10 Հոկտեմբեր, 2019
ՍԿՍԻՆՔ ԱՂՕԹՔՈՎ
Այս շաբթուան “Crossroads”ին համար, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներէն Ուիլիըմ Չափանեան կը կարդայ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի չորրորդ աղօթքը։

ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ
Տարի մը առաջ, ծառայելու մեր առաքելութեան նոր շունչ տալու նախանձախնդրութեամբ, ձեռնարկեցինք “Crossroads”ի հայերէն տարբերակի հրատարակութեան։

2004 թուականէն ի վեր, “Crossroads”ը հազարաւոր ընթերցողներու համակարգիչներուն կը հասնի անգլերէն լեզուով` Ազգային Առաջնորդարանի խօսքն ու գործունէութիւնը ծանօթացնելով ու տարածելով։ Եթէ համաձայն ենք, որ հայոց լեզուն մեր ազգային ինքնութիւնը բնորոշող տարրերէն մէկն է, պարտաւոր ենք հետեւողական ըլլալ եւ անոր իր ուրոյն տեղը տալ մեր քարոզչական ու լրագրական աշխատանքին մէջ՝ անգլերէնի կողքին։

Ընթերցողին հակազդեցութիւնը դրական եղած է, ինչպէս մեր ունեցած վիճակագրական տուեալները եւ բանաւոր ու գրաւոր արձագանգները ցոյց կու տան։ Ասիկա խթան կը հանդիսանայ, որ աշխատինք բարելաւել ու նորանոր գաղափարներով ճոխացնել “Crossroads”ը, ջանալով որ ան պարզապէս լրատուական գործիք մը չըլլայ, այլեւ դաստիարակչական մնայուն բնոյթ ալ կրէ։

Այս առաջին տարեդարձին առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր ընթերցողներուն, որոնք հաւատարմօրէն շաբաթէ շաբաթ կը հետեւին մեր հրատարակութեան, եւ կը խոստանանք յարատեւել՝ այն հասկացողութեամբ, որ 21րդ դարուն իր ուրոյն թեւերը պարզած ելեկտրոնային մամուլը պարտաւոր է նաեւ հնչել հայերէնով, քանի որ մեր լեզուն պէտք է ներկայութիւն ըլլայ, որպէսզի կարդացուի, եւ պէտք է կարդացուի, որպէսզի յարատեւէ։


ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ
Համագումարին մասնակիցները Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին առջեւ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ներկայիս Գալիֆորնիա է, ուր Արեւտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի հետ միասին կը նախագահէ Հիւսիսային Ամերիկայի Հոգեւորականաց Միջ-Թեմական համագումարին, որ այս շաբաթ տեղի կ՚ունենայ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով։

Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու հոգեւորականները «Շամլեան» դպրոցի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ

Համագումարին մասնակիցները Հայոզ Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ (Մոնթէպէլլօ)

Աղօթք՝ 1915 նահատակաց յիշատակին, Մոնթէպէլլոյի քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանի ներկայութեամբ (ձախին)

Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու հոգեւորականները Արեւմտեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին առջեւ

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ՕԾԷ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
Այս Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի օծէ եկեղեցւոյ նոր սրբապատկերները։ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
ՈՒՈՔԻԿԸՆԻ Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ուոքիկընի (Իլինոյ) Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ ծխականներ 
Արքեպիսկոպոս եւ Տ. Տարօն Ա. քհն. Ստեփանեան` մեծարեալ սարկաւագներուն հետ։ Ձախէն առաջ՝ տոքթ. Ալթա Միքայէլեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետուհի, տոքթ. Արսէն սրկ. Միքայէլեան, Տ. Տարօն Ա. քհն., Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Սէմ սրկ. Հարոյեան եւ Ասատուր սրկ. Սուլաքեա
Անցեալ շաբաթավերջին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հայրական այցելութիւնը ուրախառիթ իրադարձութիւն մըն էր Ուոքիկընի (Իլինոյ) Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ ծուխին համար։ Շաբաթ երեկոյեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք մը եւ մատուցուեցաւ յայտագիր մը՝ ծխականներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։

Կիրակի օր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տարօն Ա. քհն. Ստեփանեանի սպասարկութեամբ։ Աւելի քան 40 հաւատացեալներ եկած էին մասնակցելու եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու Սրբազան Հօր պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որու ընթացքին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ երեք սարկաւագներուն յանձնուեցան գնահատագիրներ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ։ Մեծարանքի արժանացած երեք սարկաւագներն էին՝ Ասատուր սրկ. Սուլաքեան, տոքթ. Արսէն սրկ. Միքայէլեան եւ Սէմ սրկ. Հարոյեան։ Յատուկ կարկանդակով նշուեցաւ Տէր Հօր ձեռնադրութեան 25ամեակը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց այս փոքրիկ ծուխը՝ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած գործօն մասնակցութեան համար, հայցելով, որ բոլորը շարունակեն նոյն նուիրումով ծառայել եկեղեցւոյ ու համայնքին։

Տ. Տարօն Ա. քհն. եւ երէցկին Սօսի կը կտրեն տարեդարձի կարկանդակը՝ Տէր Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակին առիթով
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ 17 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Ամէն տարի, «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը շեշտը պիտի դնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմակողմանի առաքելութեան մէկ երեսին վրայ։ Այս նոր աւանդութեան հիմքը պիտի դրուի Կիրակի, 17 Նոյեմբերին։ Որպէս օրուան սկիզբ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն), առաւօտեան ժամը 10:30ին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ՝ Terrace on the Parkի մէջ (Քուինզ, Նիւ Եորք)։ Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի ժամը 2:00ին, իսկ ճաշկերոյթն ու յայտագիրը՝ ժամը 3:00ին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր»ը յղացուած է «մեր ժողովուրդին, առանց բացառութեան, շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Առաջնորդարանի հովանաւորած ծրագիրներուն՝ անոր բերած անսակարկ նուիրումին համար։ Հետեւաբար, ամէն տարի յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք տարբեր ծրագրի մը։ Առաջին ձեռնարկին որոշած ենք մեծարել հայրենիքի մէջ, Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական ու Ընկերային Կազմակերպութեան բերած ծառայութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին։ Թէեւ այս աշխատանքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1988ի երկրաշարժը, բարեգործական գրասենեակին պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 տարի առաջ։ Արդարեւ, «Մեծն Ներսէս» պաշտօնապէս նշած է իր 25ամեակը։ Հետեւաբար, Նոյեմբեր 17ին պիտի նշենք անոր 25 + 1 տարեդարձը, այսինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ 26 տարուան սիրոյ գործը»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 12:35-44
Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին հարցուց ժողովուրդին .
Օրէնքի ուսուցիչները ի՞նչպէս կ ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է , երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ ըսէ .-
« Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս .-
Աջ կողմս նստէ ,
մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան »:
Եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ , ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է :
Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ ընէր Յիսուսի , որ իր ուսուցումները շարունակելով , կ ըսէր .
Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն , որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ , հրապարակներու վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ , ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը : Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն , իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ երկարեն : Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին :
Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը , որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ : Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին : Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ , որ քանի մը դահեկան կ ընէ : Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց .
Վստա՛հ գիտցէք , որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ , որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին , մինչ անիկա , հակառակ չքաւոր ըլլալուն , ինչ որ ունէր՝ նետեց , իր ամբո՛ղջ ապրուստը ։

***

ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:l-10
Այնուհետեւ , տասնըչորս տարի ետք կրկին Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ , Տիտոսն ալ միասին առնելով : Գացի , որովհետեւ Աստուած յայտնեց որ երթամ : Այնտեղ , Երուսաղէմի եկեղեցիին զեկոյց տուի հեթանոսներուն մէջ կատարած քարոզութեանս մասին : Առանձնաբար զեկոյց տուի նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն , որպէսզի զուր տեղը աշխատած չըլլամ եւ չաշխատիմ : Անոնք բնաւ չստիպեցին որ թլփատուի ինծի ընկերացող Տիտոսը , որ հեթանոս Յոյն մըն էր : Թլփատութիւն պահանջողները քանի մը կեղծ քրիստոնեաներ էին , որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած էին՝ Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ մեզ Մովսիսական օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար : Բայց վայրկեան մը իսկ տեղի չտուինք անոնց , որպէսզի վստահ ըլլաք՝ թէ ճշմարիտ էր ինչ որ ձեզի քարոզեցինք :

Գալով անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ ղեկավարները կը համարուէին , ինծի համար բնաւ կարեւորութիւն չունի թէ անցեալին ի՛նչ եղած են անոնք : Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ : Արդ , ղեկավար համարուած այդ առաքեալները ոեւէ նոր բան չըսին ինծի այս մասին : Ընդհակառակը , երբ տեսան թէ Աստուած ինծի վստահած է հեթանոսներու քարոզութիւնը , ինչպէս Պետրոսի յանձնած էր Հրեաներու քարոզութիւնը որովհետեւ Աստուած ինչպէս Պետրոսի առաքելութիւնը յաջողցուց Հրեաներուն մէջ , նոյնպէս ալ իմ առաքելութիւնս յաջողցուց հեթանոսներուն մէջ –, այն ատեն՝ Յակոբոս , Կեփաս եւ Յովհաննէս , որոնք եկեղեցւոյ սիւները կը համարուէին , ճանչցան Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքը , իմ եւ Բառնաբասի ձեռքը թօթուելով հաւանութիւն տուին որ մենք հեթանոսներուն մէջ աշխատինք , իսկ իրենք՝ Հրեաներուն : Միայն խնդրեցին , որ Երուսաղէմի աղքատներուն օգնել չմոռնանք . բան մը , որուն համար ես սրտանց աշխատեցայ։

 ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 19:1-11
ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ
Այս Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ մեր եկեղեցական աւանդութեան ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկը՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Ըստ էութեան, եկեղեցական օրացոյցը նմանօրինակ երկու տօներ ունի։ Առաջինը կը նշուի Հոգեգալստեան յաջորդող չորրորդ Կիրակիէն ետք եկող Հինգշաբթին, որ կրնայ Յունիսին կամ Յուլիսին համընկնիլ, իսկ երկրորդը՝ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը։ 
 
Հոկտեմբերի տօնը կը կեդրոնանայ հայ գիրերու գիւտին եւ թարգմանիչներու իրագործումներուն վրայ։ Դպրոցական ցանցի մը հաստատումին կողքին, Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի գլխաւորած խումբը գրաւոր մշակոյթի հիմքը դրաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ։ Այս դարակազմիկ իրադարձութեան յաջորդեց թէ՛ ինքնուրոյն եւ թէ՛ թարգմանական բազմաթիւ երկերու արտադրութիւնը։ Այս սերունդին գործը Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյն նկարագիրը կերտեց եւ, իրաւամբ, 5-րդ դարը Ոսկեդար կոչուելու աստիճան։
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս (1943-1952) ու հայ մշակոյթի երախտաւորներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբերը Հայ Մշակոյթի Ամիս դարձած է։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այս տօնը կը նշէ զանազան մշակութային ձեռնարկներով, որոնք ո՛չ միայն անցեալը կ՚ոգեկոչեն, այլեւ մեր օրերու մտաւորականներու իրագործումները կ՚արժեւորեն։ 
 
Ս. Մեսրոպի ու Ս. Սահակի կողքին, այս Շաբաթ օր յատուկ յիշատակութեան կ՚արժանանան անոնց երկու աշակերտները. Եղիշէն՝ Վարդանանց պատերազմի ականատեսն ու պատմիչը, եւ Մովսէս Խորենացին՝ հայոց պատմահայրը։ Յետագայ դարերուն ուրիշ երեք հռչակաւոր անուններ ալ կը յիշատակուին. հայ փիլիսոփայական մտքի հիմնադիրներէն Դաւիթ Անյաղթը, հայ մեծագոյն բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացին եւ բեղուն գրող, երաժիշտ ու աստուածաբան Ներսէս Շնորհալին։
 
Հայ գիրերու գիւտով եւ անոր յաջորդող թարգմանութիւններով, 5րդ դարու թարգմանիչներն ու մատենագիրները մեր պատմութեան ընթացքը փոխեցին անշրջելի կերպով։
 
Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս անեղին, հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի հովուել զհօտ նոր իսրայելի. երգով քաղցրութեամբ հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։ Որք երկրաւոր մեծութիւն փառաց խաւար կոչեցին, ապաւինելով ի յոյս անմահ փեսային անճառ բանին արժանի եղեն. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։ Որք զօրութեամբ հօր իմաստութեան էին անեղի հաստատեցին զաթոռ սրբոյն Գրիգորի թարգմանութեամբ նշանագրութեան. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։ Որք նորափետուր բանիւ զարդարեալ պայծառազգեցան եկեղեցիք հայաստանեայց ի ձեռն սրբոյն սահակայ. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։

(Անոնք տնօրինաբար աստուածային իմաստութիւնը զարդարեցին, կենդանի գիրը երկրի վրայ հաստատելով, հովուելու Նոր Իսրայելի հօտը. քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։ Անոնք երկրաւոր փառքի մեծութիւնը խաւար կոչեցին, անմահ Փեսայի յոյսին ապաւինելով անճառ Բանին արժանի եղան. քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։ Անոնք անեղ Հօր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ՝ նշանագրային թարգմանութեամբ Սուրբ Գրիգորի աթոռը ամրացուցին. քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։ Անոնք նորափետուր խօսքով զարդարուած՝ Սուրբ Սահակի միջոցաւ, Հայոց եկեղեցիները պայծառացուցին. քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք)։
(«Կանոն Սրբոց Թարգմանչաց»)
 
Այս շաբաթ կը յիշուին նաեւ հետեւեալ սուրբերը՝
Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր՝ Թաթուլ, Վարոս, Թումաս, Անտոն, Կրօնիդ եւ եօթը խոտաճարակ սուրբ հայրերը։
Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր՝ Անանիա, Մատաթիա, Բառնաբաս, Փիլիպպոս, Յովհաննէս, Շիղա եւ Սիղուանոս սուրբ առաքեալները։
Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր՝ Սուրբ Դիոնիսոս Արիսպագացի եւ Տիմոթէոս ու Տիտոս սուրբ առաքեալները։ 

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր, ժամը 7:00ին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, «Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնը եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութիւնը կը կազմակերպեն «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր առաջարկներ» խորագրով կլոր սեղան մը Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» դահլիճին մէջ։ Բացումը պիտի կատարէ Ուս. Խորհուրդի տնօրէնուհի տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Դոկտ. Քրիստոֆըր Շխլըեան պիտի վարէ զրոյցը, որուն պիտի մասնակցին դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլեն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար, գրեցէք anec@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 212-689-7231 թիւին։    

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Կամքէ անկախ պատճառներով, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը իր առաջին հանդիպումը յետաձգած է։ Ան տեղի պիտի ունենայ 2 Նոյեմբերին, ժամը 10:00էն 12:30, Ազգային Առաջնորդարանիս յարկէն ներս։

Ինչպէս գրած ենք ասկէ առաջ, հանդիպումները առայժմ կը շարունակուին ամիսը մէկ անգամ՝ ունենալով մասնագէտ հիւր դասախօսներ։ Դասընթացքին մասնակցողները պիտի հետեւին, պատմականին կողքին՝ այժմէական նիւթերու, ինչպէս միշտ, իրենց արմատներուն կողքին զիրենք կապելու նաեւ առօրեային։ Լսարանս միաժամանակ առիթ պիտի ըլլայ նոր ընկերներու ծանօթանալու։

 Ազգ. Առաջնորդարանի որոշմամբ, այս տարուան դասընթացքը անվճար է։
Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուսումնական Խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Մարի Կիւլիւմեանին՝ 212-689-7231 թիւին։ Ել-նամակ՝ ANEC@armenianprelacy.org ։

ՍԵՄԻՆԱՐ՝ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Բաժանմունքի վարիչ՝ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան, միօրեայ սեմինար մը պիտի վարէ՝ «Մկրտութիւն-դրոշմ. Մեր քրիստոնէական կեանքի հիմքը» նիւթին շուրջ, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հեռաձայնել տիկ. Շիրլի Սարեանին՝ 414-282-1919 թիւին։ 

ՄԵՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ
Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչները մասնակեցան ուսուցչական նուիրումի տարեկան արարողութեան, զոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան կատարեց Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին։ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչակազմը ուխտեց՝ Աստուծոյ եւ ծուխին ներկայութեամբ, սրտաբուխ նուիրումով մեր Տիրոջ կեանքն ու գործը աշակերտներուն դասաւանդել։  
ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ
Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) ՀՕՄի «Մարզպետ» վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, որոնք խանդավառութեամբ սկսած են 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը։

ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը հաստատուած է 1993ին եւ կը շարունակէ հանդիսանալ Առաջնորդարանիս Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն առանցքը։ Հովանաւորուած երեխաները կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ։ Անոնց նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնենք՝ միայն անունները յիշելով, ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար։

Այս շաբթուան նամակը գրած է Գայիանէն, որուն հովանաւորը՝ Մալքոմ Թորոսեանն է։  

Բարեւ ձեզ, յարգելի բարերար։ Ես Գայիանէ … եմ։

Արդէն երկու տարի է մենք օգտւում ենք «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնից։ Ես ուզում եմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզ մեզ աջակցելու համար։

Ես արդէն 9 տարեկան եմ, ապրում եմ Էջմիածնում, սովորում եմ III դասարանում։ Ես յաճախում եմ նաեւ պարի խմբակի եւ շատ եմ սիրում պարել։ Դպրոցում ցուցաբերում եմ բարձր առաջադիմութիւն։
Ես ապրում եմ մայրիկիս եւ աւագ եղբօրս՝ Նշանի հետ։

Յարգելի բարերար, Ձեր դրամական օգնութիւնը օգնում եմ մեզ, որոշ խնդիրներ լուծելու համար, որի համար կրկին շա՜տ շնորհակալութիւն ենք յայտնում Ձեզ։

Գայիանէից

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ
Եթէ կ՚ուզէք Ազգ. Առաջնորդարանի ցուցակին մէջ սպասող որբ երեխայ մը հովանաւորել, սեղմեցէք այստեղ արագ ու դիւրին առցանց հովանաւորութեան համար։ Այլապէս, կրնաք Առաջնորդարանիս հետ կապուիլ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)՝ դիմելով Սոֆիին։   
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ
ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ ( մահ՝ 15 Հոկտեմբեր , 1980)
Անհեթեթ եւ, երբեմն, առեղծուածային մահերը չեն պակսած հայ մշակոյթին՝ խորհրդային ժամանակաշրջանին։ Այդպէս է, որ մեր մշակոյթի երեք դէմքերու կեանքին թելը կտրուած է շատ կանուխ, երբ հազիւ 47 տարեկան էին կամ պիտի դառնային։ Ամենէն յայտնի պարագաներն են՝ Պարոյր Սեւակի (1924-1971) եւ Մինաս Աւետիսեանի (1928-1975) մահերը՝ տակաւին լրիւ չբացայայտուած պարագաներու տակ։ Նուազ հանրածանօթ անուն մը՝ արձակագիր Մուշեղ Գալշոյեան, նոյն եղերական ճակատագիրը պիտի ունենար։

Գալշոյեանի բուն անունն էր՝ Մուշեղ Մանուկեան։ Ծնած է 13 Դեկտեմբեր, 1933ին Մեհրիբան, այժմ՝ Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ, Թալինի շրջանը (Արագածոտնի մարզ)։ Անոր ծնողները սասունցի վերապրողներ էին։ Հայրը կորսնցուցած էր իր առաջին կինն ու չորս զաւակները Մեծ Եղեռնի օրերուն։
Ապագայ գրագէտը, որ պապենական Գալշոյեան անունը պիտի որդեգրէր, իր խառնուածքին ու գրականութեան մէջ ցոլացուցած է Սասունի ժառանգութիւնը՝ այն աստիճան, որ սասունցի վերապրողներու մասին իր պատմուածքները կը թուին հոն ծնած ու ապրած մէկու մը գործը, որ բաժնած էր ջարդի ու տեղահանութեան մղձաւանջը։

Մ. Գալշոյեան շրջանաւարտ եղած է Երեւանի գիւղատնտեսութեան հիմնարկէն՝ 1957ին եւ քանի մը տարի աշխատած՝ իր կալուածին մէջ, մինչեւ որ որոշած է անցնիլ լրագրութեան։ 1960ական թուականներուն նախ աշխատած է «Աւանգարդ» եռօրեային եւ, այնուհետեւ՝ նորահաստատ «Գարուն» ամսագրին մէջ, որ անմիջապէս պիտի դառնար հայ գրականութեան ամենաթարմ ձայներու օրկանը։

Լրագրութեան ու գրականութեան միջեւ հեռաւորութիւնը այդքան մեծ չէր։ 1969ին, Գալշոյեան հրատարակած է պատմուածքներու իր առաջին հաւաքածոն՝ «Կռունկ»։ Սակայն, իր գրական հասունութիւնը հաստատած է «Ձորի Միրօ» վիպակի հրատարակութեամբ՝ 1971ին, «Գարուն»ի մէջ։ Այստեղ, ան ներկայացուցած է տակաւին ներկայ ու թարմ հարցումներ անցեալի, ինչպէս եւ աշխարհի հետ հաշտուելու անկարելիութեան մասին՝ գործուած անարդարութեան դէմ յանդիման։ Գրողին հերոսները կը թուէին ըլլալ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի հերոսներուն եւ անցեալ դարասկիզբի ֆետայիներուն շառաւիղները, քանի կը կրէին անոնց խառնուածքի առանձնայատկութիւնները։ 1971ին Գալշոյեան աւարտած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան բարձրագոյն հիմնարկը։ Երկու տարի ետք, հրատարակած է պատմուածքներու երկրորդ հատոր մը՝ «Ծաղկած քարեր», որուն յաջորդած է «Բովտուն» վէպը (1974)։

15 Հոկտեմբեր, 1980ին, իր քառասունեօթներորդ տարեդարձէն երկու ամիս առաջ, Մուշեղ Գալշոյեան սպաննուած է իր ծննդավայրին՝ Կաթնաղբիւրի մէջ, իր սեփական հրացանի արկածային կրակոցէն, երբ կը հանգստանար՝ որսորդութեան ընթացքին։ 1981ին, իր վերջին պատմուածքներու հատորը՝ «Մարութայ սարի ամպերը», յետմահու լոյս տեսած է, ու հեղինակը արժանացած՝ Հայաստանի պետական մրցանակին։ «Ձորի Միրօ» վիպակի հիմամբ, միեւնոյն տարին հրապարակ իջած էր համանուն շարժանկարը, ուր Սօս Սարգսեան կը խաղար գլխաւոր հերոսին՝ Ձորի Միրոյին դերը։ Երկու տարի ետք, վիպակը լոյս տեսած է առանձին հատորով։

Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org  
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ
ՏԱՐԲԵՐ ԱՆԿԻՒՆՆԵՐ «ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԱՆԿԻՒՆ»ԻՆ ՄԷՋ
Մեր «Հայ լեզուի անկիւն »ին մէջ, տրամաբանական է որ զբաղինք… «անկիւն» բառով եւ անոր անգլերէն համարժէքով։

Մենք կրնանք երկու կամ աւելի գիծեր խաչաձեւել իրարու եւ անկիւն մը գոյացնել ․ չէ՞ որ այդ գիծերուն հանդիպումի կէտը անկիւն կը կոչուի , իսկ, բնականաբար, նոյն անունը կը կրէ երկու փողոցներու խաչաձեւումի վայրը։ Սակայն, անգլերէնով առաջին պարագան կը կոչուի angle , իսկ երկրորդը՝ corner ։

Արդ, ի՞նչ է անկիւն ի եւ angleի յարաբերութիւնը։ Արդեօք նման հնչիւն ունեցող այս երկու բառերը նոյն ծագո՞ւմը ունին։

Պէտք է երթանք դէպի ետ, դէպի այն ժամանակները, երբ հնդեւրոպական լեզուները, ըստ համեմատական լեզուաբանութեան, կը կազմէին միասնութիւն մը՝ «նախահնդեւրոպական լեզու» անունով։ Այս «մայր» լեզուն կը պարունակէր  *ang/ank   («ծռիլ») արմատը, որմէ բխած են «անկիւն» նշանակութեամբ շարք մը բառեր տարբեր հնդեւրոպական լեզուներու մէջ՝ սանսկրիտերէնէ մինչեւ լատիներէն եւ աւելի անդին։

Լատիներէն angulus բառը կը միացնէ *ang արմատը եւ նուազական - ulus վերջածանցը՝ «փոքրիկ ծռութիւն» բառացի իմաստով։ Այս լատիներէն բառէն բխած է միջին ֆրանսերէն angle բառը, որ միեւնոյն ձեւով մտած է անգլերէնի մէջ։

Միւս կողմէ,  անկիւն  բառը կազմուած է նոյն * անկ  արմատով եւ – իւն  վերջածանցով, որ կը կազմէ աղմուկ եւ ձայն ցոյց տուող բառեր, օրինակ՝  հնչիւն մլաւիւն մռնչիւն  ինչպէս եւ  արիւն ի ու  աւիւն ի նման բառեր։

Ինչպէս կը տեսնենք, ուրեմն, անկիւն եւ angle բառերը ազգականական մօտիկ կապ ունին, քանի որ միեւնոյն աղբիւրէն կը բխին։ 

Այստեղ կ՚արժէ յիշել՝  անկիւն ի ընտանիքին մաս կազմող բարդ ու ածանցաւոր բառերու շարքին, ամերիկահայ բանաւոր խօսքին մէջ գոյացած ուշագրաւ բառաստեղծում մը.  անկիւնել ։ Վերջինս անգլերէն  to corner  բայի համարժէքը պէտք է սեպել։ Այս բայը՝  corner  գոյականի փոխաբերական իմաստով, կը նշանակէ՝ նեղ կացութեան մատնել մէկը։

Անգլերէն-հայերէն կարգ մը բառարաններ (Յովհաննէս Յակոբեան՝ 1907, Յովհաննէս Չագմագճեան՝ 1922, Մեսրոպ Գույումճեան՝ 1981), թերեւս իրարմէ ընդօրինակելով, ընդգրկած են  անկիւնել  բառը։ Սակայն, 20րդ դարու հայերէն հիմնարար բառարաններէն որեւէ մէկը (Գաբամաճեան, Մալխասեան, Աղայեան, Տէր Խաչատուրեան եւ այլք, եւ այլն) չի պարունակեր այս բառը, եւ մեր գրաւոր լեզուին մէջ՝ գրականութիւն թէ մամուլ, ան օգտագործուած չէ (*)։ Կը նշանակէ, որ  անկիւնել  բառը պատճէնուած է անգլերէնէ, բայց անոր գործածութիւնը ընդհանրացած չէ մեր լեզուին մէջ, քանի որ գոյութիւն ունենալու հիմք չունի։ Արդարեւ, մեր լեզուն «անկիւնի մը մէջ մէկը դնել»ու գաղափարը չունի։ Մենք պարզապէս կը  շրջապատենք , կամ  նեղի կը դնենք , եւ պարտաւոր չենք ուրիշ լեզուի մը բառին համապատասխան առանձին բառ ունենալ (կամ ստեղծել)։

Լեզուի յարափոփոխ ըլլալու առաւելութենէն մի՞շտ պէտք է օգտուիլ արդեօք... Այո, եթէ զայն գեղեցկօրէն հարստացնելու կը ծառայէ։

-----------
(*)  Անկիւնել  բառի համացանցային որոնումը միայն 10 արդիւնք տուաւ, ներառեալ՝ մամուլի ընդամէնը մէկ յիշատակում, որ թարգմանուած էր «Ռոյթըրզ» գործակալութեան հեռագրալուրէ մը. «Չորեքշաբթի, Մարտ 11ին, 17ամեայ զինեալ մը իր յաճախած նախկին վարժարանէն ներս մուտք գործելով՝ սպաննեց ինը աշակերտներ եւ երեք ուսուցիչներ, ապա ան ինքնաշարժ մը գողցաւ ու հալածուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Ոստիկաններ մօտաւորապէս 25 մղոն հեռու վայրի մը մէջ կրցան  անկիւնել  երիտասարդը՝ սպաննելով զայն» ( Ասպարէզ,  11 Մարտ 2009)։ Այս շինծու թարգմանութեան փոխարէն, պարզ է, որ «ոստիկաններ… կրցան  շրջապատել  երիտասարդը» պէտք է գրուէր։  
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (   www.armenianprelacy.org  
ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
Այս շաբթուան արխիւային լուսանկարը 2003էն է։ Մշակոյթի Ամսուան եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ի 1000ամեակին առիթով, միջազգային մեծ գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ Հարվըրտ համալսարանին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հարվըրտ համալսարանի «Մաշտոց» հայագիտական ամպիոնին։ Երկօրեայ գիտաժողովին գլխաւոր կազմակերպիչներն էին՝ «Մաշտոց» ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Ճէյմզ Ռասըլ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի օրուան դիւանապետ՝ դոկտ. Վազգէն Ղուկասեան։ Արեւելեան թեմի օրուան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեան, գիտաժողովին բացումը կատարեց Ուրբաթ երեկոյեան՝ «Մատեան ողբերգութեան» 12րդ բանէն քաղուած աղօթքով։ 

Լուսանկարը կը ներկայացնէ Օշական Արքեպիսկոպոսը՝ գիտաժողովին մասնակից գիտնականներուն հետ։ Ձախէն աջ՝ փրոֆ. Աբրահամ Թերեան, Օշական Արքեպիսկոպոս, փրոֆ. Սերճօ Լա Փորթա, փրոֆ. Ճէյմզ Ռասըլ, փրոֆ. Թամար Տասնապետեան, փրոֆ. Նինա Կարսոյեան, Գերպ. Տ. Անուշաւան Ծ. վրդ. Դանիէլեան, փրոֆ. Մայքլ Փափազեան եւ փրոֆ. Ռոպըրթ Թոմսըն։ Նկարէն կը բացակային՝ փրոֆ. Քրիստինա Մարանսի եւ փրոֆ. Թէօ վան Լինթ։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
7-11 Հոկտեմբեր —Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատական թեմերու եկեղեցականաց համաժողով՝ Մոնթեպելլոյի մէջ (Գալիֆորնիա)։

12 Հոկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 60ամեակի շարունակութիւն՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տեղեկութիւններու համար՝ 201-943-2950։

16 Հոկտեմբեր —«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն. զրոյց մը՝ մարտահրաւէրներու եւ նոր մօտեցումներու մասին»։ Բազմաձայն զրոյց, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, «Զօհրապ» Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան կողմէ։ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00ին։ Ներածութիւն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան։ Զրուցավար՝ դոկտ. Քրիսթոֆըր Շխլըեան։ Զրուցողներ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, պրն. Ճեսի Արլէն եւ տիկ. Կիլտա Քիւփէլեան։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնեցէք (212) 689-7231 թիւին կամ գրեցէք anec@armenianprelacy.org հասցէին։

19 Հոկտեմբեր —Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65ամեակ եւ ծննդեան 80րդ տարեդարձ։ Theatre in the Park, Flushing Meadows, Queens, New York, երեկոյեան ժամը 7:05ին։

19 Հոկտեմբեր —«Ամերիկայի հայ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ տարեկան «Հայ Քէֆ 5» պարահանդէսը, Double Tree by Hilton պանդոկ, Անտովըր (Մասաչուսեթս)։ Տեղեկութիւններու համար՝ Շաքէ Տէր Աբգարեան (978-808-0598), Ճոն Արզիկեան (603-560-3826)։

19 Հոկտեմբեր —Հայկական պազար, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), առաւօտեան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 413-543-4763։

26 Հոկտեմբեր —Հայ Մամուլի տարուան, «Հայրենիք»ի 120ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85ամեակի առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանը եւ «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն միօրեայ գիտաժողով մը՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ։

26 Հոկտեմբեր —Փրաւիտընսի «Մուրատ» շաբաթօրեայ վարժարանի 85ամեակի տօնակատարութիւն՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Marriott Downtown պանդոկին մէջ (Փրաւիտընս)։ Ժամը 6:30ին, մասնակցութեամբ՝ երգիչ Գէորգ Արթինեանի ու իր նուագախումբին (Ֆիլատելֆիա)։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել Թալին Պաղտասարեանին՝ (401) 230-0021 թիւին կամ գրել mourad85thgala@gmail.com հասցէին։ 

1-2 Նոյեմբեր —Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) տարեկան 63րդ պազար՝ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ, 47 Nichols Ave, Watertown, MA։ 

 1-3 Նոյեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Տարեկան կերակուրի փառատօն։ Շաբաթ օր՝ Օննիկ Տինքճեանի ելոյթ։ Տեղեկութիւններ համար՝ 201-943-2950։

 9-10 Նոյեմբեր —Armenian Fest 2019։ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարեկան ճաշերու փառատօն, Rhodes-on-the-Pawtuxet, 60 Rhodes Place, Cranston։ Շաբաթ՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Կիրակի՝ կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։ Տեղեկութիւններու համար՝ 401-831-6399։

10 Նոյեմբեր —Գոհաբանութեան Օրուան ճաշկերոյթ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին կողմէ (Նիւ Եորք), ի նպաստ՝ Արցախի Մեծ Թաղերի ՀՕՄի մանկապարտէզին։ Byblos ճաշարան, 80 Madison Avenue, New York City, կէսօրէ ետք ժամը 2:00էն մինչեւ 5:30։ Տեղեկութիւններու համար՝ Մինա (917-741-2966) եւ Անայիս (917-225-4326).

16 Նոյեմբեր —Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի 35ամեակի տօնակատարութիւն, թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, Westin Waltham պանդոկին մէջ։ Ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ընթրիք եւ յայտագիր՝ ժամը 7:30ին։ Տոմսերու առցանց ապահովում՝  https://mkt.com/ssaes ։

16 Նոյեմբեր —Նիւ Ինկլընտի սարկաւագներու շրջանային սեմինար (Holy Trinity Church, 635 Grove Street, Worcester, Massachusetts) առաւօտեան ժամը 9:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Արեւելեան թեմի շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար։
17 Նոյեմբեր —Ազգ. Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ՝ Terrace on the Parkի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին։ Պիտի մեծարուի Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան 26 տարուան աշխատանքը Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ 

31 Դեկտեմբեր —Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Նոր Տարուան ընթրիք-պարահանդէս։

 15 Մարտ, 2020 — Ազգ. Առաջնորդարանի 37րդ տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Carnegie Hallի Weill համերգասրահին մէջ (West 57th Street at Seventh Avenue, New York City)։ 

 13-16 Մայիս, 2020 —Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, հիւրընկալութեամբ՝ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Հոգեւորականաց համագումարը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, իսկ Երեսփոխանական Ժողովը՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին։ Ժողովը իր աւարտին կը հասնի Շաբաթ, 16 Մայիսին։ 
Follow us on Social Media
The Armenian Prelacy 
Tel: 212-689-7810 ♦ Fax: 212-689-7168 ♦ Email: email@armenianprelacy.org

Visit the Catholicosate webpage at  http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/