մէջ (Վալհալա, Նիւ Եորք)։ Քիչ ետք, ան սարկաւագ ձեռնադրուած է հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի կողմէ, այնուհետեւ ծառայելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ խորանին մինչեւ օրս։

1975-1980ին ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող Եկեղեցասիրաց Միութեան անդամ եղած է։ Ծառայած է կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ եւ մասնակցած՝ Կաթողիկոսարանի կազմակերպած երիտասարդական համաժողովներու եւ ծրագիրներու։ Կանոնաւոր կերպով հետեւած է Ս. Գիրքի սերտողութիւններու եւ Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու դաւանանքը ուսումնասիրած։

Վահան սրկ. Գույումճեան 1995ին ամուսնացած է Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նուիրեալ ու գործօն ծխականներէն՝ Մակի Թէքէեանի հետ, եւ օրհնուած երեք զաւակներով՝ Արամ, Անոյշ եւ Նշան  երեքն ալ շրջանաւարտ են Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային դասընթացքէն եւ աւարտելէ ետք կը շարունակեն մասնակցիլ տարբեր ծրագիրներու եւ կամաւորական աշխատանքներու։ Աւելի քան քսան տարի, Վահան սարկաւագ եւ Մակի «Տաթեւ»ի ուսուցիչներ եւ կամաւորներ եղած են։

Բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են քահանայական այս ձեռնադրութեան մասնակցելու, որ բացառիկ առիթ մըն է, քանի որ աւանդաբար քահանայական ձեռնադրութիւնները մեծ մասամբ Անթիլիաս տեղի կ՚ունենան։ Ուրբաթ օրուան (երեկոյեան ժամը 6:00) եւ Շաբաթ օրուան (առաւօտեան ժամը 10:30) արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, 461 Bergen Boulevard, Ridgefield, New Jersey ։ 

 «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» 2019
1982էն ի վեր Ազգային Առաջնորդարանը կը ներկայացնէ տարեկան «Միւզիքըլ Արմենիա» համերգը՝ հայազգի բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ բերելով լուսարձակի տակ։ Այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Ասիկա շարքի 36րդ համերգն է, որուն պիտի մասնակցին Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Քարա Պօղոսեան պրոնզէ մետալ ստացած է «Ֆիշոֆ» սենեկային երաժշտութեան ազգային մրցոյթին, որ նմանօրինակ ամենամեծ մրցոյթն է աշխարհի մէջ։ Ան վերջերս ելոյթ ունեցած է NPR ռատիոկայանի “From the Top” յայտագրին մէջ։ Ան ներկայիս «Քըրթիս» երաժշտական հիմնարկի երկրորդ տարուան ուսանող է եւ Հ.Բ.Ը.Մ.էն կրթաթոշակ ստացած։

«Ճուլիըրտ» դպրոցի համերգի մրցոյթի յաղթական հանդիսանալու իբրեւ հետեւանք, Էդուարդ Պօղոսեան ելոյթ ունեցած է դպրոցի նուագախումբին հետ՝ Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնի եւ Շիքակոյի «Հարրիս» թատերասրահին մէջ։ Ան առաջին տարուան բնակիչ ուսանող է Պելճիքայի «Էլիզապէթ թագուհի» երաժշտական մատուռին մէջ եւ «Ճուլիըրտ» դպրոցի շրջանաւարտ է։

Յայտագրին մաս կը կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Պրամզի, Կոմիտաս վարդապետի, Միրզոյեանի եւ Սպենդիարեանի գործեր։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall սրահին մէջ (West 57 th Street & Seventh Avenue, Նիւ Եորք)։ Տոմսակները (25 տոլար) կարելի է ապահովել «Գառնըկի» սրահէն (212-247-7800) կամ Ազգ. Առաջնորդարանէն (212-689-7810)։

Առաջնորդարանը այս տարեկան համերգը կը ներկայացնէ իբրեւ համայնքի գեղարուեստական իրագործումներու նպաստ մը, մեծաւ մասամբ շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ հովանաւորներու, որոնք ամէն տարի իրենց նիւթական օժանդակութիւնը կը բերեն՝ ծախսերը հոգալու եւ տոմսակներու գինը մատչելի պահելու համար։

«Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դարձէք

«Միւզիքըլ Արմինիա»ն հաստատուած է 1982ին հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի ջանքերով։ Ան նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներու համբաւը եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան մեկնաբանութիւնը տարածելու։ Անցնող 37 տարիներուն, տարեկան այս համերգներուն մասնակիցներէն շատերը ամուր դիրք հաստատած են երաժշտական ասպարէզին մէջ։ 

Ինչպէս ըսինք, այս համերգներուն մուտքի գինը մատչելի մնացած է, շնորհիւ՝ հովանաւորներու աջակցութեան։ Իբրեւ հովանաւոր, դուք կարեւոր նպաստ մը կրնաք բերել տաղանդաւոր երաժիշտներու զարգացումին ու յաջողութեան։ Բոլոր նուիրատուներուն անունները կը յիշուին համերգի յայտագրին մէջ։ Հովանաւորութեան տեսակներն են՝ Diamond $1.000, Platinum $500, Gold $300, Silver $200. Diamond, Platinum, եւ Gold հովանաւորները երկու անվճար տոմսակներ կը ստանան։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու կամ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի հովանաւոր դառնալու համար, հաճեցէք կապ հաստատել իմակով ( sophie@armenianprelacy.org ) կամ հեռաձայնով (212-689-7810 x26) Սոֆիին հետ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԱԼԱՆՔԱՐԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեանի, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ Շանթ Աւ. սարկաւագ. Գազանճեանի, երէկ, 6 Փետրուարին, հանդիպում մը ունեցաւ Մալանքարա Ուղղափառ Ասորի Եկեղեցւոյ (նաեւ ծանօթ՝ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցի անունով) մետրոպոլիտ Զաքարիա Մար Նիքոլովոսի եւ դիւանապետ Թոմըս քհնյ. Փօլի հետ։  
ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ
Անուշաւան արքեպիսկոպոս՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ Շանթ Աւ. սարկաւագ. Գազանճեանի ընկերակցութեամբ, այսօր այցելեց տիար Մաժտի Ռամատանին՝ Լիբանանի հիւպատոս Նիւ Եորքի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսին՝ վերջերս Առաջնորդարան կատարած իր այցելութեան առիթով։ Անուշաւան արքեպիսկոպոս նաեւ իր շնորհաւորանքը յայտնեց վերջերս կազմուած կառավարութեան համար, որուն մաս կը կազմեն երկու լիբանանահայեր՝ Ռիչըրտ Գույումճեան, իբրընկերային հարցերու նախարար եւ Աւետիս Կիտանեան, իբրզբօսաշրջութեան նախարար։ 
ՀՕՄ-Ի «ԷՐԵԲՈՒՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ Օգնութեան Միութեան «Էրեբունի» մասնաճիւղի անդամուհիներ Երկուշաբթի, 3 Փետրուարին այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ձախէն աջ՝ երէցկին Անի Թրթռեան, տիկ. Վիքթորիա Յակոբեան (ատենադպրուհի), տիկ. Նայիրի Զոհրապեան (գանձապահ), Սրբազան Հայրը, օր. Նուէր Օրանճեան (ատենապետուհի), տիկ. Սեդա Օրանճեան (փոխատենապետուհի)։ 
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ


ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ 


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6:39-47


Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն:
Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ’ալեկոծէր:
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.
Ես եմ, մի՛ վախնաք:
Անոնք կ’ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ’երթային:



Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 2:15-26


Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:
Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»:
Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ: Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք: Արդ,
ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու:
Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ’աղօթեն Աստուծոյ: Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին: Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ, որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն:

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 62:1-11

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ըստ մեր եկեղեցական օրացոյցին, աստուածաշնչական ընթերցումներ չկան յառաջիկայ շաբաթ՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի։ Առանց ընթերցումներու այս չորս օրերը կը զուգադիպին Առաջաւորաց տօնին, որ կը սկսի Երկուշաբթի օր ու կ՚աւարտի Ուրբաթ օր։ Միայն մէկ ընթերցում կայ՝ Ուրբաթ, 15 Փետրուարին, որ Յովնանի ամբողջ գիրքն է։ Այս շրջանը աւանդաբար խորհրդածութեան ու զղջումի շրջան մըն է, ինչպէս եւ մկրտութեան պատրաստուողներուն հաւատք վկայելու շրջան մը՝ թէ՛ եկեղեցականներու եւ թէ՛ աշխարհականներու համար։ Առաջաւորաց տօնը, որ Հայց. Եկեղեցւոյ իւրայատուկ է, կ՚առաջնորդէ Յովնան մարգարէի ոգեկոչումին Եկեղեցւոյ կողմէ։ Յովնանի «թաղումը» կէտ ձուկի փորին մէջ կը խորհրդանշէ Յիսուսի եռօրեայ թաղումը, իսկ Յովնանի ազատումը՝ մեր Տիրոջ յարութիւնը։ 
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԻ ՊԱՀՈՑ
Կիրակի, 10 Փետրուարին, Առաջաւորի պահքի բարեկենդանն է։ Առաջաւորը այն է, որ հիմնական դաստիարակութիւն կը ստանայ հաւատքի մասին, երբ մկրտութեան կը պատրաստուի։ Ասիկա տեղի կ՚ունենայ Բուն Բարեկենդանէն երեք եւ Ս. Զատիկէն տասը շաբաթ առաջ։ Առաջաւորաց պահքը կ՚ենթադրէ հինգ օր խիստ ծոմ պահել։ Աւանդաբար Առաջաւորները օրական քանի մը ժամ դաստիարակութիւն կը ստանային, եւ անոնցմէ կը պահանջուէր, որ ոտքի մնային իւրաքանչիւր եկեղեցական արարողութեան ընթացքին՝ մկրտուած հանրութենէն հեռու։ Ասիկա կը շարունակուէր մինչեւ Զատիկ, երբ առաջաւորները կը մկրտուէին ու կ՚օծուէին եւ իրենց առաջին հաղորդութիւնը կը ստանային։ 
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՈՐԴԻՆԵՐ ԵՒ ԹՈՌՆԵՐ
Շաբաթ, 9 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն ու թոռներուն յիշատակը՝ Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ, Գրիգորիս եւ Դանիէլ (որ արիւնակցական կապ չունէր, բայց Ս. Գրիգորի ականաւոր աշակերտ մըն էր)։ Բոլորն ալ շարունակած են Ս. Գրիգորի գործը, Քրիստոսի խօսքը հեթանոսներուն տարածելով՝ մեծ վտանգներու ենթարկուելով։

Ս. Գրիգոր երկու որդիներ ունեցած է՝ Արիստակէս եւ Վրթանէս։ Կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը, անոր յաջորդած է որպէս կաթողիկոսեւ նահատակուած՝ 333 թուականի շուրջ։ Ան ներկայացուցած է Հայ Եկեղեցին Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Ժողովին (325)։ Նիկիական Հաւատամքը, որ Ս. Պատարագի ընթացքին կ՚արտասանուի, գրուած ու վաւերացուած է այս Ժողովին ընթացքին։ Վրթանէս, որ արդէն 70 տարեկան էր, յաջորդած է իր եղբօր եւ գահակալած իբրեւ կաթողիկոս ութը տարի՝ մինչեւ մահը։ Վրթանէս երկու որդի ունեցած է՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Գրիգորիս քարոզած է Հայաստանի հիւսիսային նահանգներուն մէջ (ներկայիս՝ Վրաստանի մէջ), ուր եւ նահատկուած է։ Յուսիկ, թէեւ եկեղեցական մը չէր, կանչուած է կաթողիկոսական աթոռը ստանձնելու եւ նահատակուած՝ 347ին։ Դանիէլ, Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ ազգականական կապ չունենալով հանդերձ, ինչպէս ըսուեցաւ վերը, սակայն կը խմբուի որդիներուն եւ թոռներուն հետ։ Ան ընտրուած է իբրեւ Յուսիկի յաջորդ, բայց երբեք կաթողիկոս չէ դարձած, որովհետեւ նահատակուած է 348ին։
ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ «ԱՂՕԹԱՐԱՆ» ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 3 Փետրուարին, Ս. Պատարագէն ետք, մեծ թիւով ծխականներ հաւաքուած էին Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Չատրճեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Համաստեղի «Աղօթարան» գիրքին ներկայացումը։ Ինչպէս կը յիշուի, այս երկլեզու գեղատիպ հատորը հրատարակուած է Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախաձեռնութեամբ, անոր առաջնորդական ընտրութեան առիթով։ Գիրքէն օրինակներ բաշխուած էին իբրեւ յուշանուէր անցեալ 2 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած մեծարանքի ճաշկերոյթին։

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան բարի գալուստի խօսքերէ ետք, ներկայացուց Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի գործավար դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ գիրքին թարգմանիչն է։ Խօսք առնելով հայերէն եւ անգլերէն, դոկտ. Մատթէոսեան դիտել տուաւ, որ ասիկա Համաստեղի առաջին հատորն է, որ անգլերէնով լոյս կը տեսնէ, եւ որ «Աղօթարան»ը յատկանշական է իր հոգեւոր գաղափարներով՝ Համաստեղի իւրայատուկ ոճով համեմուած։ Այնուհետեւ, ան ներկայացուց Համաստեղի կեանքն ու կէս դարու գրական ասպարէզը, որ զինք դարձուցած է ամերիկահայ ու սփիւռքահայ գրականութեան կարկառուն անուններէն մէկը։ Պատկերազարդ ներկայացումին հետեւեցան անգլերէն թարգմանութենէն ընթերցումներ Կրեկըրի Տոսթուրի, Նուէր Օրանճեանի եւ Վեհ Պզտիկեանի կողմէ։

Փակման խօսքին մէջ, Անուշաւան Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ իր մանկութեան ու պատանեկութեան, երբ Համաստեղի ու յատկապէս «Աղօթարան»ի ընթերցումը այնքան տպաւորած է զինք։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թարգմանիչին ու Առաջնորդարանի բոլոր գործակիցներուն, որոնք գիրքը հասցուցած են ատենին՝ հակառակ ժամանակի սահմանափակումներու, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քոչումեան եւ Սթանչիու ընտանիքներուն, որոնք գիրքին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին։

«Աղօթարան» հատորը տրամադրելի է Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Արմէն Գարօ
( ծնունդ՝ 9 Փետրուար, 1872)
Արմէն Գարօ հայ ազատագրական շարժման ամենէն գործօն մասնակիցներէն էր ու կարգ մը ճակատագրական պահերու դերակատարը։ Պանք Օթոմանի գրաւումի ղեկավար, Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Ամերիկայի մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչ։

Ահա կարգ մը կարեւոր իրադարձութիւններ անոր հանրային կեանքէն, որ կանխահաս կերպով աւարտած է։

Գարեգին Փաստրմաճեան ծնած է Կարին (Էրզրում), 9 Փետրուար, 1872ին։ Քաղաքի «Սանասարեան» վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը եղած է 1891ին։ 1894ին մեկնած է Ֆրանսա, մտնելով Նանսիի համալսարանի երկրագործական վարժարանը։ Այս շրջանին նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը մտած է։

Զէյթունի ջարդերու սկզբնաւորութեան ան լքած է իր ուսումը՝ իր հայրենակիցներուն օգնութեան երթալու համար։ Անցած է Ժընեւ ու անկէ՝ Եգիպտոս, Զէյթունի դիմադրութեան օժանդակելու։ Այնուհետեւ վերադարձած է Թուրքիա։ Այս ժամանակին է, որ Արմէն Գարօ կեղծանունը որդեգրած է։

Ան կազմակերպիչներէն էր Պանք Օթոմանի գրաւումին՝ 26 Օգոստոս, 1896ին։ Բաբգէն Սիւնիի՝ դաշնակցական յեղափոխականներուն ղեկավարի սպանութենէն ետք, Արմէն Գարօ ստանձնած է ղեկը։ Դրամատան գրաւումի աւարտէն ետք, խումբը ղրկուած է Մարսէյլ, բայց անոնց Ֆրանսա մուտքը արգիլուած ըլլալով, Արմէն Գարօ մեկնած է Զուիցերիա եւ բնական գիտութիւններ ուսանած է Ժընեւի համալսարանը։

1898ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելէ ետք, 1900ին շրջանաւարտ եղած է՝ քիմիագիտութեան տոքթորի տիտղոս ստանալով։ 1901ին Թիֆլիսի մէջ քիմիական հետազօտութեան տարրալուծարան մը բացած է։

Արմէն Գարօ շարունակած է իր յեղափոխական գործունէութիւնը եւ 1905-1907ի հայ-թաթարական բախումներու շրջանին կազմակերպած Թիֆլիսի հայերու ինքնապաշտպանութիւնը 500 կամաւորներու խումբով։

Երբ կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած է Կովկասի մէջ, Արմէն Գարօ յաջողած է բարգաւաճ դիրք մը նուաճել։ Սակայն, այս իրավիճակը կարճ տեւած է։ 1908ի օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, ան ընտրուած է Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան Էրզրումէն՝ Հ. Յ. Դ.ն ներկայացնելով։ Իր չորս տարուան պաշտօնավարութեան ընթացքին աշխատած է երկաթուղիի օրինագիծի մը ի խնդիր, որուն գլխաւոր նպատակը Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ երկաթուղագիծերու կառուցումն էր։

Այնուհետեւ, 1913-1914ին աշխոյժ աշխատանք տարած է՝ հայկական վեց նահանգներու մէջ բարենորոգումներու կազմակերպութեան եւ գործադրութեան համար։ 1914ի աշնան, Դաշնակցութեան Ը. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, յատուկ առաքելութեամբ Կովկաս անցած է՝ կամաւորական շարժումի կազմակերպութեան համար։

Նոյեմբեր 1914ին, երբ ռուս-թրքական պատերազմը սկսած էր, Արմէն Գարօ ռազմաճակատ մեկնած է, ընկերանալով Դրոյի հրամանատարութեան տակ յառաջացող կամաւորական երկրորդ գունդին՝ իբրեւ Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցիչ։ Երբ Դրօ ծանրօրէն վիրաւորուած է, Գարօ ժամանակաւորապէս ստանձնած է գունդի ղեկավարութիւնը Նոյեմբեր 1914 - Մարտ 1915 շրջանին։ Ան առաջիններէն էր, որ Վան մտած էր 1915ի ամրան՝ քաղաքի ազատագրումէն ետք։

Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Արմէն Գարօ եւ տոքթ. Յակոբ Զաւրիեւ գարնան առաքուած են Փեթրոկրատ՝ ռուսական ժամանակաւոր կառավարութեան հետ բանակցելու։ Յունիսին Ա. Գարօ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իբրեւ Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչ։ Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1919ին Արմէն Գարօ դեսպան նշանակուած է ԱՄՆի մէջ։

Ուաշինկթըն հաստատուելով, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութեան ձեռնարկած է։ 1918-1919ին հրատարակած է երեք անգլերէն գրքոյկներ՝ Հայաստանի անկախութեան իրաւունքը հիմնաւորելով։ Միաժամանակ, Շահան Նաթալիի ու Ահարոն Սաչաքլեանի հետ գաղտնաբար ղեկավարած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Արմէն Գարօ Եւրոպա վերադարձած է Նոյեմբեր 1922ին՝ հոգեպէս ընկճուած ու հիւանդ։ Մահացած է Ժընեւի մէջ, 23 Մարտ 1923ին, 51 տարեկանին։ «Ապրուած օրեր» յուշագրութիւնը լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ (1923-1924) եւ ապա՝ առանձին գիրքով, 1948ին։

Այս անձնազոհ մարտիկին ու քաղաքական գործիչին անունը կը կրեն Հ.Ե.Դ.ի «Արմէն Գարօ» մասնաճիւղը (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) եւ Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը՝ Գանատայի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
 
Կռիւն ու ռմբակոծումները վերջ գտած են։ Հիմա վերաշինութեան դժուարին գործընթացը սկսած է։ Շարունակեցէք սուրիահայութիւնը ներկայ պահել ձեր աղօթքներուն մէջ ու քսակներէն բաժին յատկացնել։ 




Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւնները կարելի է առցանց կատարել։ 

Անմիջապէս նուէր մը կատարելու համար,
սեղմեցէ՛ք այստեղ եւ ընտրեցէ՛ք
SYRIAN ARMENIAN RELIEF։

Այլապէս, ձեր նուիրատուութիւնը ղրկեցէք հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Prelacy
138 E. 39 th Street
New York, NY 10016
Չէքերը գրեցէք Armenian Apostolic Church of America անունին
(Memo: Syrian Armenian Relief)

Շնորհակալութիւն ձեր օժանդակութեան համար։


Պարզ մտածումէ մը անդին

Եթէ խորհիք, հեռու պիտի հասնիք։

Եթէ չէք հաւատար, տեսէք ի՞նչ պատահեցաւ հայերէն  խորհ  բառին, որգրաբարով «մտածում» կը նշանակէր։ Ան շրջանառութենէ դուրս եկաւ, եւ  ր տառի անկումով,  խոհ  («գիտուն») բառը յառաջացաւ, որ այսօր «մտածում» կը նշանակէ։

Սակայն, թէեւ արմատը այլեւս չի գործածուիր, ան ծնունդ տուած է բազմաթիւ հետաքրքրական բառերու։ Առաջին հերթին, անշուշտ,  խորհիլ  բայը ունինք, բայց նաեւ  խորհուրդ  բարդ իմաստով բառը։
Ինչո՞ւ բարդ։ Սկզբնապէս, ան փոխարինած է  խորհ ը՝ միեւնոյն «մտածում» իմաստով, եւ անկէ յառաջացած է  խորհրդածել  բայը։ Այնուհետեւ, «միտք տալ» իմաստը ստացած է, եւ հիմա  խորհրդական  բառը ունինք։

Հարցը հոս չի վերջանար։ Կը խօսինք Ս. Ծննդեան  խորհուրդ ին մասին («առեղծուած»), եւ այդ առիթով, կ՚երգենք « Խորհուրդ  մեծ եւ սքանչելի» շարականը՝ Մովսէս Խորենացիի յօրինումը։ Բայց նկատի ունեցէք, որ միայն Ծնունդի համար չենք գործածեր։ Որեւէ առեղծուած, նոյնիսկ եթէ ոստիկանական վէպէ մը բխած ըլլայ,  խորհուրդ  մըն է, կամ  խորհրդաւոր բան մը։

Քանի որ  symbol  մը որոշ խորհուրդ ունեցող բան մըն է,  խորհուրդ  բառը նաեւ մաս կազմած է  խորհրդանշան  բառին։

Սակայն, քանի որ մտածելը պզտիկ բան չէ,  խորհուրդ  նաեւ կը գործածուի «վարչութիւն» իմաստով, ու անկէ կու գայ  խորհրդատու  բառը։ Դեռ աւելին կայ։ Արդի ժամանակներուն, երբ ժողովրդավարութիւնը կառավարական ամենէն տարածուն ձեւը դարձաւ,  parliament  բառը նախ թարգմանուեցաւ խօսարան  ձեւով (հաւանաբար՝ ֆրանսերէն  parler  կամ իտալերէն  parlare «խօսիլ» բառերէն)։ Սակայն, 20րդ դարուն այժմու  խորհրդարան  բառը մուտք գործեց մեր բառապաշարին մէջ։ Ի վերջոյ, կ՚ենթադրուի, որ մարդ կը մտածէ խօսելէ առաջ, ու հետեւաբար՝ Խորհրդարանի մը անդամները կը մտածեն խօսելէ առաջ   կամ, աւելի ճիշդ՝ իրենց խոհերը երկրին ի սպաս կը դնեն։

Եթէ ատիկա ճիշդ է կամ ոչ, իրենց կը մնայ ցոյց տալը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 23 Մարտին, միօրեայ դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, Շանթ Աւ. սրկ. Գազանճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Հետազօտութիւն Ս. Պատարագի» վերնագրով։ Արձանագրութեան ժամկէտը Մարտի 15ն է։ Մասնակցիլ փափաքողները տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կրնան կապուիլ Մայր Եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձայնով (212-689-5880) կամ ելեկտրոնային նամակով ( office@stilluminators.org ):
ԵԹԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԻՔ...
. . . գրեցէք մեզի crossroads@armenianprelacy.org հասցէին։  

Մեր ելեկտրոնային շաբաթական լրատուի՝ “CROSSROADS”-ի մասին ձեր կարծիքն ու ձեր առաջարկները մեզ շատ կը հետաքրքրեն։ Ա՛յս նպատակով հաստատեցինք նամակագրութեան վերի յատուկ հասցէն։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
«Սիամանթօ» լսարանի դասերը տեղի կ՚ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Տեղեկութիւններու համար՝ anec@armenianprelacy.org   կամ՝  212-689-7810։ Յաջորդ դասը՝ Շաբաթ, 16 Փետրուարին։

 8 եւ 9 Փետրուար —Վահան սրկ. Գույումճեանի քահանայական ձեռնադրութիւն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ռիճֆիլտ (Նիւ Ճըրզի)։ Ուրբաթ, 8 Փետրուար, երեկոյեան ժամը 6ին՝ կոչման արարողութիւն։ Շաբաթ, 9 Փետրուար, առաւօտեան ժամը 10:30ին՝ ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւն՝ Ս. Պատարագի ընթացքին։ Պիտի պատարագէ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, խարտաւիլակութեամբ՝առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեանի։

16 Փետրուար —Վալենթայնի օրուան ճաշկերոյթ-պարահանդէս, Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, ի նպաստ ՀՕՄի ծրագիրներուն եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փարամըս։

2 Մարտ —Տարեկան Hye Hearts Dance-ի երրորդ պարահանդէսը հովանաւորութեամբ՝ Մեծագոյն Հարթֆըրտի եւ Արեւմտեան Մասաչուսեթսի հինգ հայ եկեղեցիներուն, Holiday Inn պանդոկ, Հարթֆըրտ (Քընեթիքըթ)։

3 Մարտ —ՀՕՄի «Շաքէ» մասնաճիւղի Բուն Բարեկենդանի անուշեղէններու վաճառք, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ։

17 Մարտ “Musical Armenia” համերգ, ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill Recital Hallի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Երաժիշտներ՝ Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։ 

23 Մարտ —Ս. Պատարագի մեկնաբանութիւն, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք, ղեկավարութեամբ՝ Շանթ Աւ. սրկ. Գազանճեանի (Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ)։ Արձանագրութիւն՝ մինչեւ 15 Մարտ։

30   Մարտ —ՀՕՄի «Ակնունի» եւ «Պերկըն» մասնաճիւղերը եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կը ներկայացնեն «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոն, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակին։ Տեղի կ՚ունենայ Սուրիա եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս, Նիւ Ճըրզի։

5 Մայիս —Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) 60ամեակ։ Թուականը նկատի ունենալ։

30 Յունիս-7 Յուլիս —33րդ տարեկան «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը՝ 13-18 տարեկան պատանիներու համար, տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվանիա), կազմակերպութեամբ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնին։

9-12 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով տեղի պիտի ունենայ Մոնթէպէլլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Մանրամասնութիւնները՝ յետագային։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։ 

Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/