Սեղմեցէք իւրաքանչիւր ձեռնարկի վրայ՝ համապատասխան կայքէջ երթալու համար
|
|
ԱՇԽԱՐՀԸ ՑՆՑՈՂ ՄԱՀԱՍՓԻՒՌ ՊԱՅԹԻՒՆԸ
|
|
Տասը օրեր առաջ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթիւնը ցնցեց համայն մարդկութիւնը։ Վստահ ենք, որ լրատուական աղբիւրներէ անցուդարձերուն լիովին տեղեակ էք։ Այս ահաւոր աղէտին պատճառած կեանքերու, հոգեկանի եւ նիւթականի կորուստը անկշռելի է։ Միակ մխիթարանքը այս բոլորին մէջ միջազգային ընտանիքի, բայց մանաւանդ` հայ ժողովուրդի անգամ մը եւս միակամ եւ միասիրտ կանգնիլն է։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական կոչին ընդառաջելով, Ազգային Առաջնորդարանս ձեռնարկած է Լիբանանահայութեան Շտապ Օգնութեան հանգանակութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր կոչին մէջ յստակ կերպով կը շեշտէ, որ Վերականգնումի Մարմին մը, որ բաղկացած է հայ համայնքի բոլոր յարանուանութիւններէն եւ գլխաւոր կազմակերպութիւններէն, պիտի վերահսկէ նպաստի բաշխման եւ յարակից բոլոր տուեալներուն։
Հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ կը յայտնեմ, թէ շրջանիս ժրաջան հոգեւորականներուն գործակցութեամբ եւ սրտաբուխ նուիրատուներու մասնակցութեամբ, արդէն իսկ 50.000 տոլարի գումար մը գոյացած է, որ այսօր փոխանցուեցաւ Լիբանան: Ամէն Հինգշաբթի, Crossroadsի մէջ պիտի զետեղենք նուիրատուներու ցանկը։ Կը յարգենք փափաքը բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն իրենց անունը անյայտ պահել։
Տէրը օրհնէ մեզ եւ օգնէ բոլորիս՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, Իր ողորմութիւնը առատապէս հեղու մարդկութեան վրայ առհասարակ, եւ պահպանէ ու զօրացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։
Արեւելեան ԱՄՆի Թեմի Առաջնորդ
|
|
Իբրեւ Թեմիս Առաջնորդ, կը խոնարհիմ եւ կը յուզուիմ ի տես ձեր ցնցիչ պատասխանին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի կոչին, Պէյրութի մեր եղբայրներուն օգնութեան գալու։ Ներկայ տուեալներով, ահաւոր պայթիւնին զոհերու թիւը աւելի քան 200 է, որոնց շարքին՝ 12 հայորդիներ, 5.000 վիրաւորներ կան, որոնցմէ 250ը՝ հայ, իսկ աւելի քան 100 հոգիի հետքը անծանօթ կը մնայ։ Ըստ պետական աղբիւրներու, առնուազն 300.000 հոգի անտուն մնացած է։
Ողբերգութիւնները մարտահրաւէր կը կարդան։ Իբրեւ հայեր, պատմութեան քննութիւններուն շատ ծանօթ ենք։ Ահա թէ ինչու Հայաստանն ու Սփիւռքը առաջիններէն էին, որոնք փութացին օգնութեան հասնելու Լիբանանի տառապանքին, մեր ազգի ամենասիրելի երկիրներէն մէկուն, որ իր դռները բացաւ մեր վերապրողներուն, երբ Թուրքիա մեզ վերջնական անհետացման սեմին մատնեց 1915ին։ Հիմա տալու մե՛ր ժամանակն է։ Եւ յուզիչ է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս սրտանց կու տանք։
Բոլորս գիտենք, թէ Լիբանանը որքա՛ն կենսական եղած է ու է մեր ազգին համար։ 1975ին սկսած եւ տասնհինգ տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմի ամենադաժան օրերուն իսկ, համայնքը շարունակեց արտադրել մտաւորականներ, հոգեւորականներ, գրագէտներ, ուսուցիչներ եւ գիրքեր, պահպանելով իր կենսունակութիւնը մինչ ռումբերը կը տեղային ու ընտանիքները կ՚ողբային իրենց կորուստներն ու տառապանքը, բայց չէին դադրեր դպրոցներ, խանութներ ու կեանքեր վերակառուցելէ, այն յոյսով ու վստահութեամբ, որ լաւ ժամանակները պիտի վերադառնային։ Անվերջանալի պատերազմի օղակին մէջ բռնուած օրերուն իսկ, Պէյրութ շարունակաբար տուաւ, կենդանի պահելով մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները, մէկ խօսքով՝ ներուժ հայթայթելով մեը համայնքներուն։
Պատահական չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուած է Անթիլիասի մէջ։ Մեծ Եղեռնի օրերէն, Լիբանանը ամէն հայու տունը եղած է՝ տունէն հեռու, նոյնիսկ՝ երբ ճակատագիրը այնքան դաժան եղած է լիբանանցիներուն, որքան որ հայոց համար ընդհանրապէս։
«Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.21)։ Այս անգամ, մէջբերումը կոչ մը չէ, այլ՝ ձեր առատաձեռնութեան բնորոշումը՝ մեր լիբանանահայ եղբայրներու դժբախտութեան դէմ յանդիման։ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելու իմ ձեւս է նաեւ, քանի որ բառերը կը պակսին ինծի։
Աղօթարար՝
ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ
|
|
«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՄԵՐ ՈՂՋ ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է»
|
|
Ահա այս էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի առաջին հաստատումը՝ Կիրակի, 9 Օգոստոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ արտասանած իր պատգամին։ Անցեալ Օգոստոս 4ի Պէյրութի աղէտալի պայթիւնէն ետք իր առաջին հրապարակային ելոյթին ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը խորիմաստ արտայայտութիւններ ունեցաւ՝ մեր ժողովուրդին յորդորելէ ետք, որ «միայն մեր դժուարութեան ու նեղութեան մէջ չդառնանք Աստուծոյ, այլ՝ միշտ»:
Վեհափառ Հայրապետը յիշեց անցեալի ծանր օրերը՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, իբրեւ թեմակալ առաջնորդ. «Ծառայած եմ մեր ժողովուրդին յաճախ հրթիռներու տակ ու ականներու մէջէն քալելով, նոյնիսկ աջ ձեռքէս փամփուշտ մը ստացած եմ: Այդ օրերուն նաեւ ականատես եղած եմ ռմբակոծումներու պատճառած վնասներուն: Սակայն, ինչ որ պատահեցաւ մի քանի օրեր առաջ աննախընթաց էր՝ իր տարողութեամբ, ծաւալով եւ պատճառած զոհերով ու քանդումներով»:
Յայտնելով իր ցասումն ու յուզումը, «թէ ինչո՛ւ նման ոճրային արարքներ տեղի կ'ունենան մարդ արարածներու կողմէ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար», Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ «Աստուած իր երկնքի արքայութեան մէջ ընդունի մեր համայնքի եւ Լիբանանի բոլոր նահատակներու հոգիները» եւ «շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր վիրաւորներուն»: Ան վստահեցուց, որ վերականգնումը «մեր կեանքին առջեւ բացուած միակ ճամբան է, ուրկէ մենք պիտի քալենք միասնաբար, ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի, խոր հաւատքով, ամուր վճռակամութեամբ ու վառ տեսիլքով», ապահովելով, «որ մեր եկեղեցին, մեր միաբանութիւնը եւ ես անձնապէս պիտի քալենք ձեզի հետ միասին ու պիտի կատարենք ինչ որ կարելի է, որպէսզի շուտով Լիբանանի հայութիւնը դարմանէ իր վէրքերը, ամոքէ իր ցաւը եւ վերահաստատէ իր առանցքային տեղն ու դերը մեր ազգի կեանքէն ներս»:
Վեհափառ Հայրապետը վճռակամօրէն յայտնեց, որպէս երկրորդ հաստատում, թէ «Լիբանանի հայութեան հզօրացումը Հայաստանին ու Սփիւռքին հզօրացումն է», շեշտելով համայնքի աւանդական դերը Սփիւռքի կեանքին եւ հայրենաշինութեան գործին մէջ, եւ գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի ու Սփիւռքի, նաեւ՝ օտարներու կողմէ արձանագրուած զօրակցութեան ու օժանդակութեան ալիքին համար։ Ան շեշտեց, թէ «Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքը պիտի ըլլայ հաւաքաբար, միասնաբար եւ ծրագրուած ու հետեւողական կերպով՝ մասնակցութեամբ ու օժանդակութեամբ Հայաստանի ու Արցախի պետութեան եւ մեր ազգի բոլոր կազմակերպութիւններուն ու զաւակներուն»:
Արամ Ա. Կաթողիկոս վերահաստատեց, որ «Լիբանանի հայութիւնը պետութեան հետ է, այո՛, սակայն դէմ է՝ պետական իրենց պաշտօնները չարաշահող պատասխանատուներուն»: Անդրադառնալով վերջին վեց ամիսներուն Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերա-քաղաքական տագնապին, ան ընդգծեց, թէ վերջին երկու տագնապները պետական պաշտօններ գրաւած անձերուն «իրենց պաշտօնին նկատմամբ ունեցած անպատասխանատու ու անպարկեշտ վերաբերումին, համարատուութեան պակասին եւ փտածութեան հետեւանք են»: Ան արձագանգ հանդիսացաւ ժողովրդային դժգոհութեան, թէ հաշիւ չի տրուիր դրամատուներուն վստահուած գումարներու ճակատագրին մասին, «ժողովուրդին դէմ գործուած մեղքին խոստովանութիւնը չի կատարուիր, ժողովուրդին դրամը շահագործած կամ անփոյթ կերպով գործածած անձերը կամ կառոյցները պատասխանատուութեան չեն կանչուիր»։ Վեհը կրկնեց բոլորին հարցումը, թէ ինչպէ՞ս տարիներ շարունակ մեծաքանակ վտանգաւոր նիւթեր կը պահուին առանց նախազգուշական միջոցներու, քաջ գիտնալով անոնց վտանգալից ըլլալը, եւ աւելցուց. «Սա ի՞նչ անբարոյ ու անխիղճ վերաբերում է իրենց պատասխանատուութեան նկատմամբ: Այս ահաւոր ոճիրին ետին կեցող անձերը ի՜նչ խիղճով կը դիտեն իրենց պատճառած մահերը, վիրաւորները, քանդումները»:
Յիշելով թէ եկեղեցականը, առաքեալին բնորոշումով, Քրիստոսի դեսպանն է (Բ.Կր 5.20), Կաթողիկոսը ըսաւ. «Ես չեմ կրնար լուր մնալ ժողովուրդը կեղեքող, ժողովուրդին տնտեսական կեանքը քանդող ու ապահովութիւնը վտանգող այս ոճիրներուն դիմաց: Մի քանի օրեր առաջ Լիբանանի նախագահը յայտարարեց, թէ Լիբանանի դատարանները բաց պիտի ըլլան բոլորին առջեւ: Կը յուսանք ու կը սպասենք: Սակայն, վստահ եղէք որ Լիբանանի դատարանները բաւարար տեղ պիտի չունենան դատեալները ընդունելու...»: Ան զգուշացուց, որ «երբ ժողովուրդը վճռական կերպով փողոց իջնէ, փտածութեան մէջ խրած պատասխանատուներու աթոռները կը սկսին շարժիլ», քանի որ անցեալն ու ներկան կը յուշեն, որ «ժողովուրդը ենթակայ չէ պետական մարդոց, այլ՝ պետական մարդիկը իրենք ենթակայ են ու համարատու զիրենք ընտրող ժողովուրդին եւ բոլորս ենթակայ ենք երկրին օրէնքներուն», ուստի «մենք կը պահանջենք, որ Լիբանանի տնտեսական վատառողջ կացութիւնը շուտով իր լուծման ընթացքը գտնէ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի պայթումին ետին գտնուող անձերը խստագոյն պատիժը կրեն»:
|
|
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ
|
|
Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի թելադրանքով, Կիրակի, 9 Օգոստոսի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու պետերուն, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն եւ ՀԲԸՄ-ի, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան եւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի ներկայացուցիչներուն, հաստատուեցաւ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը:
Անդրադառնալէ ետք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ծանօթ կոչին, որ կը հաստատէր, թէ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով` մեր հայրենիքին, սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ, Շահէ Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ մարմինին աշխատանքներուն առանցքը պէտք է կազմեն տուներու, եկեղեցիներու եւ համայնքային կեդրոններու վերանորոգումը, առողջապահական ծրագիրները եւ կրթական օժանդակութիւնը:
Մարմինը պէտք է անմիջապէս դիմէ գործնական քայլերու եւ ճշդէ համապատասխան գործելաձեւ` արագ, արդիւնաւէտ եւ նպատակայարմար ծրագիրներ իրականացնելու համար: Սրբազանը Հայրը հաստատեց միասնական մտածելակերպի եւ նախաձեռնութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի աշխատանքի որակին ընդմէջէն մեր ժողովուրդը զգայ, թէ ապրելու կամք, կառուցելու եւ կերտելու եռանդ, տոկալու եւ յարատեւելու ուժականութիւն ունինք:
Ապա երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները կազմեցին գործադիր մարմին մը, որ անմիջապէս գործի պիտի անցնի: Յետ քննարկումներու, հանդիպումին մասնակիցները շեշտեցին, որ առաւելագոյն չափով ճիգերը պէտք է կեդրոնացնել՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու, ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու եւ լիբանանահայութիւնը վերականգնելու համար։
|
|
Շաբաթ, Օգոստոս 8ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք Լիբանանի համար եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, ընկերակցութեամբ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, եւ Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեանի՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ (Պէյսայտ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ։
Կիրակնամուտի արարողութեան հետեւեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Պէյրութի մահասփիւռ պայթիւնի զոհերուն։
Աղօթքներէն ետք, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն, որոնք միասնաբար Լիբանանի համար աղօթելու հրաւէրին ընդառաջած էին։ Տէր Հայրը անդրադարձաւ հսկումի արարողութեան գլխաւոր աղօթքին, որ ճշմարիտ Լոյս՝ Յիսուս Քրիստոսին հանդիպելու նիւթին շուրջ կը դառնայ։ Ան յայտնեց, թէ մեր համայնքի գլխաւոր դերը նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ընծայել է՝ Լիբանանի մեր տառապող եղբայրներն ու քոյրերը Քրիստոսի լոյսին բերելու համար՝ պայթիւնին պատճառած յուսահատութեան եւ աւերի վիճակէն։
Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեան իր սրտագին պատգամով յայտնեց իր եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծուխի զօրակցութիւնը լիբանանահայութեան, յիշելով, որ Պէյրութը Սփիւռքի շատ կարեւոր կեդրոն մը եղած է միշտ եւ այդ համայնքին վերականգնումը պարտաւորեցնող բոլորիս համար։ Միւս կողմէ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կեդրոնացաւ յոյսի այն պատգամին վրայ, զոր պէտք է հաղորդենք մեր լիբանանահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ մեր բոլորանուէր զօրակցութեամբ։
|
|
ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ 100ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
|
|
Սեւրի դաշնագիրը նոր դարաշրջան մը բացաւ ինքնորոշման որդեգրումին իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններուտիրապետող սկզբունք, ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին, դաշնագրի 100ամեակին առիթով։ «Այն “անիծեալ տարիների” աւարտն էր ազդարարում», դիտել տուաւ իր ուղերձին մէջ, որ կարդացուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպած «Սեւրի դաշնագիրը եւ Հայկական Հարցը» գիտաժողովին։
«Ինչպէս Վերսալի պայմանագիրը Եւրոպայում, այնպէս էլ Սեւրի պայմանագիրը միջպետական յարաբերութիւնների նոր համակարգ էր ձեւաւորում տարածաշրջանում», վարչապետ Փաշինեան յայտնեց իր ուղերձին մէջ, զոր ի բացակայութեան կարդացած է Ակադեմիայի փոխնախագահ Եուրի Շուգուրեան։ Սեւրը, յայտնեց պրն. Փաշինեան, «նոր սկզբունքներ ու արժէքներ էր ներմուծում, ոչ միայն խաղաղութիւն, այլ նաեւ արդարութիւն էր հաստատում Առաջաւոր Ասիայում»։
Դաշնագրի առանցքային կէտը ազգերու ինքնորոշման եւ իրաւական հաւասարութեան սկզբունքն է, որ վերջ դրաւ կայսերական ստրկութեան եւ ազատութիւն ու անկախութիւն պարգեւեց տարածաշրջանի ժողովուրդներուն:
«Աւելին, պատմական տարածքներում ազգային պետութիւններ հիմնելու իրաւունք տրամադրելով, այն բարենպաստ պայմաններ էր ստեղծում տարածաշրջանում մուսուլման եւ քրիստոնեայ ժողովուրդների համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան եւ տարածաշրջանի քաղաքակրթական բազմազանութեան պահպանման եւ հետագայ զարգացման համար», ըսաւ Փաշինեան:
«Սեւրի պայմանագիրը միջազգային այն փաստաթուղթն է, որը ճանաչեց եւ ամրագրեց Հայաստանի անկախութիւնը», ընդգծեց վարչապետը։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս էր գալիս որպէս այդ փաստաթղթի իրաւահաւասար կողմ: Անկախութեան կորստից դարեր անց՝ Հայաստանի իշխանութիւններն առաջին անգամ աշխարհի մեծ տէրութիւնների հետ մէկտեղ, կնքում էին միջազգային պայմանագիր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պայմանագրում նախանշուած սահմաններում ճանաչւում էր որպէս՝ միջազգային յարաբերութիւնների լիիրաւ անդամ եւ միջազգային իրաւունքի իրաւահաւասար սուբիեկտ»:
Ան նաեւ ընդգծեց դաշնագրի պատմական հիմնական դերը, որ «իր 89րդ յօդուածով փաստում եւ ամրագրում էր հայ ժողովրդի պատմական անվիճելի առնչութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի հետ, որտեղ հազարամեակներ ի վեր ծնուել, ապրել եւ պետականութիւն ու մշակոյթ էր կերտել հայ ժողովուրդը»:
Պրն. Փաշինեան վեր առաւ Սեւրի դաշնագրի նախախնամական բնոյթը՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք։ «Եւ վերջապէս, Սեւրի պայմանագիրը կնքուեց Հայոց Մեծ եղեռնի տարիներին յաջորդած ժամանակաշրջանում, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը փորձում էր հայ ժողովրդի բնաջնջմամբ լուծել ‹‹Հայկական հարցը››: Հայ ժողովուրդը ենթարկուել էր ամենադաժան եւ անմարդկային տառապանքների: Հսկայական էին նրա կրած կորուստները: Մինչդեռ Սեւրի պայմանագիրը ճանապարհ էր հարթում ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման համար: Հայ ժողովրդի պատմական բնօրրանում անկախ պետականութեան ստեղծման միջոցով արդարացի լուծում էր ստանում «Հայկական հարցը»: Վերականգնւում էր պատմական արդարութիւնը: Բարենպաստ պայմաններ էին ստեղծւում մեր ժողովրդի տնտեսական եւ ժողովրդագրական ներուժի վերականգնման, նրա բնականոն զարգացման եւ առաջընթացի համար», յայտնեց ան։
«Չնայած Սեւրի պայմանագիրն այդպէս էլ կեանքի չկոչուեց, այն շարունակում է գոյութիւն ունենալ որպէս պատմական փաստ, որն արտացոլում է անկախ պետականութեան վերականգնման համար անցած մեր ուղին», ըսաւ վարչապետը: «Մեր պարտքն է յիշել այն, գիտակցել եւ պահպանել նրա խորհուրդը»։
100ամեակի օրը հրապարակուած միացեալ յայտարարութեամբ, հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւնները՝ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, միւս կողմէ ընդգծեցին, որ «Սեւրի դաշնագիրը միակ դաշնագիրն է, որ ստորագրուած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայկական կողմի ազա՛տ կամքով»։
Յայտարարութիւնը շեշտեց, որ Սեւրի դաշնագիրը «ոչ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ իբրեւ պատասխանատու նախօրէին անոր գործադրած պատերազմի օրէնքներու դէմ ոճիրներուն համար», այլ նաեւ «Թուրքիայէն կը պահանջէ քայլեր՝ այդ ոճիրին գործադրութեան անմիջական մասնակիցները պատժելու գործընթացները դիւրացնելու համար», ինչպէս եւ «առ ոչինչ հռչակել 1915ին որդեգրուած «Լքեալ գոյքերու» վերաբերեալ օրէնքը եւ յաւելուածները ու անհատական թէ համայնքային սեփականատէրերուն վերադարձնել բռնագրաւուած բոլոր կալուածները»։
Դար մը ետք, համատեղ յայտարարութիւնը կ՚ըսէ, «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ թշնամական տրամադրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ: Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրին մէջ տեղ գտած միջազգային իրաւունքի նախադրեալներ կազմող կէտերուն վրայ հիմնուած Թուրքիոյ պարտաւորութիւններուն ամբողջական կատարումը, Թուրքիան պարտաւոր է՝
ա.- Դադրեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան 27ամեայ անօրինական ցամաքային շրջափակումը.
բ.- Դադրեցնել յատկապէս վերջին շրջանին Հայաստանի դէմ ուղղուած իր ռազմատենչ քայլերը.
գ.- Դադրեցնել իր ընդհանրապէս հակահայ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ մէջ (ներառեալ մեր պատմական եւ բռնագրաւուած հողերուն վրայ) թէ դուրս՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով ձեւաւորուած հայկական գաղութներուն դէմ։
Կուսակցութիւնները յայտնեցին, թէ «համոզուած ենք, որ պիտի գայ օրը, երբ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակ եւ պատասխանատու՝ Թուրքիա պիտի կրէ իր պատասխանատուութիւնը եւ պիտի հատուցէ հայ ժողովուրդին բոլոր կորուստները»։ Եզրափակելով, անոնք յայտարարեցին, թէ «մենք – հայկական քաղաքական այլ ուժերու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցաբար – պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ պատմական արդարութեան վերականգնումը»։
|
|
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
|
|
Կիրակի, 16 Օգոստոսին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս)։ Մեր հաւատացեալները կրնան արարողութեան հետեւիլ ուղիղ սփռումով։
|
|
ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՌՈՂՋ ԸԼԼԱՆՔ ՄԱՐՄՆՈՎ, ՄՏՔՈՎ ՈՒ ՀՈԳԻՈՎ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը
|
|
Կիրակի, Օգոստոս 9ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մասաչուսեթս)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը։
Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, այսօր Սուրբ Աստուածածնայ տօնին բարեկենդանի Կիրակին ենք, եւ հրաւիրուած ենք հոգեպէս պատրաստուելու Աստուածամօր Վերափոխման խորհուրդին: Սուրբ գրային մեր ընթերցումը առնուած է Մարկոսի աւետարանի երկրորդ գլուխէն (համարներ 1-12): Աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս Կափառնայում քաղաքին մէջ կը քարոզէր տան մը մէջ, ուր ժողովուրդը խռնուած էր մինչեւ բակը: Չորս մարդիկ անդամալոյծ մը պատգարակի վրայ շալկած կը փորձեն մօտենալ Քրիստոսին: Երբ անկարելի կը դառնայ դռնէն մտնել, անոնք առանց յուսահատելու կը բարձրանան տան կտուրը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար կ՛իջեցնեն: Յիսուս, տեսնելով անոնց հաւատքը, անդամալոյծին կ՛ըսէ. «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի»: Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք այդտեղ էին, լսելով այս խօսքերը, մտովի կ՚ըսեն. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել, ըրածը հայհոյութիւն է: Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»: Յիսուս, գիտնալով անոնց մտածումը, կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին “մեղքերդ ներուած են քեզի” ըսելը, թէ՞ “ե՛լ, մահիճդ առ եւ տունդ գնա” ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, որ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու»: Ապա, դառնալով անդամալոյծին կ՛ըսէ. «քեզի կ՛ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա»: Անդամալոյծը ոտքի կանգնելով մահիճը կը վերցնէ եւ տուն կ՚երթայ: Ժողովուրդը ասիկա տեսնելով կը հիանայ եւ ամէնքն ալ կը փառաբանեն զԱստուած ըսելով՝ «Այսպիսի բան բնաւ չէինք տեսած»:
Աւետարանի այս հատուածը հարուստ բովանդակութիւն ունի, եւ քննարկուելիք բաւական նիւթեր կան, որոնցմէ երկուքին կ՚ուզեմ անդրադառնալ:
ա. Այս ընթերցումը իրօք Աւետարաններու գեղեցիկ հատուածներէն մին է, ուր կը զգանք թէ ինչպէս Աստուծոյ ողորմութիւնը առատօրէն կը ցօղէ մարդկութեան վրայ: Յիսուս՝ կեանքի եւ բարութեան աղբիւրը ըլլալով, յարատեւ իր էութենէն, մտածումներէն ու խօսքերէն դրական ոյժ միայն կ՛արտացոլայ: Ան երբ կը տեսնէ չորս մարդոց անվերապահ յանձնառութիւնը, բարձրօրէն զայն կը գնահատէ գործով: Քրիստոսի այս վերաբերումին պատգամը այժմէական է բոլոր դարերուն համար: Արդարեւ, մարդկային տկարութիւններէն մին այն է, որ շատ յաճախ տարբեր պատճառներով չենք գնահատեր ու քաջալերեր ուրիշները իրենց փոքր կամ մեծ յաջողութեանց համար: Որքա՜ն արժէքաւոր տաղանդներ խամրած են պարզ այն պատճառով, որ արժանի չեն եղած տարրական գնահատումի: Արդարեւ, եթէ հետեւինք Քրիստոսի օրինակին եւ ըստ արժանւոյն քաջալերենք ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամը, ըլլայ անմիջական ընտանիքի անդամ կամ դրացի, պաշտօնակից կամ պաշտօնեայ, նոյնիսկ անծանօթ մը, վստահ որ իտէալ կեանքի մէջ կ՛ապրինք երկրի վրայ, որ կը շարունակուի յաւիտենականութեան մէջ:
բ. Այս հատուածին մէջ մենք կը տեսնենք մարդկային կեանքի տեսանելի ու անտեսանելի տկարութիւնները: Այլ խօսքով, ի տես մարմնական նուազագոյն հիւանդութեան, ամէն ջանք կ՚ընենք դարման գտնել եւ բուժել զայն: Կայ նաեւ ուրիշ հիւանդութիւն մը, որ անտեսանելի է եւ աւելի լուրջ, որուն երբեք ուշադրութիւն չենք դարձներ, նոյնիսկ չենք մտածեր այդ մասին: Մինչ Աստուած մե՛ր բարիքին համար կ՛ուզէ, որ կատարեալ առողջ ըլլանք մարմնով, մտքով ու հոգիով: Արդարեւ, եթէ մանրազնին քննենք մեր ներաշխարհը, հոն ամբարուած պիտի գտնենք անթիւ գիտակից ու անգիտակից, մեղսալից՝ հիւանդագին մտածումներ, ցանկութիւններ, երազներ, որոնք նաեւ կ՚ազդեն մեր անմիջական առօրեային վրայ: Ահա թէ ինչու Յիսուս կը հարցնէ. «Ո՞ր մէկը դիւրին է. «մեղքերդ ներուած են քեզի, ըսե՞լը, թէ՝ ե՛լ, մահիճդ առ եւ տունդ գնա ըսելը»: Առհասարակ, ամէնքս ալ կլանուած ենք մարմնական կեանքի առողջութեամբ կամ հիւանդութեամբ, սակայն կ՚անգիտանանք մեր գոյութեան հոգեւոր երեսը, որ նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, որքան մարմնականը: Մեր մեղքերուն պատճառաւ օտարացած ենք Աստուծոյ հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ ըլլալէ, եւ չենք զգար այս դժբախտութիւնը, որովհետեւ մեր հոգին հիւանդ՝ անդամալուծուած է, եւ հետեւաբար հոգիի զգայարանքները լրիւ զրկուած են վայելելէ իրենց սկզբնական շնորհքները՝ տեսնել, լսել, զգալ զԱստուած:
Օրինակով խօսելու համար՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս առաջ, երբ Սարկաւագը կը ձայնէ՝«Պռօսխումէ» եւ դպիրները կը պատասխանեն «ասէ Աստուած», այսինքն՝ «Ուշադիր եղէք, Աստուած կը խօսի», եւ ապա Աւետարանը կը կարդացուի, արդեօք կը լսե՞նք որ Յիսուս մեզի՛ հետ կը խօսի ինչպէս իր ժամանակի ժողովուրդին հետ: Եւ կամ «Ողջոյն»էն անմիջապէս ետք, Սարկաւագը երբ կ՛երգէ՝ «Դուք որ հաւատքով դէմ յանդիման կը գտնուիք Սուրբ Խորանին, տեսէք արքայական Սուրբ Սեղանին վրայ բազմած է Քրիստոս արքան, շրջապատուած հրեշտակներով», արդեօք հոգիի աչքերով կը տեսնե՞նք, կը զգա՞նք Անոր ներկայութիւնը։ Նաեւ՝ երբ կը հաղորդուինք, իսկապէս կը զգա՞նք մեր մէջ երանական ներկայութիւնը Քրիստոսի: Այս ամէնքը շատերուն թերեւս որպէս հեքիաթ կամ ցնդաբանութիւն հնչէ, եւ պարզ է որ այդպէս ըլլայ, որովհետեւ այդպիսիներուն հոգիի զգայարանքները հիւանդ ըլլալով վաղուց կորսնցուցած են իրենց դերակատարութիւնը: Յիսուսի բիւրեղեայ հարցադրումը ո՛չ միայն իր ժամանակակիցներուն, այլ այսօր՝ մեզի համար եւս կը հնչէ որպէս արթնացման ու զգաստացման ահազանգ, թէ հոգիի անդամալուծութիւնը եւ այլազան հիւանդութիւններ ու մահը եթէ չբուժուին, աւելի մտահոգիչ են իրենց հետեւանքներով քան մարմնականները, որովհետեւ մեզ կ՚առաջնորդեն աներեւակայելի թշուառութեանց երկրաւոր ու երկնաւոր կեանքին մէջ: Գիտակցինք, որ Յիսուսի այս թանկագին հրաւէրը Աստուծոյ անբաւ ողորմութիւնը կը յայտնէ: Այլ խօսքով, մենք եթէ դահեկան մը կը խնդրենք՝ այսինքն մարմնական ու ժամանակաւոր առողջութիւն ու կեանք, Ինք միլիառներ կը պարգեւէ՝ այսինքն յաւերժական առողջութիւն եւ կեանք:
Ուստի, բանականութեամբ ու հաւատքով, որպէս հասուն եւ գիտակից անձեր, այս կեանքին մեզի պարգեւած անփոխարինելի առիթը չկորսնցնենք, այլ վերարժեւորենք ու վայելենք աստուածային իմաստութեամբ ու տնօրինութեամբ: Արդարեւ, որեւէ սերունդէ աւելի մե՛նք կարեւորութիւն կու տանք մարմնի առողջութեան մարզանքներով, ինչպէս նաեւ սննդականոններով: Որեւէ ժամանակէ աւելի մե՛նք է որ պսակաձեւ համավարակի պատճառաւ աննախընթաց զգուշութիւններու կը հետեւինք, ինչ որ լաւ կ՚ընենք եւ պէ՛տք է ընենք: Արդ, եթէ նո՛յն խստապահանջութիւնը ցոյց տանք մեր հոգեւոր առողջութեան նկատմամբ, վստահ եղէք, որ անոր դրական արդիւնքները կը վայելենք ե՛ւ երկրաւոր ե՛ւ յաւիտենական կեանքին մէջ:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, անցեալ Երեքշաբթի օրէն ի վեր համավարակի տագնապի կողքին համայն աշխարհը ցնցուեցաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթիւնին հետեւանքով, որուն ալիքները հասան մինչեւ Կիպրոս՝ խլելով առայժմ 135 կեանքեր, որոնցմէ 12ը հայ, վիրաւորելով աւելի քան 5000 անձեր, որոնցմէ 250ը հայ, կորսուածներու թիւը դեռ եւս անյայտ է, չհաշուած հոգեբանական անպատմելի վնասները: Նիւթական կորուստը աներեւակայելի է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը, եկեղեցիներ, հաստատութիւններ, վաճառատուներ, բնակարաններ անխտիր վնասուած են: Միակ բանը որ լիբանանցին կանգուն կը պահէր յոյսն էր, աւա՜ղ այն ալ կը տժգունի: Այսօրուան մեր Աւետարանի ընթերցումը որքան որ կոչ մըն է հոգեկան արթնացումի, նաեւ խորհրդանշական իմաստ մը ունի: Որպէս անդամալոյծ կը ներկայանայ Լիբանանը այսօր: Չորս յանձնառու անձերը՝ աշխարհի չորս ծագերուն բարեսէր մարդիկն են: Վստահ որ մեր լաւագոյնը եթէ ընենք աղօթքով ու օժանդակութեամբ, մնացեալը՝ Աստուած կ՛ընէ լաւագոյնս՝ մխիթարութեամբ, բժշկութեամբ եւ վերահստատելով յոյսը եւ կեանքի բնականոնացումը: Ամէն։
|
|
“Ձեր նուիրատուութիւնները կը շարունակեն հասնիլ մեզի։ Ազգ. Առաջնորդարանս երախտապարտութեամբ կ՚արձանագրէ բազմաթիւ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռն օժանդակութիւնը՝ ազգային տուրքի մեր արշաւի սկզբնական այս շրջանին։ «Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին, որպէսզի հաւատքը պահենք եւ յոյս ունենանք ապագայի հանդէպ…», գրած է նուիրատու մը։
Ձեր նիւթական քաջալերութիւնը մեզ կը խթանէ յարատեւելու մեր յանձնառութեան մէջ, հակառակ առողջապահական աննախընթաց իրավիճակի բոլոր խոչընդոտներուն։ «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու» (Բ. Կր 9.7-8):
|
|
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
|
|
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ
ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Երգ. 4:9-15, 8:14. Ես.7:10-16.
|
|
ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 2:1-7
Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:
Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:
****
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 3:29-4:7
«Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք, կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ:
Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը: Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ
եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք»:
|
|
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
|
|
Օրհնեալ կոյս Մարիամը բարձր տեղ մը կը գրաւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ՝ Քրիստոսի կողքին։ Ս. Պատարագը կը սկսինք դիմելով Տիրոջ՝ Սուրբ Աստուածամօր միջնորդութեամբ։ Առաքելական եկեղեցիները մայր խորանին վրայ կը ներկայացնեն Աստուածածնի նկարը՝ Յիսուս մանուկը գրկած։ Աւետարանները կը սորվեցնեն մեզի, որ Մարիամ օրհնուեցաւ՝ Աստուծոյ կողմէ կանչուելով Անոր աստուածային փրկութեան ծրագիրը կատարելու։ Մարիամը քրիստոնէութեան մէջ առաջնահերթ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ անոր միջոցով եւ Սուրբ Հոգիի մասնակցութեամբ՝ Աստուած մարմին առաւ ու մարդեղինացաւ։
Կիրակի, 16 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ մեր կրօնական տօնացոյցի հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է, եւ Խաղողօրհնէքը։ «Վերափոխում» բառը «վեր փոխադրել» կը նշանակէ գրաբարի մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Աստուածածնի մահէն ետք, առաքեալները զայն թաղեցին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ Բարթուղիմէոս, որ ներկայ չէր յուղարկաւորութեան, փափաքեցաւ գերեզմանը այցելել։ Երբ աշակերտները գերեզմանաքարը բարձրացուցին, զարմանքով տեսան, որ մարմինը անհետացած էր։ Անոնք եզրակացուցին, որ Քրիստոս իր մայրը տարած էր դէպի Երկնային Արքայութիւն, պարապ գերեզմանը փաստ նկատելով, որ Տիրամայրը մահացած չէր, այլ՝ քնացած։ Այս իրադարձութեան վրայ հիմնուելով, Եկեղեցւոյ Հայրերը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հաստատեցին։ Տօնին կը նախորդէ հինգօրեայ պահք եւ կը յաջորդէ՝ մեռելոցի օր։
Բարթուղիմէոսը շատ կը սիրէր Աստուածամայրը, որ իր պատկերը տուած էր Յովհաննէս առաքեալին։ Վերջինս այդ պատկերը յանձնած է Բարթուղիմէոսին։ Առաքեալը պատկերը բերած է Հայաստան՝ Անձեւացեաց գաւառի (Վասպուրական) Դարբնոց քար վայրը, ուր Հոգեաց վանքը շինուած է՝ յարակից կուսանոցով, ու այդ սրբապատկերը պահպանուած էր հոն։ Բարթուղիմէոսի նկարները յաճախ ցոյց կու տան՝ այդ պատկերը բռնած։
Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9րդ դար, իսկ միայն 12րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։
Կիրակի օր անուանակոչման տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կը կոչուին Մարիամ, Մարօ, Մարի, Մաքրուհի, Մայրենի, Մարուշ, Սրբուհի, Տիրուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Լուսնակ, Արուսեակ, Արփինէ, Մարգարիտ, Նազիկ, Ազնիւ, Սեդա, Ծաղիկ, Վերժին, Արշալոյս։
Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին երանելի առաքեալքն եւ սուրբ կուսանքն ջահազգեստուք պայծառացեալք լուցանէին զլապտերս իւրեանց. եւ միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։
Այսօր դնելով զսուրբ կոյսն առ դրանն գերեզմանին, սպասէին եւ ակն ունէին տեառն իսկ ինքնին գոլով, գեր ի վերոյ տեսեալ զարարիչն եկեալ բազում հրեշտակօք. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։
Այսօր տեսեալ զսուրբ կոյսն թռուցեալ յօդս, եւ ամպեղէն կառօքն ի վեր համբարձեալ յերկինս. մտանելով յերկնային խորանսն ընդ իմաստուն կուսանսն. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։
Այսօր ընդ բազմաչեայ քրովբէսն եւ ընդ վեցթեւեան սրովբէսն մտանելով եօթնաստեղեան խորանսն. տեսանելով զանազան աթոռսն զոր պատրաստեալ է քեզ տէրունւոյդ. երգեմք եւ մեք ասելով. օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։
(Այսօր սուրբերը՝ երանելի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը՝ միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած՝ իրենց լապտերները կը վառէին եւ միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։
Այսօր սուրբ կոյսը գերեզմանին առջեւ դնելով կը սպասէին եւ կ՚ակնկալէին Տիրոջ անձամբ հոն ըլլալը, բայց տեսան որ Արարիչը վերէն բազում հրեշտակներով կու գար. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։
Այսօր տեսան սուրբ կոյսին օդին մէջ թռչիլը եւ ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերու հետ. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։
Այսօր բազմաչեայ քերովբէներուն եւ վեցթեւեան սերովբէներուն հետ եօթնաստեղեան խորանները մտնելով տեսար զանազան աթոռներ, զոր Տէրը քեզի համար պատրաստած է. մենք ալ կ՚երգենք ըսելով՝ օրհնեալ ես դուն կիներու մէջ ամէնօրհնեալ)։
|
|
Խաղողօրհնէքը տեղի կ՚ունենայ Վերափոխման տօնին օրը, թէեւ երկու իրադարձութիւնները աղերս չունին իրարու հետ։ Այս արարողութիւնը հիմնուած է աստուածաշնչական աւանդութեան վրայ. Աստուած պատուիրած է իսրայէլացիներուն՝ Մովսէսի միջոցով, որ նուիրեն իրենց երախայրիքը գոհութեամբ, որպէսզի այս ձեւով բոլոր պտուղները Տիրոջ օրհնութիւնը ստանան։ Այս առիթով, «Փառք Սուրբ Խաչի» շարականը կ՚երգուի եւ կը կարդացուին աստուածաշնչական դրուագներ, որոնց կը հետեւի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի յատուկ աղօթքը։ Աղօթքէն ետք, խաղողները երեք անգամ կ՚օրհնուին եւ ապա կը բաժնուին հաւատացեալներուն, որոնցմէ շատեր հրաժարած են խաղող ուտելէ մինչեւ Խաղողօրհնէք։
Կրնանք ըսել, թէ Խաղողօրհնէքը երկրի պտղաբերութեան խորհրդանշական տօնակատարութիւն մըն է։ Որթատունկը աշխարհի հնագոյն մշակուած բոյսերէն մէկն է։ Նոյ որթատունկ մը տնկած է տապանէն ելլելէ անմիջապէս ետք (Ծննդոց գիրք, գլ. 9)՝ Նախիջեւանի մէջ։ Անշուշտ՝ Ս. Պատարագի գինին խաղողէն կու գայ։
«Օրհնէ նաեւ, Տէր, այն որթատունկերը որոնցմէ փրցուած են այս խաղողները եւ ըրէ զանոնք բարեբեր եւ բազմաբեղուն եւ պարարտ։ Տէր, բոլոր այգեստանները անփորձ պահէ. փրկէ զանոնք կարկուտէ, սառնամանիքէ եւ տաք հովերէ, վնասակար միջատներէ, որպէսզի մենք, քու արարածներդ, շարունակենք վայելել անոնց պտուղները այս աշխարհի վրայ զոր Դուն մեզի տուիր եւ արժանի ըլլանք քեզի հետ ուտելու եւ խմելու քու Հօրդ արքայութեան սեղանին՝ ըստ Քու խոստումիդ ի պատիւ եւ ի փառաբանութիւն համագոյ Ս. Երրորդութեան, Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն» (Հատուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի Խաղողօրհնէքի աղօթքէն)։
|
|
Շաբաթ, 15 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի Շողակաթի տօնն է, որ միշտ կը զուգադիպի Վերափոխման տօնի նախորդ Շաբաթ օրուան։ Շողակաթը կ՚ակնարկէ լոյսի ճառագայթներու տեսիլքին, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ականատես եղաւ, երբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի տեղը ընտրեց։ Տօնը Վերափոխման ժամանակ կը նշուի, որովհետեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը անուանուած է Ս. Աստուածածնի անունով, թէեւ տարիներու ընթացքին ծանօթ դարձած է Էջմիածին անունով, իսկ Շողակաթ անունը կիրարկուած է մօտակայ Ս. Շողակաթ եկեղեցւոյ համար, որ հիմնադրուած է, ըստ աւանդութեան, հոն՝ ուր Հռիփսիմեանց նահատակներուն վրայ «շող կաթած է»։
|
|
Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, մեռելոց է։ Ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութեան, տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրը մեռելոց կը նկատուի։ Աւանդաբար, մեռելոցին Ս. Պատարագ տեղի կ՚ունենայ, որուն ընթացքին հոգեհանգիստ կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն, ինչպէս եւ անոնց համար, որ յատուկ խնդրանքով կը յիշուին։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներն ու հաւատացեալները գերեզմանատուն կ՚երթան, ուր հանգուցեալներու գերեզմանները կ՚օրհնուին։
|
|
ՆԱՄԱԿ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԻՔԻ
|
|
Գերաշնորհ Անուշաւան Սրբազան Հայր,
Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազգային Առաջնորդարանին՝ այս համավարակի ընթացքին գործադրած սքանչելի ծրագիրներուն համար։ Առօրեայ խորհրդածութիւնները, Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնները եւ եկեղեցիներուն ձեր այցելութիւնները պարզապէս հիանալի էին։ Այսպէս ընելով, կը զգանք, որ եկեղեցի երթալէ չենք զրկուիր։ Կը վայելեմ բոլոր եկեղեցիներէն հաղորդուած Պատարագները, եւ կը տեսնեմ, թէ որքան գեղեցիկ են բոլորն ալ։
Շնորհակալութիւն դարձեալ Հայ Եկեղեցւոյ ձեր ծառայութեան համար։
Ճանէթ Տէր Աբրահամեան
Ռոքի Հիլ, Քընեթիքըթ
|
|
ՈՒՍՏԸՐԻ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍԸ՝
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
|
|
Կիրակի, 9 Օգոստոսին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին (Ուստըր, Մասաչուսեթս) իր տարեկան դաշտահանդէսը ունեցաւ։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ նախագահած էր պատարագին ու քարոզած, Անդաստանի արարողութիւնը կատարեց՝ Տ. Վազգէն Ա. Քհն. Պեքիարեանի եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի հետ, իսկ այնուհետեւ՝ խաղողօրհնէքը։
Ըստ համավարակի ժամանակաշրջանի առողջապահական ցուցմունքներուն, Ծխականները իրենց ուտելիքն ու օրհնուած խաղողը կանխաւ ապսպրած էին։ Այս ձեւով, 254 ապսպրանք եղած էր։
|
|
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
|
|
Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոսին, Ս. Սարգիս եկեղեցին (Տիրպորն, Միշիկըն) եւ իր հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, միջ-կրօնական աղօթքով միացան Ս. Մարիամ անտիոքեան ուղղափառ եկեղեցւոյ։ Տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում եւ աղօթք՝ Լիբանանի աղէտին թէ՛ վերապրողներուն եւ թէ՛ զոհերուն համար։
Աղօթքին մասնակցեցան նաեւ Տ. Ճորճ Շալհուպ եւ Հ. Պուլոս Մոսա (Ս. Մարիամ անտիոքեան եկեղեցի), իմամ Մուհամմէտ Մարտինի (Ամերիկեան Մուսուլման Կեդրոն), իմամ Ահմէտ Համմուտ (Ամերիկայի Իսլամական Կեդրոն), Հ. Էլիաս Էյտ (Ս. Միքայէլ մելքիթ կաթողիկէ եկեղեցի), Հ. Ռոպի Զիպարա (Ս. Մարոն մարոնի եկեղեցի), Արէն վրդ. Ճէպէճեան (Ս. Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցի), Պատ. Աթա Միխայէլ (Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի եղբայրութիւն), Հ. Իմատ Ալպաննա (Ս. Պետրոս եւ Պօղոս ասորի ուղղափառ եկեղեցի) եւ Սամէր Ամէր (տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչ)։
|
|
«Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կատարուող որբերու հովանաւորութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազգ. Առաջնորդարանի Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը՝ 1993էն ի վեր։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք ամէն շաբաթ, յիշելով միայն գրողներուն անունները՝ անոնց ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։
Այս շաբթուան նամակի հեղինակը՝ Նանէն, տակաւին հովանաւոր չունի։
|
|
«Բարեւ Ձեզ, յարգելի հովանաւոր,
Ես՝ Նանէ …………. եմ, ծնուել եմ 2006 թուականի Մարտի 5ին։ Ապրում եմ տատիկիս, պապիկիս, հայրիկիս, եղբօրս եւ հօրաքրոջս հետ։ Սովորում եմ Արարատի մարզի Սայեաթ-Նովա գիւղի միջնակարգ դպրոցում։ Ես ուսման գերազանցիկ եմ եւ կ՚աշխատեմ պահպանել իմ առաջադիմութիւնը։ Երկրում տարածուած կորոնավիրուսի պատճառով մենք դասերը անց ենք կացնում օնլայն։
Ես յաճախում եմ անգլերէնի պարապմունքների։ Ես շատ եմ սիրում ուսումնասիրել լեզուներ եւ ուզու եմ իմ գիտելիքները խորացնե անգլերէնի թեքումով։ Բացի դրանից ես շատ եմ սիրում նկարել, յաճախում եմ նաեւ նկարչական խմբակ։ Սիրում եմ շփուել ընկերուհիներիս հետ, ունեմ շատ ընկերներ որոնք միշտ ինձ հետ են։ Երազում եմ դառնալ դեսպան։
Շնորհակալութիւն որ ընդգրկեցիք օժանդակութեան մէջ»։
|
|
ՁԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ
|
|
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ անչափահաս որբեր (մինչեւ 18 տարեկան) եւ չափահաս որբեր, որոնք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսման հաստատութեան մը մէջ։ Այժմ աւելցած են, դժբախտաբար, պսակաձեւ ժահրի զոհերու զաւակներ։
Մեր սպասման ցուցակին մէջ գտնուող որբ մը հովանաւորելու համար, Ազգ. Առաջնորդարանիս հետ կապուեցէք ելեկտրոնային նամակով՝ sophie@armenianprelacy.org հասցէին, կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։ Անչափահաս որբերու պարագային, կրնաք նաեւ սեղմել այստեղ։
|
|
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԷԿ ԱՄԻՍԷՆ
|
|
Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութեան թուականը Սեպտեմբեր 12 է։ Գլխաւոր մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակներ ալ պիտի ըլլան՝ 1.000ական տոլարի արժողութեամբ։
Այսուհանդերձ, ինչպէս սովոր ենք ըսել, այս վիճակահանութեան մէջ բոլորս կը շահինք, քանի որ ամբողջ գումարը կը նպաստէ Առաջնորդարանի դաստիարակչական եւ կրօնական ծրագիրներուն։
Վիճակահանութեան տոմսերը 100 տոլար են։ Տեղեկութիւններու, ինչպէս եւ տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ (email@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
|
|
«ԵՈԶՂԱՏԻ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»
(ԳՐԻԿԷՐ)
|
|
Գրիկէրի (Հ. Գրիգոր Կէրկէրեան)՝ թրքական վաւերաթուղթերու մանրակրկիտ հաւաքումի եւ ուսումասիրութեան արդիւնք է այս աշխատութիւնը, ուր կը ներկայացուի 1919ի Եոզղատի հայոց ջարդի պատասխանատուներու դատավարութիւնը, որ աւարտած է գլխաւոր դահիճին՝ Քեմալ պէյի մահավճիռով ու կախաղան բարձրացումով։ Աշխատութիւնը ո՛չ միայն կը ներկայացնէ ջարդի պատմութիւնը, այլեւ երեւան կը բերէ թրքական անհերքելի փաստեր այդ ջարդի ոճրային բնոյթին եւ ցեղասպանութեան մասին ընդհանրապէս։
|
|
Այս գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
|
|
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ (մահ՝ 15 Օգոստոս, 1947)
|
|
Մանկավարժ, գրաքննադատ, հանրային գործիչ, բանասէր։ Բառեր, որոնք կը բնորոշեն Նիկոլ Աղբալեանի բազմաթիւ ձիրքերէն մէկ քանին, զորս ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին ամէնուրեք։
Ծնած է Թիֆլիս, 24 Մարտ, 1875-ին: Յաճախած է թաղին ծխական վարժարանը, ապա Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, յետոյ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, եւ վերջապէս՝ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը։ Սակայն, համալսարանը չէ աւարտած, թէեւ հետեւած է կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի մէջ։ Կանուխէն մաս կազմած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն, ուր եռանդուն գործունէութիւն տարած է։
Երիտասարդ տարիքէն, Նիկոլ Աղբալեան սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ, միաժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին՝ գրական – քննադատական յօդուածներով: 1900-ականներու սկիզբը, Նիկոլ Աղբալեան իրագործած է մեր հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը՝ ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով ուղղութիւն տալով գրական-մշակութային կեանքի վերաշխուժացման։ Յովհաննէս Թումանեանի հետ ձեռնամուխ եղած է Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան» հանդիպումներու կազմակերպման։
1909-1912 թուականներուն, Աղբալեան վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու։ Վերադառնալով Թիֆլիս, 1913-ին վարած է «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագրութիւնը։
1914-1915 թուականներուն, ան մաս կազմած է հայ կամաւորական խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին եւ Ազգային Բիւրոյին: Այնուհետեւ, զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման, սնուցման եւ բուժման դժուարին գործով։
1918-ին, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Աղբալեան ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ, իսկ 1919-1920ին Հանրային Կրթութեան նախարարի պաշտօնը վարած է Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան մէջ։ Աղբալեան հիմը դրած է Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ ստանձնած է պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, ինչպէս օրինակ՝ Եղիշէ Չարենցի:
1921ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է Փետրուար 9-18ին։ Բանտէն ազատելով` Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, Աղբալեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, իր ընտանիքը Երեւան ձգելով, անցած է Պարսկաստան, ապա՝ Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ իբրեւ` Ալեքսանդրիոյ ազգային վարժարանի տնօրէն:
1928ին, Գահիրէի մէջ, Շանթի, Օհանջանեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ այլոց հետ հիմնած է Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը, իսկ 1930ին անցած է Պէյրութ, ուր Լեւոն Շանթի հետ հիմնած է Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանը:
Մինչեւ իր մահը, Աղբալեան ծաւալած է մանկավարժական եւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդած է հայ գրականութեան պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Ժողովրդային լսարաններ կազմակերպած է, որպէսզի տարագիր ու գաղթական բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։ Անոր անունը անջնջելիօրէն կապուած է Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (յետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ՝ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) ժառանգութեան։
Աղբալեանի տարիներու տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղած են գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական արժէքաւոր գործեր։ Այդ շարքին մաս կը կազմեն «Բանասէրի յուշագիրը», «Պատմութիւն հայ գրականութեան», «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» եւ արժէքաւոր այլ գործեր։ Յետմահու, անոր գործերը ամփոփուած են չորս հատորներով։
Նիկոլ Աղբալեան մահացած է Շթորայի մէջ, 15 Օգոստոս, 1947ին։ Անոր անունով կոչուած է Երեւանի թիւ 19րդ հիմնական միջնակարգ դպրոցը։
|
|
ՆՆՋԵԼՈՒ ՁԵՒԵՐԸ
Մարմինը տարածել հարթ տարածութեան վրայ եւ աչքերը գոցել՝ զգայարանքներէ զուրկ ըլլալով որոշ ժամանակ։ Հայերէնը զանազան բառեր ունի այս գործողութիւնը կոչելու համար՝ քնանալ, նիրհել, մրափել եւ ննջել։
Անշուշտ, ամենէն տարածուածն ու սովորականը քնանալ բառն է։ Դժուար թէ մարդ «ննջելու կ՚երթամ» կամ «նիրհելու կ՚երթամ» ըսէ՝ գիշերը անկողին երթալու ժամանակ։
Այդ բառերը ունին նաեւ կարգ մը փոխաբերական իմաստներ, բայց անոնցմէ միայն երկուքը «մեռնիլ»ը ունին այդ իմաստներու շարքին՝ նիրհել եւ ննջել։
Ննջել բառի արմատը նինջ է, որ կը նշանակէ «քուն, թեթեւ քուն», եւ որ գրաբարի մէջ արդէն «մեռնիլ» փոխաբերական իմաստը ստացած է։ Մեր հին լեզուէն կու գայ նաեւ ննջեցեալ բառը, որ կը նշանակէ «մեռեալ, մեռնող»։
Ննջել բառի այդ իմաստը անցած է աշխարհաբարին, ու այդպէս ալ դրոշմուած է, օրինակ, Նահապետ Ռուսինեանի կողմէ հանրայայտ «Կիլիկիա» բանաստեղծութեան վերջին տողին մէջ. «Երթամ ննջել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ»։
Եկեղեցին Աստուածամօր երկրային կեանքի վախճանը ննջում բառով կը բնորոշէ եւ ո՛չ թէ «մահ», ընդգծելու համար, որ ան չէ մեռած, այլ «ի քուն էր լոկ» (քունի մէջ էր) եւ երկինք փոխադրուած է՝ ըստ Յիսուսի խոստումին։ Շարականը կը հաստատէ, թէ «Յերկնից իջեր Հօր Բան, ի յօր Կուսի մօր Քո ննջման» (Հօր Բանը իջաւ երկիքէն՝ Քու մօր Կոյսի ննջման օրը)։
Անշուշտ, ննջելու առաջին իմաստը պահպանուած է սովորաբար գործածուող ննջարան եւ ննջասենեակ բառերուն մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, ըստ Լեւոն Շանթի յայտնի խօսքին՝ «կեանքը՝ իր ճամբով, մահը՝ իր ճամբով»։
|
|
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր հայերէն կամ անգլերէն նամակները, ինչպէս եւ թղթակցութիւններ, լուսանկարներ եւ ժամանակացոյցի համար նիւթեր։ Պայմանաժամը՝ Երեքշաբթի երեկոյ։ Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։
|
|
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
|
|
16 Օգոստոս — Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ) խաղողօրհնէք եւ տարեկան դաշտահանդէս։ Կը պատարագէ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
16 Օգոստոս — Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) տարեկան դաշտահանդէս եւ խաղողօրհնէք, առաւօտեան ժամը 11:45-12:45ին։
17 եւ 24 Օգոստոս —Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւն (վերջին երկու մասեր)՝ նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Փիլեմոնին ուղղուած թուղթին։ Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 8:00էն 9:00։ Սերտողութիւնը կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Արձանագրուելու համար, հաճեցեք գրել ձեր անունը, հասցէն ու հեռաձայնի թիւը shant@armenianprelacy.org հասցէին։
21 Օգոստոս —«Սիամանթօ» լսարանի ամառնային առցանց չորրորդ հանդիպում, Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին։ Տեղեկութիւններու համար, կապուեցէք Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին հետ (anec@armenianprelacy.org կամ 212-689-7810)։
12 Սեպտեմբեր —Ազգային Երեսփոխանական Ժողով՝ առցանց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի։
4 Հոկտեմբեր —Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 95ամեակի տօնախմբութիւն։
28 Նոյեմբեր —Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Ս. Վարդանանց եկեղեցոյ 80ամեակի տօնախմբութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
|
|
Follow us on Social Media
|
|
The Armenian Prelacy
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org
|
|
|
|
|
|
|